Թուրք մտաւորական եւ Ուստըրի համալսարանի Հայոց Ցեղասպանութեան ամպիոնի դասախօս Թաներ Աքչամ, Յունուար ամսուան առաջին օրերուն ժամանեց Լիբանան, ուր պատմական այցելութիւն մը տուաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհարան:
Յունուար 4-ին, մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանի «Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Դոկտ. Աքչամի առաջին հանդիպումը, ուր ներկայ էին միաբան հայրեր, հայ յարանուանութեանց ներկայացուցիչներ, պետական նախարարներ ու երեսփոխաններ, լիբանանցի թէ լիբանանահայ մտաւորականներ, մարդկային իրաւանց յատուկ կեդրոններու պատասխանատուներ եւ ազգային կազմակերպութիւններու ու միութիւններու ներկայացուցիչներ:
Բացման խօսքը կատարեց Խաչիկ Տէտէեան` շեշտելով եզակի այն առիթը, որ թուրք մտաւորականը դէմ յանդիման կը դնէ լիբանանահայութեան հետ: Կենսագրական ամփոփ տուեալներ ներկայացնելէ ետք ան յայտնեց, թէ դոկտ. Աքչամ այն թուրք մտաւորականն է, որ հակառակ թրքական պետութեան յամառ ուրացումներուն, հրատարակութիւններու եւ դասախօսութիւններու ճամբով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը անհրաժեշտ կը նկատէ:
Թաներ Աքչամի դասախօսութեան նիւթն էր «Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը Թուրքիոյ համար իբրեւ ազգային անվտանգութեան խնդիր»:
Աքչամ իր դասախօսութիւնը չորս հիմնական մասերու բաժնած էր:
Առաջին կէտով դոկտ. Աքչամ բացատրեց, թէ Թուրքիոյ համար Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ազգային անվտանգութեան հարց է: Ան ըսաւ, որ այս կացութիւնը փակ օղակի վերածած է հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան ճանաչման կենսական հարցը, եւ Թուրքիոյ պետութիւնը այդ օղակէն կը դիտէ ճանաչման ու հատուցման հարցը:
Երկրորդ` յիշելով պատմական անցեալը, Աքչամ վկայակոչեց արդի Թուրքիոյ հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալի խօսքը հայ ժողովուրդին դէմ գործուած անարդարութեան մասին, երբ ան վերյիշելով կատարուածը, զանիկա կոչած էր «այս ամօթալի արարքը»: Արտայայտութիւն մը, որ Աքչամ իր առաջին հատորին խորագիր իբրեւ ընտրած էր` ներկայացնելու համար իր տեսակէտը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով: Դոկտ. Թաներ Աքչամ ըսաւ, թէ Քեմալ իր այդ «խոստովանութեամբ» արդէն իսկ խորք մը, ենթահող մը տուած էր թրքական պետութեան` Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով յանդուգն քայլ մը առնելու: Ան ըսաւ, թէ դժբախտաբար իր երկրին պետութիւնը տակաւին չի կրնար օգտագործել այդ առիթը, եւ ընդհակառակն` օրէ օր աւելի ետքայլ կը կատարէ:
Երրորդ` դոկտ. Աքչամ խօսելով Թուրքիոյ ներկայ քաղաքական կացութեան մասին, յայտնեց որ այնտեղ երկու տիրապետող ուժեր գոյութիւն ունին` բանակը եւ տիրող իշխանութիւնը: Իր տեսակէտը այն էր, որ պէտք է զօրավիգ կանգնիլ ժողովրդավարական կարգերուն, որպէսզի կարելիութիւն ստեղծուի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով քայլ մը առնելու:
Վերջապէս, դոկտ. Աքչամ անդրադարձաւ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան խնդրայարոյց հարցին: Ան այս մասին իր թէզը հիմնաւորելով ըսաւ, թէ նման անդամակցութիւն մը աւելի նպաստաւոր կրնայ ըլլալ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին, երբ միեւնոյն միութեան տարբեր երկիրները կրնան ճնշում բանեցնել Թուրքիոյ վրայ` ճանչնալու պատմութեան ընթացքին իր կատարած ամօթալի արարքը:
Եզրակացնելով իր դասախօսութիւնը` Թաներ Աքչամ անգամ մը եւս վերահաստատեց իր տեսակէտը` ըսելով, որ Թուրքիոյ պետութիւնը անյապաղ պէտք է ճանչնայ իր կատարած Ցեղասպանութիւնը եւ ուրացման իւրաքանչիւր քայլ ի վնաս Թուրքիոյ պետութեան նկատեց ան: Քանի մը հարցումներու պատասխանելէ ետք, դասախօսը շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառին, իրեն ընծայուած այս առիթին համար:
Վեհափառը իր եզրափակիչ խօսքը սկսաւ հետեւեալ արտայայտութեամբ. «Կրնայի՞ք երեւակայել, որ մէկուկէս միլիոն նահատակներու կտակը իր վիզին պարտք ունեցող Հայոց կաթողիկոսը, եզրափակիչ խօսքը կատարէր թուրք մտաւորականի մը տուած դասախօսութեան, ա՛յն սրբավայր մայրավանքին մէջ` ուր տակաւին անթաղ կը մնան իր ցեղի անմեղ զոհերուն աճիւնները, ամփոփուած աշխարհի առաջին յուշարձան-մատրան մէջ…»: Վեհափառը տարօրինակ այս երեւոյթին մէջ տեսաւ անձի մը կեցուածքը, որ կրցած էր իր պետութեան տեսակէտէն տարբեր, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով ճշմարտութեան կողմնակից ըլլալ, իր կատարած հրատարակութիւններուն ճամբով եւ այլապէս:
Վեհափառը հետեւեալ չորս կէտերը արծարծեց իր եզրափակիչ խօսքին ընթացքին.-
Ա.- Ան մարդկային իրաւանց եւ ազգային անվտանգութեան ըմբռնումներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող բախումը մատնանշեց` աւելցնելով, որ նման մօտեցում մը վտանգաւոր հետեւանքներ կրնայ ունենալ: Ուստի ըսաւ, որ համաշխարհայնացած ներկայ աշխարհին մէջ, պէտք է նոր մօտեցումներ որդեգրէ Թուրքիան` դուրս գալու համար զինք կաշկանդող փակ օղակէն:
Բ.- Վեհափառը կարեւորութեամբ շեշտեց Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւն ըլլալը, որմէ խուսափում չունին թէ՛ Թուրքիան, եւ թէ՛ միջազգային ընտանիքը: Լաւագոյնը` պատմական սխալը ճանչնալով, անոր սրբագրութեան հետամուտ ըլլալն է, ըսաւ Արամ Ա. կաթողիկոս:
Գ.- Խօսելով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով հայ ժողովուրդի զգացումներուն մասին` Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ, որ անիկա տարուան մէջ մէկ օրուան հարց չէ, այլ ամէնօրեայ տագնապ է հայ ժողովուրդին համար: Ազգի մը հաւաքական յիշողութիւնը կարելի չէ՛ մէկ օրէն միւսը մոռացութեան մատնել, ո՛չ ալ բացուած խոր վէրքը կարճ ժամանակուան մէջ ամբողջութեամբ բուժել, ըսաւ վեհափառը:
Դ.- Արամ Ա. հայ-թրքական յարաբերութեանց բնականոնացման ակնարկեց` շեշտակիօրէն ընդգծելով «բնականոնացում» եւ «հաշտութիւն» եզրերուն տարբերութիւնները: Մինչ առաջինը պետութեանց միջեւ քաղաքական պայմանագիրներու խնդիր է, ըսաւ ան, երկրորդը` ժողովուրդի դառն յիշողութեան սրբագրութիւնն է, սակայն` սխալին ընդունման հետեւող գործընթաց իբրեւ: «Քրիստոնէական կրօնին ուսուցած առաքինութիւններէն մէկն է ներում շնորհելը: Սակայն, ներումը կը հետեւի սխալը գործողին, իր կատարած սխալին ընդունման, խոստովանութեան, զղջումին ու դարձին», յայտնեց վեհափառը:
ԴԱՍԱԽՕՍԱԿԱՆ
ԵՐԵԿՈՅ`
ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ
ՀԱՅ ԴԱՏԻ
ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԻՆ
Կազմակերպութեամբ Միջին Արեւելքի Հայ Դատի գրասենեակին, Յունուար 8-ին, տեղւոյն «Ազդակ» օրաթերթի «Փիւնիկ» սրահին մէջ, Աքդամներ, համալսարաններու դասախօսներ, ակադեմականներ, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, կրթական պատասխանատուներ, երիտասարդներ ու ուսանողներ եւ հոծ բազմութիւն մը:
Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Միջին Արեւելքի Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան, որ նշեց, թէ վերջին տարիներուն հայ-թրքական երկխօսութիւնը դարձած է ժողովրդային, ակադեմական եւ դիւանագիտական մակարդակներու վրայ ոչ միայն հայերու ու թուրքերու, այլ նաեւ շրջանային եւ միջազգային ուժերու կեդրոնացման:
Աքչամ հաստատեց, թէ Թուրքիոյ ժողովրդագրական քաղաքականութիւնը միայն ուղղուած չէր հայ ժողովուրդին դէմ, քանի որ թրքական ծրագիրին դէմ յանդիման կը կանգնէին հայերուն կողքին նաեւ այլ քրիստոնեաներ եւ թրքական ծագում չունեցող իսլամներ, ինչպէս` քիւրտերը:Դասախօսը նշեց, թէ ժողովրդագրական քաղաքականութեան հիմնական առանցքն էր Օսմանեան կայսրութեան մէջ ստեղծել նոյնատեսակ ընկերութիւն մը, ուր թուրքերէն զատ գոյութիւն պիտի չունենային այլ ազգեր: Թաներ Աքչամ աւելցուց, որ այդ ծրագիրին իրականացման համար իշխանութիւնները բազմատեսակ քաղաքականութիւններու դիմեցին, որոնցմէ կարելի է նշել օրինական կերպով բնակիչներու փոխադարձ տեղափոխութիւնները, ինչպէս նաեւ անօրինական ու բռնի տեղահանութիւնները: Ան աւելցուց թէ Օսմանեան կայսրութեան կեդրոնական իշխանութիւնը շարունակ կը փորձէր հեռու մնալ այս գործողութիւններուն մէջ կեդրոնական ներկայութիւն ըլլալէ, որպէսզի կարելի ըլլար դիւրութեամբ ճշմարտութիւնը ծածկել կամ վերագրել ուրիշներուն, հակառակ անոր որ Օսմանեան կայսրութեան արխիւները յստակօրէն հակառակը կ՛ապացուցեն:
Տեղահանութիւններուն բնոյթը ներկայացնելով` Թաներ Աքչամ նշեց, որ այդ բոլորը կը միտէին պատերազմի գօտիէն հեռացնել հայերը, որպէսզի անոնք Ռուսիոյ չօգնեն: Իսկ կարգ մը արաբ ընտանիքներու տեղահանութիւններուն վերաբերեալ ան ըսաւ, թէ այդ քայլը կը նպատակադրէր կասեցնել քաղաքականապէս վտանգաւոր տարրերուն ներկայութիւնը:
Աքչամ հաստատեց, թէ Օսմանեան կայսրութեան ժողովրդագրական քաղաքականութիւնը պատերազմի պայմաններուն հակազդեցութիւն չէր, այլ յստակօրէն ծրագրուած աշխատանք մըն էր, որուն ետին կանգնած էր յստակ քարտէս մը, եւ անիկա ունէր համաիսլամական մեկնակէտ: Ան աւելցուց, որ Թալէաթ փաշա իւրաքանչիւր նահանգի մասին հերթական տեղեկութիւններ կը հաւաքէր` գիտնալու համար, թէ տեղահանութիւններու աշխատանքը ի՛նչ հանգրուանի մէջ կը գտնուի եւ գործին մէջ ի՛նչ դժուարութիւններ գոյութիւն ունին:
Թուրք այլախոհ պատմաբանը նշեց, որ մէկ շաբթուան ընթացքին տեղի կ՛ունենային տեղահանութիւնները եւ իսլամներու վերաբնակեցումները, ինչ որ բաւարար ապացոյց է հաստատելու համար, թէ ժողովրդագրական քաղաքականութիւնը ամբողջականօրէն ծրագրուած էր եւ կազմակերպուած:
Օսմանեան կայսրութեան հեռագիրներէն մէջբերումներ կատարելով ան յայտնեց, որ Օսմանեան կայսրութենէն պահուած արխիւները բաւարար փաստարկներ կը բովանդակեն:
Դասախօսը յիշեցուց, թէ Մ.Ա.Կ.-ի ցեղասպանութեան ուխտին մէջ նշուած է, թէ ընտանիքներու բռնի ձուլումը համազօր է ցեղասպանութեան, եւ Օսմանեան կայսրութիւնը մանուկներուն ու կիներուն դէմ այս գծով գործած է յստակ ոճիրներ, որոնց մասին կը վկայեն նոյնինքն կայսրութեան հեռագիրները:
Հայկական հողերուն եւ ինչքերուն վերաբերեալ Աքչամ յայտնեց, որ Օսմանեան կայսրութիւնը այդ կալուածներն ու գոյքերը կը ծախէր իսլամներուն (յառաջացնելու համար մեծահարուստներու դասակարգ մը), նիւթական միջոցները կ՛օգտագործէր պատերազմի համար, տեղահանութիւններուն ծախսերը հոգալու համար, իսկ հանրային կառոյցները կ՛իւրացնէր, ինչ որ կը նշանակէ, թէ հայութեան վերադարձնելիք բան արդէն չէր մնացած:
Վերոնշեալ բոլոր հաստատումներէն ետք Թաներ Աքչամ նշեց, որ տեղահանութիւններուն մասին յստակ տուեալներ ու թիւեր չկան արխիւներուն մէջ:
Իր խօսքի աւարտին Աքչամ յայտնեց, որ հայերուն ու թուրքերուն միջեւ պէտք է կայանայ երկխօսութիւն: Ան ըսաւ, թէ հարցը նիւթական հատուցումով ալ չի վերջանար, քանի որ եթէ հատուցումը տրուի եւ Թուրքիոյ իշխանութիւնները Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւններուն իրաւունքները ոտնակոխեն, ապա բան մը փոխուած չ՛ըլլար: Թաներ Աքչամ շեշտեց արդարութեան եւ հաւասարութեան կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ Հրանդ Տինքի սպանութեան ծրագրուած գործողութիւնը ձախողեցաւ, քանի որ Տինքի մահը փոփոխութեան մը սկիզբը դարձաւ, որուն մեկնակէտն է փոքրամասնութիւններու իրաւունքներուն հաստատումն ու արդարութիւնը:
Տինքի հարցով, նշենք թէ Աքչամ ներկայացուցած էր «Հայ-թրքական հարցը` Տինքի սպանութենէն առաջ եւ վերջ» նիւթը, այս եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողական միութեան կազմակերպած դասախօսութեան: Աքչամ ըսաւ, թէ 2000 թուականին Թուրքիոյ իշխանութիւնները սկսան Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը ժխտող ուրացման քաղաքականութեան: Ան յայտնեց, որ Մայիս 2002-ին, Թուրքիոյ կրթական ծրագիրին մաս կազմեց ուրացումը, երբ դասագիրքերուն մէջ գրուեցաւ, թէ հայերը ջարդած են թուրքերը: Այս գծով Աքչամ աւելցուց, որ կազմակերպուեցան ուսուցիչներու յատուկ սեմինարներ եւ մրցանքներ` լիուլի իրագործելու համար ուրացման աշխատանքները:
Անդրադառնալով Հրանդ Տինքի սպանութեան` Աքչամ ըսաւ, թէ Տինքը անցեալին մաս չի կազմեր, այլ ան Թուրքիոյ ժողովրդավար ընկերութեան ստեղծման հիմնական մէկ մասնիկն է` ներկան է, քանի որ ինք Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններուն իրաւունքները հետապնդող տիպար մըն էր:
Ան ըսաւ, թէ Թուրքիոյ ժողովրդավարական շարժումը, Հայաստանի իշխանութիւնները, Եւրոպական Միութիւնը եւ հայկական Սփիւռքը պէտք է գործակցին, իսկ հայ-թրքական յարաբերութիւններու ներկայ փուլը կարեւոր է, որ նոյնիսկ իր նպաստը պէտք է բերէ ճանաչման աշխատանքներուն:
Աքչամ ըսաւ, թէ երկու ժողովուրդները պէտք է դադրին փոխադարձ ատելութենէ, եւ այս գծով սահմաններու բացումը պիտի ունենայ իր մեծ ներդրումը: