Կիզակէտ

ԳԱՂԱՓԱՐԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ԿԱՐԳԱԽՕՍՆԵՐՈՒ ԻՆՔՆԱՊԱՐՏԱԴՐՈՒԱԾ ԶՍՊԱՇԱՊԻԿՆԵՐԷՆ ԴՈՒՐՍ ԳԱԼ

balian kaghaparapan

 

Յ. Պալեան

Գաղափարաբանութիւնը բարդ ամբողջ մըն է գաղափարներու եւ պատկերացումներու, որ ենթակայի աչքին կը ներկայանայ որպէս աշխարհի եւ սեփական կացութեան մեկնաբանութիւն, իրեն համար բացարձակ ճշմարտութիւն, որմով ինքզինք կ’արդարացնէ, կը թաքնուի, այս կամ այն ձեւով կը խուսափի, բայց իր անմիջական առաւելութեան համար:
Քարլ Եազբերզ,
Քրիստոնեայ հոգեվերլուծող եւ իմաստասէր, (1883-1969)

«Գաղափարաբանութիւն» (idéologie) եզրը ստեղծուած է ԺԸ դարուն, եւ կը նշանակէր «գիտութիւն՝ որուն առարկան գաղափարներու եւ ըմբռնումներու գիտութիւն մըն է»: Ներկայ ժամանակներուն այս սահմանումը եթէ իր իմաստը չէ փոխած անգամ, դարձած է աւելի ընդգրկուն:
Եթէ չէ վերածուած ամբոխային կարգախօսի կամ քաղաքական բազմաբնոյթ խնդիրներ քողարկելու միտող ճառի:
Քաղաքական զանազան փառասիրութիւններու ընդունելիի հմայք տալու համար, կը դիմուի «գաղափարաբանութեան» մը, արդարացնելու համար ցանկութիւններ, եսասիրութիւններ, փառասիրութիւններ, անհանդուրժողութիւններ: Երբեմն ալ ծածկելու համար անտեղեակութիւն եւ տգիտութիւն:
«Բառ»ը այնքան կը հոլովուի, որ իւրաքանչիւր գրողի եւ խօսքի հետ իմաստ եւ տարածք կը փոխէ: Նոյն տարազը, տարբեր երկինքներու տակ, նոյն նշնակութիւնը չ’ունենար: Փորձենք, հետեւելով նաեւ ուրիշներու, հասկնալ թէ ի՞նչ բան է գաղափարաբանութիւնը. գաղափարներու, իմաստասիրական, ընկերային, քաղաքական, բարոյական, կրօնական մտածումներու լաւ կամ գէշ ագուցուած ամբողջութիւն, որ գոյն եւ հասցէ կը փոխէ ըստ անհատի հետապնդած նպատակներուն, ըստ հաւաքականութեան ըմբռնումներուն, ըստ խմբաւորումներու բազմերես մրցակցութիւններուն, տարբեր ձեւով կը մեկնաբանուի ըստ դասակարգի եւ ըստ ժամանակի:
Իր սահմանում(ներ)ուն ձեւ տալէ ետք, ան կը դառնայ համակարգուած ամբողջութիւն մը, գաղափարներու, կարծիքներու, հաւատալիքներու, զոր կը կոչենք վարդապետութիւն: Այդ վարդապետութեամբ կը փորձուի ուղղութիւն տալ անհատի եւ հաւաքականութեան վերաբերումներուն, ընկերային, բարոյական, տնտեսական եւ քաղաքական կազմակերպութեան:
Պատմութիւնը չէ սառած, կանգ չէ առած: Վարդապետութիւն մը կը խորհի միշտ, որ իրմով կը փակուի պատմութեան օղակը. Այդպէս գրուած է պատմութիւնը, Հռոմէն սկսեալ, անցնելով Հռոմագերմանական Սուրբ կայսրութենէն (Le Saint-empire romain-germanique), Պարսկաստան, Օսմանեան կայսրութիւն, Բրիտանական կայսրութիւն, Խորհրդային Միութիւն:
Պատմութեան հոլովոյթին հետ ընկերութիւնները կ’արտադրեն գաղափարաբանութիւններ, որոնց բովանդակութիւնը ըստ պահու եւ ըստ բառերու իմաստին եւս կը փոխուի: Այս պատճառով ալ եզրին իմաստը կ’ընդլայնի: Յաճախ կը վերածուի քաղաքական իշխանութեան հասնելու կարգախօսի, տարբերութիւն ընդգծելով ուրիշի հետ: Եւ կարգախօսը կ’այլասերէ գաղափարաբանութիւնը:
Հայերէն գաղափար-ա-բան-ութիւն բառը թարգմանութիւնն է (idea եւ logos) յունարէն արմատներու, որ երբ մարմարի վրայ արձանագրուի, կը ստեղծէ իր առասպելապատումը, եւ երբ բացակայի քննարկումը, կը յառաջացնէ նեղմտութիւն, խաւարամտութիւն, այլամերժութիւն: 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20րդ դարուն, գաղափարաբանութիւն եզրը որդեգրուեցաւ եւ իւրացուեցաւ Մարքսի եւ Էնգելսի ու անոնց հետեւորդներուն կողմէ, որպէս ամբողջ մը բարոյական, կրօնական, քաղաքական եւ իմաստասիրական սկզբունքներու, որոնք կ’ընդունուին կամ պէտք է ընդունուին մարդոց եւ ընկերութիւններու կողմէ, պատմութեան այս կամ այն հանգրուանին, որոշելով ոչ միայն ներկային մէջ, ոչ միայն աշխարհագրական մէկ գօտիի մէջ որդեգրուելիք ընթացքը: Հետագային, Մարքսի համար այդ մտածումը սեղմուեցաւ մէկ գաղափարաբանութեան մէջ՝ անշարժ եւ վերջնական, որպէս համակարգ, դասակարգային պայքարի հունով եւ անդասակարգ ընկերութեան հեռանկարով, միշտ տնտեսական հիմքի վրայ: Այդ ձեւով, Մարքսի եւ Էնգելսի համար մտածումները սառեցան բանաձեւուած եւ վերջնական համարուած կարծիքներու մէջ, նիւթապաշտական տրամախոհութեան (matérialisme dialectique):
Պարզ է նաեւ, որ իշխող դասը ինք կը ստեղծէ ընկերութեան իր պատկերացումը, ըստ իր շահերուն: Երբ մարդիկ կը յարին գաղափարաբանութեան մը, պէտք է հասկնալ որ այդ չի կատարուիր սոսկ գաղափարականութեամբ, այլ նաեւ սեփական շահերու պաշտպանութեան եւ անոնց յաւերժացման համար: Այսինքն՝ օրինական կամ բարոյական կերպարանք կը տրուի անհատական, ընտանեկան, ազգային կամ դասակարգային շահերու՝ ընդդէմ միւսին, միւսներուն. դասակարգ, կրօնական խմբաւորում, մորթի գոյն, լեզուամշակութային տարբերութիւն:
Արքայական (աստուածատուր իրաւունքով), ազատական (libéral), ընկերվարական, կամ կրօնական բնոյթով իշխանութիւնները, կամ ձգտումները, իրենց արդարացումը կը փորձեն գտնել գաղափարաբանական կառուցումներու մէջ, միշտ առարկայական ըլլալու եւ պատմութեան հաւատարիմ մնալու ճիգով, մրցակիցին վերագրելով առարկայական չըլլալու մեղքը:
Երբ գաղափարաբանութիւն մը ինքնանպատակ, անհանդուրժող, քարացած կը մնայ, բանտարկուելով վերլուծումներու եւ խօսքի-բանավէճի մէջ, մոռնալով մարդը եւ բնութիւնը, ծառայութեան առաջադրանքը եւ դէպի միւսը երթալու անխարդախ ցանկութիւնը, կը դառնայ ընկերային չարիք եւ կ’արտադրէ իր հակասութիւնը, յաճախ մէկէ աւելի:
Գաղափարաբանութենէ անդին պէտք է սեւեռել իմաստութիւնը եւ բարոյականը, միշտ կրկնելով իմաստասէրին պէս, որ «ուրիշին իրաւունքը իմ պարտականութիւնս է», այսինքն միւսին մէջ տեսնել մարդը որ մենք ենք, իսկ եթէ Աստուածաշունչ կարդանք, պիտի յիշենք որ «Աստուած մարդը ստեղծեց իր պատկերով»:
Կը մտածե՞նք, թէ ինչպէս կը վերաբերինք այդ պատկերին…
Այս «իմաստութիւններ»ը հի՞մք են գաղափարաբանութիւններու եւ «համաշխարհային նոր կարգին»:
Ինչո՞ւ սպասել այս իմաստութիւնները շատ կամ քիչ «վեր»էն: Եթէ անոնք գտնուէին «վեր»ը, այսօր աշխարհ աւելի լաւ կ’ըլլար:
Ինչո՞ւ չենք տեսներ որ կարգախօսները եւ գաղափարաբանութիւնները բացասականօրէն կ’ընկալուին, ժամանակները փոխուած են եւ «վարդապետն ասաց»ը (magister dixit) քիթէն բռնելով չ’առաջնորդեր մարդը:
Ի հարկէ «ժամանակ չկայ» այս հարցերու մասին մտածելու, եւ պիտի շարունակենք մասնակից կամ զոհ ըլլալ աշխարհը յուզող խնդիրներուն, օգտուելով կամ հրաշք սպասելով:
Հրաշքի սպասումը կը տանի փակուղի:
Իսկ հայ ժողովուրդը, փակուղիի առջեւ չգտնուելու եւ տեւաբար ճապկումներով ինքնարդարացումներ չփնտռելու համար, Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք(ներ), իր կացութեան եւ ճակատագրին պատշաճ գաղափարախօսական հասարակ յայտարար մը պարտի մշակել, վեր-հատուածական, վեր սովորական ազդեցութիւններէ, անկախաբար զանազան գաղափարաբանութիւններէ, որոնց կը հետեւինք, զորս թութակաբար կը կրկնենք մեր բնակած երկիրներու հոսանքներուն հետեւելով:
Այդ գաղափարախօսական հասարակ յայտարարը որպէս ցանկութիւն, առանց բանաձեւումի, գոյութիւն ունի ճառերու մէջ, առանց յստակութեան:
Պէտք է ըսել, թէ ի՞նչ կ’ուզենք եւ ինչո՞ւ, ո՞ւր կ’ուզենք երթալ եւ ի՞նչ բանի շարունակութիւն ըլլալ:
Օրինակ, պէտք է ըսել, թէ սփիւռք(ներ)ը մնայո՞ւն կացութիւն է, թէ՞ հայերէնը հողի չափ կարեւոր է որպէս ինքնութեան շաղախ եւ վերապրումի պատուանդան, որ Հայ Դատը սփիւռքը արթուն պահելու եւ զբաղեցնելու միջոց չէ, այլ հողի միաւորում եւ այդ հողին վրայ հայրենադարձութիւն իրականացնելու կառոյց, Արժանթին եւ Քալիֆորնիա, Փարիզ եւ Պէյրութ, Մոսկուա եւ Վլատիվոսթոք:

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button