Երբ աշխարհի պետութիւններու առաջնորդները, ներառեալ Մեծ Բրիտանիոյ արքայազն Չարլզը եւ Աւստրալիոյ ու Նոր Զելանտայի վարչապետները Ապրիլին թրքական կառավարութեան հրաւէրով հաւաքուին Կալիփոլի՝ յիշատակելու Առաջին աշխարհամարտի ճակատամարտը, մէկ ու կէս միլիոն սպաննուած քրիստոնեայ հայերու ուրուականները պիտի քալեն անոնց հետ:
Բրիտանական «Տի Ինտիփենտընթ» պարբերականի յօդուածագիր Ռոպըրթ Ֆիսք յատուկ յօդուած մը հրապարակած է «Կալիփոլիի հարիւրամեակը Հայոց Հոլոքօսթը ծածկելու ամօթալի փորձ է» խորագիրով, ուր անդրադարձած է Էրտողանի` Ապրիլ 24-ը որպէս Կալիփոլիի ճակատամարտի յիշատակման օր հռչակելու որոշումին:
Յօդուածագիրին խօսքերով` Թուրքիոյ նման քայլը նպատակ կը հետապնդէ զսպել Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու զանգուածային սպանութիւններու յիշողութիւնը: Ֆիսք ուշադրութիւն կը հրաւիրէ այն փաստին վրայ, որ Էրտողան Կալիփոլիի հարիւրամեակին հրաւիրած է նոյնիսկ Հ.Հ. Նախագահ Սերժ Սարգսեանը, որ, ի դէպ, աւելի ատաջ Թուրքիոյ նախագահը հրաւիրած էր Հայաստան` նոյն օրը մասնակցելու Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ձեռնարկներուն:
Ֆիսք պաշտօնական Անգարայի այս քայլը անուանած է «դիւանագիտական չարիք»:
«Թուրքերը քաջատեղեակ են, որ դաշնակիցները ոտք դրած են Կալիփոլի Ապրիլ 25-ին եւ որ Աւստրալիան եւ Նոր Զելանտան Անզաքի օրը նոյնպէս կ՛ոգեկոչեն 25-ին: Երկու տարի առաջ Թուրքիոյ նախկին նախագահ Ապտտուլահ Կիւլը աշխարհամարտի ճակատամարտի տարելիցը նշած է 2013 թուականի Մարտ 18-ին` այն օրը, երբ բրիտանական նաւատորմի կողմէ Տարտանելի թերակղզիի ռմբակոծութիւնը սկսաւ Բրիտանական ծովակալութեան առաջին լորտ Ուինսթըն Չըրչըլի կողմէ: Թուրքերը, բնականաբար, կը վախնան, որ 1915 թուականը կը յիշատակուի իբրեւ մարդկութեան դէմ իրենց պետութեան իրագործած սարսափելի յանցագործութեան տարեթիւ, երբ հայերու կոտորածներուն ժամանակ տասնեակ հազարաւոր տղամարդիկ սպաննուեցան հրացաններով եւ դանակներով, անոնց կանայք բռնաբարուեցան, ապա Միջագետքի մէջ իրենց երեխաներուն հետ սովի մատնուեցան մահուան քայլերթով: Պատմութեան հեգնանքն է այն, որ այս նոյն սպանութեան վայրերը «ժառանգուած են» ցեղասպան իսլամական ԻԼԻՊ կազմակերպութեան, որ…ոչնչացուց Սուրիոյ Տէր Զօր քաղաքին մէջ գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին կառուցուած հայկական եկեղեցին,,- կը գրէ Ռապըրթ Ֆիսք:
Ան կը նշէ, որ հայերը Ցեղասպանութեան յիշատակի օր ընտրած են Ապրիլ 24-ը, քանի որ նոյն այդ ժամանակ էր, որ թուրք ոստիկանութիւնը առաջին անգամ Կ.Պոսլոյ մէջ հաւաքեց հայ ակադեմիկոսները, իրաւաբանները, բժիշկները, ուսուցիչները եւ լրագրողները:
«Ինչպէս Գերմանիոյ աջակողմեան եւ ժխտողական պատմաբանները կը հերքեն հրեաներու Հոլոքօսթը, այնպէս ալ Թուրքիան մշտապէս հրաժարած է ընդունելէ Օսմանեան թրքական կայսրութեան պատասխանատուութիւնը 1914-1918 թթ. պատերազմի տարիներուն մարդկութեան դէմ գործած ամենամեծ յանցագործութեան մէջ»,- կը նշէ յօդուածագիրը: Ան կ՛ընդգծէ, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցուած է հարիւրաւոր միջազգային գիտնականներու, որոնց շարքին եւ շատ հրեայ պատմաբաններու, ինչպէս նաեւ շատ եւրոպական պետութիւններու կողմէ:
Ռապըրթ Ֆիսք ուշագրաւ կը համարէ այն, որ եթէ առաջ Թուրքիոյ մէջ ամէն կերպ կը փորձէին հերքել Կալիփոլիի ճակատամարտին մէջ հայ զինուորներու կռուելու փաստը, ապա այժմ թուրք պաշտօնեաները հակառակը կ՛ընեն: Յօդուածագիրը անդրադարձած է Կալիփոլիի ճակատամարտի մասնակից, Օսմանեան կայսրութեան զօրքերու հայազգի հրետանաւոր, զօրավար Սարգիս Թորոսեանին` յիշեցնելով, որ ժամանակին թրքական հրամանատարութիւնը, ի հեճուկս բոլոր ապացոյցներուն, որոնց շարքին օսմանեան ռազմական համազգեստով Թորոսեանի լուսանկարին, պաշտօնապէս կը հերքէր, որ հայ զինուորը գոյութիւն ունեցած է: Իսկ հիմա ճակատամարտին մէջ հայերու մասնակցութեամբ պայմանաւորուած ալ Թուրքիան պաշտօնապէս հրաւէր ուղարկած էր Սերժ Սարգսեանին` սկսելով խաղցնել Կալիփոլիի մէջ կռուած հայերու խաղաթուղթը:
Ռապըրթ Ֆիսք իր նախկին յօդուածներուն մէջ անդրադարձած է այն հարցին, որ հայերու Ցեղասպանութիւնը կարելի է Հոլոքօսթ (ողջակիզում) անուանել: Ատկէ մեկնելով ան իր յօդուածի վերտառութեան մէջ Հոլոքօսթ եզրն ալ կ՛օգտագործէ:
Ի դէպ, Հ.Հ. Նախագահ Սերժ Սարգսեան Էրտողանի հրաւէրին ուղղուած իր պատասխանին մէջ անոր յիշեցուցած է.- «Խաղաղութիւնը եւ բարեկամութիւնը առաջին հերթին պէտք է հիմնուած ըլլայ սեփական անցեալի հետ առերեսման խիզախութեան, պատմական արդարութեան, ինչպէս նաեւ համամարդկային յիշողութեան` ոչ թէ ընտրովի, այլ ամբողջական ճանաչման վրայ… Իւրաքանչիւրիս պարտքն է գալիք սերունդներուն փոխանցել խեղաթիւրումէ զերծ իրական պատմութիւնը` այդ կերպով կանխելով ոճրագործութիւններու կրկնութիւնն ու հող նախապատրաստելով ազգերու, յատկապէս հարեւան ազգերու միջեւ մերձեցման եւ յետագայ համագործակցութեան համար»:
Thank you Mr.Fisk for telling the truth, you are the conscience of all real human beings….