ԳլխաւորԼրահոս

ՍԻՍԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ԴԱՏԻՆ ԹՂԹԱԾՐԱՐԸ ՊԱՏՐԱՍՏ Է

p1 sis_

 

 

ԺԸՆԵՒ.- Անցնող օրերու ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին մօտ բացուելիք դատով զբաղող յանձնախումբը ունեցաւ իր վերջին նիստը: Մասնագէտներէ կազմուած յանձնախումբը անցնող շուրջ երկու տարիներու ընթացքին, միշտ Վեհափառ Հայրապետին ներկայութեամբ, հանդիպումներ ունեցած էր պատրաստելու համար Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջքին դատական թղթածրարը:

Յիշեալ թղթածրարը իր վերջնական ձեւը ստացած է եւ մօտ օրէն պիտի ներկայացուի Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարան: Բնականաբար, այս դատը իր էութեամբ մեր Եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին դատը ըլլալով, այս ուղղութեամբ ըլլալիք զարգացումներուն մասին տեղեակ պիտի պահենք մեր ժողովուրդը:

Նշենք թէ, Հեթում Ա. թագաւորի կառուցած պալատն է, որ գրեթէ վեց հարիւր տարի ետք, 1810-ին վերածուեցաւ կաթողիկոսական համալիրի, յանձին Կիրակոս Ա. Աջապահեան կաթողիկոսին: Նորակառոյց մայր տաճարը տեղադրուեցաւ թագաւորական տարիներու Սուրբ Սոփիայի աւերակներուն վրայ։ Այդ իսկ պատճառով, կաթողիկոսական համալիրը կը կոչուի Նոր վան:

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button