Գլխաւոր

ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ՝ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ԱՌԹԻՒ

p1

 

Փետրուար 10-ին, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի նստավայրէն ներս, տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն` նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներու նախապատրաստական աշխատանքներուն:

Հայաստանի Հանրապետութեան պետական մարմիններու ղեկավար անձնակազմին  մասնակցութեամբ հրաւիրուած խորհրդակցութիւնը վարած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի նախագահ, նոյնինքն նախագահ Սերժ Սարգսեան: Խորհրդակցութեան մասնակցողներուն ներկայացուեցաւ ձեռնարկներուն ծրագիրը, «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ» կարգախօսին ներքեւ Հայաստանի եւ արտերկրի մէջ  կազմակերպուելիք ձեռնարկներուն ժամանակացոյցը: Յատուկ զեկուցումով մը հանդէս եկաւ  Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկները համակարգող, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեան:

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button