Թրքական “Թուտէյզ Զաման” օրաթերթը կը տեղեկացնէ, թէ այս ամսուան աւարտին տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն հանդիպումը:
Ըստ թուրք բարձրաստիճան պաշտօնեայի մը, որ ուզած է իր ինքնութիւնը անյայտ պահել, Ատրպէյճան արդէն հաւանութիւն տուած է Մատրիտեան սկզբունքներուն, այժմ կարգը Հայաստանին է: Ատրպէյճան իր համաձայնութիւնը տուած է արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի Թուրքիա կատարած այցելութեան ընթացքին: “ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը պաշտօնապէս Երեւանին ներկայացուցած է ղարաբաղեան տագնապի լուծման նորացուած տարբերակը, սակայն տակաւին պատասխան չէ ստացած: Ըստ Մոսկուայի հանդիպման արդիւնքներուն, հաւանական են նախագահներու բանաւոր եւ գրաւոր յայտարարութիւններ: Որեւէ միացեալ հռչակագիր, որ պիտի հետեւի Ռուսիոյ մէջ կայացած հանդիպման եւ յստակ ցոյց պիտի տայ, որ հայկական եւ ատրպէյճանական կողմերը հաւանութիւն տուած են Մատրիտեան սկզբունքներու նոր տարբերակին, կարեւոր հանգրուան մը պիտի հանդիսանայ: Ատիկա Թուրքիոյ գործողութիւններուն ազատութիւն պիտի տայ Հարաւային Կովկասի մէջ իրավիճակի կարգաւորման համար”, ըսած է բարձրաստիճան դիւանագէտը:
Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ ղեկավարութեան հետ հանդիպման ընթացքին, վերջերս Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան կոչ ուղղած էր նախագահ Տմիթրի Մետվետեւին եւ վարչապետ Վլատիմիր Փութինին զարկ տալու ԵԱՀԿ-ի ջանքերուն` ղարաբաղեան տագնապի լուծման հարցին գծով:
Անգարա կը յուսայ, որ վերջերս Հարաւային Կովկասի մէջ դիւանագիտական յառաջխաղացքը թոյլ կու տայ անցնիլ այսպէս կոչուած “սահմանը” եւ առաջ շարժիլ դրացի Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին գծով: