«ՏԱԹԵՒԻ ԾՐԱԳԻՐԸ ԼԻՈՎԻՆ Կ՛ԱՐԴԱՐԱՑՆԷ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱԿՆԿԱԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ…» ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԵՊՍԿ.ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ

0 0
Read Time:8 Minute, 3 Second

Ձախէն աջ` Արժ. Տէր Սարգիս Քհնյ. Ագթաւուգեան, Արժ. Տէր Անդրանիկ Աւագ Քհնյ. Պալճեան, Բարեջան Առաջնորդ Օշական Արք. Չօլոյեան, Գեր. Անուշաւան Եպիսկոպոս Դանիէլեան, Արժ. Տէր Խորէն Աւագ Քհնյ. Հապէշեան

Ստորեւ, լոյս կ՛ընծայենք հետաքրքրական հարցազրոյց մը, կատարուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Առաջնորդական Փոխանորդ եւ քրիստոնէական դաստիարակութեան, ամառնային «Տաթեւ» ծրագրի պատասխանատու Անուշաւան Եպսկ. Դանիէլեանի հետ: Հարցազրոյցը կատարած է Մարի Մերտիխանեան (Նիւ Եորք).-

Հարցում.- Ձեր կայքէջի համաձայն, ամառնային  «Տաթեւ» կայքէջը այս քառամեայ ծրագիր մըն է, որու ընթացքին մասնակցող պատանիները Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ կը ծանօթանան, ինչպէս նաեւ կը զարգացնեն հայերէնի ծանօթութիւնը: Կարելի՞ է աւելի մանրամասնել եւ ներկայացնել ծրագրի բովանդակութիւնը եւ նպատակը:

Պատասխան.- Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի` Տաթեւ անունով ծանօթ Լսարանը, Ազգ. Առաջնորդարանի Կրօնական Դաստիարակութեան Խորհուրդի (AREC) ծրագիրներէն  մին է, որ ծնունդ առաւ 1987 թուականին, հոգելոյս Տ. Մեսրոպ Սուրբ Արքեպիսկոպոս Աշճեանի տնօրինութեամբ, եւ կը շարունակէ վայելել Բարձրաշնորհ Տ. Օշական Արքեպիսկոպոս Չօլոյեանի հոգածու խնամատարութիւնը: Լսարանը իր կազմաւորման տարիներուն անցաւ երկու  հանգրուաններէ: Սկզբնական ծրագիրը յատուկ էր դպիրներու եւ սարկաւագներու միայն: Առաջին հաւաքը տեղի ունեցաւ Նիւ Ճըրզիի մէջ, մասնակցութեամբ Սուրբ Խորանին ծառայող 16 երիտասարդներու: 1990-ին,  ընդառաջելով գաղութներէ եկած փափաքին, նպատակայարմար տեսնուեցաւ նաեւ ներառնել պատանիներ ու պարմանուհիներ, որով ուսումնական ծրագիրը եւս ըստ այնմ ամբողջութեամբ վերատեսութեան ենթարկուեցաւ:

Դասընթացքը կը միտի.-

ա) Ըստ կարելւոյն ջամբել հայեցի ու կրօնաբարոյական ուսում` ծանօթացնելով Հայ եկեղեցւոյ հաւատքն ու մշակոյթը:

բ) Փոխադարձ սիրոյ ու յարգանքի մթնոլորտի ընդմէջէն կերտել հայավայել ու քրիստոնէավայել նկարագիր` կարենալ դիմագրաւելու մերօրեայ բազմազան տագնապներ:

գ) Աղօթքի ու խոկումի ապրուած կեանքով ստեղծել կենդանի կապ Աստուծոյ եւ մեր Հայրերուն հետ:

դ) Ժամանց ու զբօսով կազդուրել առողջ մարմին:

Տաթեւացիին օրը կը սկսի առաւօտեան ժամը 6.30-ին` զարթնումով: 7.20 անց իր  Հայրերուն հետ կը փառաբանէ «Արարիչ լուսոյ` առաջին Լոյս»ը: Նախաճաշէն վերջ, սեղանին ետեւ, անիկա պատրաստ է նախ ըմբոշխնելու Հայ լեզու` աշխարհաբար ու գրաբար, նաեւ գրականութիւն, ապա յաջորդական չորս դասաժամերով, բազմազան նիւթեր`  Սուրբ Գրային, աստուածաբանական, եկեղեցաբանական, բարոյագիտական, Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան, ինչպէս նաեւ արդի ընկերութիւնը յուզող հարցերու ասուլիսի յատուկ պահեր:

Կէսօրուան ճաշէն մինչեւ ընթրիք` Տաթեւացիք կը պարապին լողաւազանի, մարզական  խաղերու եւ հաւաքական այլ ժամանցներով, ապա կը մասնակցին արդի  երիտասարդութիւնն ու մեր ազգային կեանքը  քննարկող հաւաքական    դասախօսութեանց, կ՛ունենան Սուրբ Գրային սերտողութիւն, եւ Հանգստեան  Ժամերգութեամբ` «ի խորոց սրտի խօսք ընդ Աստուծոյ» մեր Հայրերուն աղօթքով  կ՛առանձնանան իրենց սենեակները:

Լսարանի ծրագիրը կ՛ամբողջանայ չորս տարիներու դասաւանդութեամբ: Այնուհետեւ,  շրջանաւարտներէն փափաքողները կը մասնակցին յետ-շրջանաւարտից  դասընթացքի, որ ամէն տարի նոր նիւթերով կը ճոխանայ: Հնգօրեայ  դասաւանդութիւնները իրենց լրումին կը հասնին տաղանդներու հանդէսով: Շաբաթ օր տեղի կ՛ունենայ ծրագրի վերարժեւորում, Կիրակի օր` ուսանողները կը մասնակցին Սուրբ Պատարագի, վերջին 19 տարիներուն, ի մասնաւորի Ֆիլատելֆիոյ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ապա վկայականաց բաշխման հանդիսութեամբ կը փակուի ծրագրին աշխատանքները:

Լսարանը իր հաստատման օրէն ի վեր միշտ տեղի ունեցած է Յուլիսի առաջին շաբաթը, երկու նկատառումով.-  Նախ` նկատի ունենալով ուսանողներու ամառնային աշխատանքի կարելիութիւնները, որով իրենց դպրոցական տարեշրջանին յաջորդող Տաթեւ Լսարանէն անմիջապէս ետք  կրնան գործի դիմել: Երկրորդ` քոյր կազմակերպութիւններու ծրագիրներուն չխաչաձեւելու նախազգուշութիւնը: Ճիշդ է որ վերջին տարիներուն Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Ողիմպիական խաղերու երկարաձգումով գործնական որոշ դժուարութիւններ յարուցուած են, սակայն Լսարանը ամենայն ճկունութեամբ հարթած է այդ մտահոգութիւնը` դիւրութիւն ընծայելով որ այն երիտասարդները որոնք կը փափաքին երկու ծրագիրներուն ալ մասնակցիլ, կրնան մասնակի ներկայ ըլլալ դասաւանդութեանց եւ ապա մեկնիլ, որպէսզի չզրկուին համազգային առումով մարմնակրթական այս հոյակապ մրցաշարքերէն:

Ինչ կը վերաբերի ուսուցչական կազմին, կը բաղկանայ երեք տարրերէ. ա) Եկեղեցական հայրերէ, բ) Հայ եւ օտար հիւր դասախօսներէ, գ) Շրջանաւարտներէ: Խրախուսիչ երեւոյթ է որ առաջին իսկ օրէն դասախօս եկեղեցական հայրերու պատկան հոգաբարձական կազմերը, ընդառաջելով Առաջնորդ Սրբազան Հօր փափաքին, միշտ քաջալերած են իրենց հովիւներու մասնակցութիւնը յոյժ կարեւոր այս ծրագրին:

Լսարանը գոյատեւած է շնորհիւ Ազգային Առաջնորդարանի բոլորանուէր յանձնառութեան, ծնողաց եւ գիտակից բարերարներու անսակարկ օժանդակութեան, եւ հոգաբարձական այն մարմիններուն, որոնք իրենց եկեղեցիներէն մասնակցած ուսանողներու կրթաթոշակը մասամբ իրենք հայթայթած են: Այս առթիւ կարելի չէ զանց առնել երախտարժան երկու երեւոյթ` Լսարանը բախտաւոր եղած է վերջին 19 տարիներուն վայելելու Յուլիս 4-ի դաշտագնացութիւններ, կազմակերպուած Ֆիլատելֆիոյ Armenian Delight-ի սեփականատէր` Տիկին Աստղիկ Գազանճեանի կողմէ: Նաեւ, վերջին տարիներուն, յետ Սուրբ Պատարագի, Ֆիլատելֆիոյ ՀՕՄ-ի Արտեմիս մասնաճիւղը սիրայօժար կը կազամկերպէ ճաշկերոյթներ` ի նպաստ Տաթեւ ֆոնտին:

Նկատի ունենալով որ աշխարհագրական պայմաններու բերմամբ Միջին Ամերիկայի մեր գաղութները կը զրկուին իրենց մասնակցութիւնը բերելէ Տաթեւ Լսարանին, վերջին տարիներուն կազմակերպուած է նաեւ շաբաթավերջի շրջանային Տաթեւ լսարաններ: Ուսանողներու եւ ծնողաց միակ «դժգոհանքը» Տաթեւի հասցէին եղած է` տեւողութեան կարճութիւնը: Անխտիր բոլոր տարիներուն բուռն փափաք յայտնուած է Լսարանը վերածելու եթէ ոչ միամսեայ, գէթ երկու շաբթուան ծրագրի: Գործնական մտահոգութիւններէ մղուած, թէպէտ ոչ լիովին, սակայն նկատի ունենալով վերոյիշեալ առաջարկը, Լսարանը տարբեր տարիներու, ինչպէս այս տարի, տասը օրուան երկարաձգուած է:

Վերջին կէտ մը եւս, որ լաւագոյնս կը բնութագրէ Տաթեւի առաքելութիւնը, այն է որ մասնակցողներուն շուրջ 65% գործօն անդամներ են մեր եկեղեցիներէն ներս` տարբեր մակարդակներու վրայ ստանձնելով պատասխանատու պաշտօններ: Հոգեկան մեծ բաւարարութիւն կու տայ այն իրողութիւնը, որ այս հոգեւոր պուրակէն անցած երեք Տաթեւացիներ արդէն հոգեւոր հովիւի հանգամանքով կը ծառայեն մեր Թեմէն ներս:

Հ.- Նախորդ տարիներուն բաղդատաբար, ինչպէ՞ս կը գնահատէք մասնակցողներուն թիւը: «Տաթեւ»ը հայ պատանիին եւ հայ ծնողքին համար ինչպիսի՞ միջավայր է:

Պ.- Այս տարուան մասնակցողներուն թիւը կը գերազանցէր յիսունը: Իսկ անցեալ տարուայ մասնակցողներուն թիւն էր 74, ինչ որ աւելի քան վերջին տասը տարիներու մեր ակնկալած թիւն է: Միջավայրի առնչութեամբ, մէջբերելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Երջանկայիշատակ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի այն խօսքը, թէ` «Ինչպէս որ Իշխանայ ձուկին ամէնէն հարազատ վայրը Սեւանայ լիճն է, այնպէս ալ Հայ աշակերտին հարազատագոյն վայրը հայ դպրոցն է», ես կը հաւատամ որ իւրաքանչիւր հայկական կազմակերպութիւն իր ինքնուրոյն նկարագրով ու առաքելութեամբ հայակերտման իր կնիքը կը դրոշմէ Հայ պատանիին ու երիտասարդին ֆիզիքական, մտաւոր եւ հոգեւոր զարգացման հանգրուաններուն: Այս հասկացողութեամբ, անվարան կրնամ ըսել որ «Տաթեւ» Լսարանը ունեցած է եւ կը շարունակէ ունենալ իր իւրայատուկ դերը մասնակցողներու հոգեկերտման մէջ: Այն իրողութիւնը որ մասնակցողներու թիւին  1/3-ը կը բաղկանայ  յետ շրջանաւարտից դասարանի ուսանողներէ, ինքնին խօսուն ապացոյցն է աշակերտներու ու ծնողաց Լսարանին վայելած վստահութեան:

Հ.- Համայնքի պատանիներուն եւ երիտասարդներուն հետ ձեր ունեցած յարաբերութեան լոյսին տակ, ինչպէ՞ս կը գնահատէք այդ քրիստոնէական դաստիարակութեան մակարդակը այսօր:

Պ.- Չորս տարիներու վրայ տարածուած եւ այնուհետեւ ամէն տարի նորոգեալ նիւթերով դասաւանդութեանց պատկերը եթէ աչքի առաջ ունենանք,կը տեսնենք որ ուսանողը առաջին տարիներուն կը ծանօթանայ, ապա ըստ կարելւոյն կը խորանայ Սուրբ Գրքի, Հայ եկեղեցւոյ աստուածաբանութեան, պատմութեան, սուրբերուն, աւանդութեանց, ծէսին` ընդգրկելով Սուրբ Պատարագ, ժամերգութիւններ, Խորհուրդներ եւ յատուկ արարողութիւններ:  Անիկա նաեւ ճաշակը կ՛առնէ Հայ գրականութեան ու մատենագրութեան, եւ ամէնէն ուշագրաւը` առիթը կ՛ունենայ «թապու» նկատուած բարոյական ու ընկերային հրատապ հարցեր սրտաբաց կերպով արծարծելու եւ լսելու Հայ եկեղեցւոյ վճիտ ձայնը: Լսարանին ժամանակի ու կարելիութեանց սահմանները նկատի ունենալով, վստահաբար որ «Տաթեւ»ի ծրագիրը լիովին կ՛արդարացնէ  քրիստոնէական դաստիարակութեան  ակնկալութիւնները, ինչպէս նաեւ, ե՛ւ մասնակցող ե՛ւ անով հետաքրքրուող իւրաքանչիւր հայորդի գնահատելի կը գտնէ տարուած աշխատանքը:

Հ.- Ակնյայտ է, որ զանազան կրօնքներ զարթօնք կ՛ապրին: Ի՞նչ կը կարծէք. նոյնը կարելի՞ է ըսել Քրիստոնէական կրօնքի եւ մեր` Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ պարագային:

Պ.- Անվարան որ Քրիստոնէութիւնը, նման այլ կրօններու, կ՛ապրի զարթօնքի շրջան մը, ապացոյց` Կաթոլիկ եւ Ռուս Ուղղափառ եկեղեցիներու հոգեւոր յառաջխաղացքը: Վերջերս, երիտասարդներու տարուան առթիւ Հռոմի Պապին մատուցած Սուրբ Պատարագին հարիւր հազար երիտասարդներու մասնակցութիւնը, ինքնին գեղեցկագոյն եւ գօտեպնդիչ վկայութիւն մըն է այն ճշմարտութեան, որ Եկեղեցին բացարձակապէս հոգեվարքի մէջ չէ: Ինչ կը վերաբերի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ, ինչպէս որ Հայ կեանքի այլ բնագաւառներէ ներս կարիքները նման են ովկիանոսի, իսկ միջոցները սահմանափակ, նոյնպէս,  խօսելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանիին ներքեւ առկայ կացութեան մասին, կարգ մը բնագաւառներու մէջ բաղդատելով Քրիստոնեայ քոյր եկեղեցիներու, եթէ մեր վիճակը այնքան ալ նախանձելի չէ, այնուամենայնիւ կարելի է մատնանշել դրական երեւոյթներ, որոնք կը հաստատեն առողջ եկեղեցւոյ մը զարգացումը: Այսպէս, օրինակի համար, Կաթողիկոսարանի մակարդակի յայտագիրներէն երբ նկատի ունենանք ՔրիստոնէականԴաստիարակութեան բաժանմունքի եւ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Համալսարանական Միութեան (ՀԵՀՄ) գործունէութիւնները, երիտասարդական համագումարները, կրօնական երկերու յաճախակի հրատարակութիւնները, Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առթիւ Պատարագի ամբողջ երգեցողութեան ժողովուրդի կատարումը, Օգոստոս 2008-ին Լիբանանի մէջ Միջ-թեմական Հայ երիտասարդաց համագումարը: Իսկ թեմական մակարդակի վրայ եթէ նկատի ունենանք մեր Թեմի քրիստոնէական դաստիարակութեան ծրագիրները, Կիրակնօրեայ վարժարաններու ցանցը, «Տաթեւ» Լսարանի թուական եւ որակական աճը իր հաստատումէն ի վեր, կրօնական հրատարակութիւնները, հոգեւոր հովիւներու Սուրբ Գրքի սերտողութիւնները, երիտասարդական համագումարները, աշխուժացած համայնքներու կրօնաբարոյական յայտագիրները, …այս բոլորին գումարը` Պատմահայր Մովսէս Խորենացիի բնութագրումով կարելի է ներկայացնել, ըսելով. «Թէպէտ փոքր ածու ենք, բայց եւ այնպէս յիշատակութեան արժանի գործեր տեղի կ՛ունենան»:

Հ.- Ինչո՞ւ, ձեր կարծիքով, մեր երիտասարդութիւնը, բազմաթիւ այլ ազգերուն երիտասարդներու օրինակով, մօտ չէ Հայ Եկեղեցւոյ եւ այս վիճակը բարելաւելու համար ի՞նչ կ՛առաջարկէք: Օրինակ, այն կարծիքը կայ, որ Հայց. Եկեղեցին ուղղակիօրէն չի հասցէագրեր այսօրուան այն խնդիրները, որոնք պատանիները կը հետաքրքրեն: Դուք ի՞նչ կ՛ըսէք:

Պ.- Վէրքը նշելը հեշտ է, իսկ անոր արմատները եւ դարմանը գտնել կը կարօտի լուրջ եւ հետեւողական, հաւաքական քննարկումի, ծրագրումի եւ յանձնառութեան: Այս ըսելով հանդերձ, ներկայ հարցազրոյցի  խիտ տողերուն մէջ իրապաշտ պատկեր ունենալու համար, թոյլ տուէք կարգ մը իրագործումներ մատնանշեմ: Ինչպէս վերեւ նշեցի, Տաթեւ Լսարանի պարագային ոչ մէկ վերապահութիւն կայ հասցէագրելու պատանի-երիտասարդը յուզող մերօրեայ հարցերը: Վերջին տարիներուն, ուրախ եմ յայտնելու որ «Քէմփ Հայաստան»-ի պատասխանատուները համախորհուրդ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, ամառուան 6-8 շաբաթներու վրայ տարածուած հաւաքներուն կը հրաւիրեն հոգեւոր հայրեր, որպէսզի պատանիներուն հետ ունենան մտերմիկ զրոյցներ հաւատքի եւ զիրենք յուզող հարցերու մասին: Վերջերս, Նիւ Եորքի «Հայորդիք» AYF-ի մասնաճիւղը կրօնաբարոյական ծրագիրներու գծով սերտօրէն կը գործէ   տեղւոյն հոգեւոր հովիւին հետ: Հրատարակչական գետնի վրայ, Ազգային Առաջնորդարանը ընթացիկ տարւոյս լոյս ընծայեց ոչ միայն Հայ Եկեղեցւոյ, այլ Ուղղափառ եկեղեցիներու կեանքէն ներս աննախընթաց գրքոյկ մը` Փրոֆ. Վիգէն  Կիւրոյեանի «Homosexuality and Same-Sex Union» երկը: Գրքի ներկայացումը տեղի  ունեցաւ Առաջնորդարանէն ներս, եւ ծրագրուած է նոյն ելոյթը կրկնել մեր բոլոր  Ծուխերէն ներս: Այս բոլորը, կը հաւատամ որ նշաններ են, թէպէտ յամրաքայլ, սակայն  տոկուն  դաստիարակութեան` մեր երիտասարդութեան, որ առհաւատչեան է աճող  եկեղեցւոյ մը: Վստահաբար, նմանօրինակ յայտագիրներու, դասախօսութիւններու,  հրատարակութիւններու իրագործումով ոչ միայն կարելի պիտի ըլլայ ներգրաւել մեր  երիտասարդները, այլ` Հայ եկեղեցիէն ու ազգային կեանքէն ուծացած բազմահազար  հարազատներ:

Ինչպէս Հայկական առածը կ՛ըսէ. «Ինչ որ ցանես այն կը հնձես», ժամանակն է որ հաւաքական կերպով` եկեղեցի, ընտանիք, դպրոց, կազմակերպութիւններ այլ արժէքներու կողքին նաեւ հոգեւորը ցանենք, հոգեւորը հնձելու համար: Պատրա՞ստ ենք հաւաքաբար որդեգրելու եւ ապրելու Վարդանանց հաւատամքը` «Մեր հայրը կը ճանչնանք Սուրբ Աւետարանը եւ մայրը` Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին»: Վստահաբար, այն ատեն մեր երիտասարդները եւս պիտի դառնան գիտակից Վարդանանց ուխտապահ զինուորներ` կերտելու Աւարայրով ծնունդ առած Նուարսակեան դաշնագրի մերօրեայ նորանոր յաղթանակներ:

“ՀԱՅՐԵՆԻՔ” ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՅ ԲԱՑԱՌԻԿ

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles