Տարուան սկիզբը Ն.Օ.Ս.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը 20014 թուականը Տարեցներու Տարի հռչակած էր եւ սոյն տարին պատշաճ կերպով փակելու համար Ս. Ստեփանոս Եկեղեցին եւ Հայ Օգնութեան Միութեան Ընկերային Ծառայութեան Վարչութիւնը որոշեց միասին կազմակերպել գաղութիս տարեց սերունդին նուիրուած յատուկ մեծարանքի երեկոյթ մը որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ գիշեր, Դեկտեմբեր 6-ին, եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ։ Աւելի քան 170 հոգիի ներկայութեամբ գեղեցիկ եւ յաջող ձեռնարկ մը։

Հոգաբաբարձութեան Ատենապետ Րաֆֆի Մանճիկեան եւ Հ.Օ.Մ.ի Ընկերային Ծառայութեան Վարչութեան Ատենապետուհի Նուարդ Գույումճեան բարի գալուստի իրենց խօսքերը ուղեցին ներկաներուն եւ բացատրեցին թէ ինչու սոյն ձեռնարկը կազմակերպուեցաւ։ Ապա սեղանը օրհնեց Եկեղեցւոյ Հովիւ Արժ. Տ. Անդրանիկ Աւ. Քհնյ. Պալճեան, որմէ ետք ներկաները ճաշակեցին Հ.Օ.Մ.ի կարգ մը տիկիններու կողմէ պատրաստուած համեղ եւ առատ ուտեստեղէններ, որմէ ետք Տէր Հայրը խօսեցաւ Երէցներու Տարուան մասին շեշտելով Երէցներու կարեւոր դերը պատմութեան մէջ։ »Երէցները միշտ յարգուած են« — ըսաւ Տէր Հայրը »Յատկապէս որովհետեւ եղած են կարեւոր եւ բարի օրինակներ նոր սերունդներուն համար իրենց խօսքով ու գործով, վարքով ու կենցաղով եւ մասնաւորաբար իրենց հաւատքով։« Տէր Հայրը իր խօսքը եզրափակեց Ս. Գիրքէն կարդալով Սիմէոն Ծերունիին պատմութիւնը։

Տէր Հօր խօսքերէն ետք չորս հոգիներ վկայագիր ստացան առ ի գնահատանք իրենց »բազմամեայ եւ անշահախնդիր նուիրումին եւ Հայ ժողովուրդին ծառայութեան։« Տիկին Նարդուհի Ապրիմեան ներկայացուց երկու հոգիներ՝ Տիկին Յասմիկ Տէր Վարդանեան եւ Տիկին Սօնա Զէրտէլեան Իրատեան իսկ Տէր Հայրը՝ Տէր եւ Տիկին Յովսէփ եւ Ֆլօրէնս Մարգարեանները գնահատագիրով պատուելու համար։
Ապա Մեղեդի երգչախումբը յատուկ գեղարուեստական յայտագիր մը ներկայացուց որուն ընթացքին կատարուեցան արտասանութիւններ, խմբային երգեր եւ դաշնակի կտորներ Օր. Մարինէ Գավլաքեանի ղեկավարութեամբ եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ Պ. Գեղամ Մարգարեանի։ Ձեռնարկը փակուեցաւ Տէր Հօր »Պահպանիչ«ով։
Շնորհակալութիւններ կը յայտնենք Հ.Օ.Մ.ի Ընկերային Ծառայութեան Վարչութեան եւ Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան կազմէն՝ Հետըր Գրաֆեանին, Նուշիկ Յակեբեանին, Թամար Գանարեանին, Հուրի Տաղլեանին եւ Արմէն Գնայեանին որ ներկայացուցին Եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը։

