Այս պարզամիտ եւ անմեղ գործերը կը պատկանին Հայ Օգնութեան Միութեան Արցախի «Սօսէ» մանկապարտէզներու աշակերտներուն: Իւրայատուկ եւ տպաւորիչ են այս գործերը: Հիմնուած 1998-ին, Ստեփանակերտի մէջ, առաջին «Սօսէ» Մանկապարտէզը բացաւ իր դռները ընդունելու համար Արցախեան պատերազմի մարտիկներու զաւակները։
















Ընդարձակելով այս ծրագիրը, Հ.Օ.Մ.-ը հիմնեց «Սօսէ» մանկապարտէզներ նաեւ Արցախի այլ գիւղերուն մէջ՝ Մեծ Թաղեր, Շուշի, Ականբերդ, Տող, Աշան, Քարեգահ, Խնձրիստան։ Նաեւ, «Սօսէ» մանկապարտէզներ հիմնուեցան Պուլկարիոյ Սոֆիա, Փլովտիվ, Վառնա, Պուրկաս եւ Ռուսէ քաղաքներուն մէջ։
Ներկայիս, աւելի քան 400 մանուկներ կը յաճախեն «Սօսէ» մանկապարտէզներ Արցախի եւ Պուլկարիոյ մէջ, ուր նորաբողբոջ սերունդը կը դաստիարակուի ու կը զուարճանայ առողջ եւ ապահով շրջապատի մը մէջ։ Անցնող 15 տարիներու ընթացքին, աւելի քան 2,300 մանուկներ անցուցին իրենց դեռատի տարիները «Սօսէ» մանկապարտէզներու ջերմ շրջապատէն ներս։



Շատ սիրուն է, պրավօ:
Սակայն հարցում մը՝ ինչո՞ւ արդեօք մեր սիրելի ՀՕՄի «Սօսէ» մանկապարտէզը, գոնէ Շուշիում, փակ է, ամառուայ ամիսներին: Այսինքն՝ այն ժամանակամիջոցին, երբ ամենաշատ անոր կարիքը ունեն տեղւոյն ծնողները, քանզի պետական դպրոցները օրինապէս արձակուրդի մէջ են:
Խնդրեմ, լուսաբանէք:
Հայդուկ Շամլեան, Գանատա
https://www.shoushisummercamp.org/