ԽԱՉՈՒՀԻՆԵՐԸ.- Հ.Օ.Մ.-Ի ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿԻՆ…

0 0
Read Time:2 Minute, 11 Second

Անապատի տարածքին,

ուր կը տիրէ միայն

լռութիւնն անծայրածիր,

խզուած լոկ ոռնացող քամիէն,

որ կը հալածէ աւազները

ժամանակին, ու կը կանգնէ օդատեսիլ

տաճարները յաւիտենականին`

որոնց բարձրադիր դռները`

այժմ լայնօրէ՛ն բաց,

կ՛ընդունին մնացորդացը

մարդկայնութեան…

Անապատի տարածքին,

ուր արեգակը կը սպառէ հոգին

ամէ՛ն ինչի, որ կը շնչէ կամօքն

կեանքի եւ Աստուծոյ,

կը քալեն կմախքներն անոնց,

որոնք երէկ տակաւին էին

մարդ, կին ու մանուկ, հայր,

մայր, քոյր ու որդի`

այժմ անծայրածիր սեղան

մարդկային յօշոտուած միսի —

դժոխային խնճոյք մը անգղերու,

շնագայլի ու մարդակերպ

գազաններու…

Անապատի տարածքին,

բնօրրանէն իր հեռու,

հինաւուրց հունտը Հայկի,

հրդեհեալ կը մխայ որպէս խունկ`

ի փառս Բելի ու Կայէնի

որ սպաննեց իր եղբայրն

ու հեռացաւ Եդեմէն` ցանելու համար

շեղբերը ապագայ սպանդին`

արեւելքի արիւնահոտ հողի սրտին —

ծննդավայրն արեգակին`

որ այժմ ահով կը սուրայ արեւմուտք —

անյոյս ճամբորդ դէպի անհաս յոյս

լոյս ու հաւատք…

Անապատի տարածքէն

դէպի հիւսիս եւ արեւմուտք,

անհետ չկան կռունկները երկնասլաց

լուռ հողերու վերեւ ջրդի,

որոնց մշակներն ինկան հնձուած

ատելութեան եւ յղբութեան

գերանդիի շեղբին`

յանուն բռնապաշտ երազներու

արիւնաբորբ ջրհեղեղին

որ հոսեր է ու կը հոսի

արեւելքէն արեւմուտք եւ ետ

դէպ՛ Էրկէնէքոնի

ցնորածին արեւելք,

արշաւելով կատաղութեան

ժանտ փրփուրը բերնին

դէպի վերջնական նուաճումը

մարդկայնութեան կիսականգուն

կամ աւերակ ամրոցներուն,

ի փա՛ռս անապատի մարգարէին

թրահատու մահիկին

որուն ցոլքն ահա՛ կը ծփայ

լեռնաշխարհէն դէպ` անապատ,

դէպի Տէր Զօր երկարող

արեան ծովու երեսին`

ուր թեւածող ո՛չ մի կռունկ

կը սաւառնի աւազներու տարածքին

իջնելու ստորեւ` ի պատասխան

աքսորեալի տխուր կանչին

խապրիկի մը ի խնդիր

բիւր կմախքներէն կենդանի…

* * *

Եւ ահա՛,

անապատէն հեռու,

դուստրերը խրոխտ Արամազդի,

Անահիտի՛ն առաքինի,

անվեհե՛ր Վահագնի

ու չքնաղ Աստղիկի,

խնկարկուներն անարատ

Աստուածամօր եւ Յիսուսի

կը լսեն կոչն աղեխարշ

խոշտանգուող արիական հարազատի

թափուած բոսոր արեան,

վառելանիւթ` բոցավառ դժոխքի նոր

զենարանին, Տէր Զօր կոչեցեալ

անապատին հնոցներուն…

Անսալով կոչին անապատին,

ահա՛ կանգնած են անոնք սրտով

սգաւոր, որպէս լուսափայլ լեգէոն գութի

եւ անսահման սիրոյ…

* * *

Եւ ահա՛

կանայք փափկասունք

հայոց աշխարհի կը հագնին

հանդերձանքն սպիտակ

անդարձ նուիրումի,

կարմիր ու կապոյտ խաչով զրահեալ —

երանգներվն արեան ու երկնքի,

ու կը շտապեն փրկելու

վերապրողները հայկեան հունտին,

անխա՛խտ հաւատքովն

իրենց երդումին

հանդէս կարդալով Կայէնի, Բելի,

Հազկերտի, Համիտի եւ

Օսմանի գայլածին սերունդին ձգնած

գազանատիպ արարածներուն

լիրբ կաղկանձներուն,

սպիտակազգեստ

դուստրերն ու քոյրերն արի

Սրբոցն Հռիփսիմէի ու Գայանէի

եւ Սերոբ Աղբիւրի անվախ կենակից

Սօսէ Մայրիկի, զինուած ուխտովն

օգնութեան խաչի, օրինակովը խաչեալ

Փրկիչի, եւ անհուն սիրով

մայր հայրենիքի,

ահա՛, ամոքիչ ձեռքովը գթութեան,

անոնք կը զգետնեն սեւ ուրուականը

գազանային վայրագութեան

հոգեկան անապատին…

* * *

Եւ այժմ,

հարիւրամեայ նուիրումի

պսակը ճակտին, փաղանգն այս անգին

խաչակիր կիներու —

դպրութեան ջահի, մեսրոպեան տառի,

Սայաթ Նովայի ու Կոմիտասի

տաղին ու պարին պահակն այս արի —

լոյս ու խաւար օրերու

երկար շարանն իր ետին,

կանգուն է այսօր որպէս շարքային,

որպէս ՀՕՄուհի, հայեացքն ապագային

պատրաստ սրբելու արիւնն ու արցունքը

արկածեալին եւ այրիին, ծնողազուրկ

անտուն որբին….մինչեւ խաւարին

աստղերն անհունին:

ԹԱԹՈՒԼ ՍՈՆԵՆՑ

2010

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles