Լրահոս

ՄԵԾՆ ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆ ՍԿՈՎՏԻԱՑԻ ԵՒ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԻՐԼԱՆՏԱՑԻ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐ ԿԸ ՃԱՆՉՆԱՆ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Կալէսցի երեսփոխաններէն ետք, Մեծն Բրիտանիոյ խորհրդարանէն ներս, Սկովտիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի երեսփոխաններուն մեծամասնութիւնը պատշաճօրէն կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Հիւսիսային Իրլանտայի 18 խորհրդարանականներէն 11-ը ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը: Նշենք թէ, մնացեալ եօթէն վեցը, անդամ ըլլալով Կաթողիկէ «Շին Ֆէյն»,  պոյքոթի կ՛ենթարկեն խորհրդարանը: Իսկ 59-էն 37-ը սկովտիացի երեսփոխաններ, ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Փոխարէն 13-ը` դէմ արտայայտուած են , իսկ մնացեալ իննին արտօնուած չէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող յայտարարութեան տակ ստորագրել, որովհետեւ անոնք Աշխատաւորական կուսակցութեան անդամ են:

Այսպէս, հետզհետէ  բարոյապէս  աւելի ճնշումի տակ կը գտնուի Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Կորտըն Պրաուն: Նշենք թէ 2006/07 տարեշրջաններուն Կալէսի շրջանէն կարգ մը խորհրդարանականներ եւս ճանչցած էին Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button