ԵՒՐԱՍԻԱԿԱՆ ՏՆՏԵՍՈՒԹԻՒՆ …ԴՐԱՄԻ ԱՐԺԵԶՐԿՈ՞ՒՄ
ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Խմբագրական
Դեկտեմբեր 8, 2014
Մասնագէտ տնտեսագէտէն մինչեւ թիւերէն, թուաբանութենէն եւ թուային կառոյցներէ բոլորովին հեռու եւ անտեղեակ հայորդիին համար կրնայ անհասկնալի թուիլ կապը՝ վերջերս Հայաստանի Ազգային Ժողովի Եւրասիական Տնտեսական Միութեան միանալու որոշումին եւ դրամի հետեւողական արժեզրկումին:
Պարզ է, որ դէպքերու իրադարձութիւններու եւ տարածաշրջանէն ներս տիրող կացութեան արդիւնք, կտրուկօրէն այս միութեան միանալուն դէմ արտայայտուողը, ծայրայեղօրէն թեր պիտի արտայայտուի եւ ամէն երեւոյթ պիտի կապէ դրամին արժեզրկման հետ:
Պարզումէկին յստակ է առեղծուածը կամ ստեղծուած կացութիւնը:
Արդարեւ, աւելի քան տարիէ մը ի վեր տիրող Ուքրայինայի անկայուն վիճակը, եւ այդ կացութեան արդիւնք Եւրոպա կամ Արեւմուտք ընդդէմ Ռուսաստան թշնամութիւնը, պատճառ դարձած է որ հետզհետէ, յատկապէս տնտեսական բնագաւառէն ներս, ճնշում բանեցուի Փութինի վարչամեքենային վրայ: Այս իրադարձութիւններու արդիւնք է որ, Եւրոպա մատակարարուող «Հարաւային հոսանք» նախագիծի իրականացումը ջնջուեցաւ եւ այսպէս տնտեսական բաց մը ստեղծելով Փութին ուղղուեցաւ Անգարա, իր երկրի ուժանիւթի մատակարարումը տրամադրելով այլ շուկաներու, եւ հաւանաբար ալ համեմատած Եւրոպացիներու խոստացուած սակագինէն շատ աւելի պակաս, յատկապէս նկատի ունենալով որ, նոր խողովակաշարի կառուցումը շատ աւելի քիչ ծախսերու դուռ պիտի բանայ:
Արդե՞օք, նաեւ կապել ուժանիւթի գիներու անկման պատկերը,
Ռուսաստանի վրայ դրուած արեւմտեան պատժամիջոցներուն: Այս մէկն ալ անուղղակիօրէն բացատրելի եւ ընդունելի է, նկատի ունենալով որ, նոյնինքն Ռուսաստան, այդ բնագաւառէն ներս, առաջնահերթ արտադրող երկիրներէն մէկն է:
Ակնթարթ մը մէկդի դնելով Եւրասիական Տնտեսական Միութեան միանալու Հայաստանի ղեկավարութեան առած որոշումները, յստակ է թէ սերտ տնտեսական կապեր գոյութիւն ունին Ռուսաստանի հետ: Հայրենի գրեթէ ամէն մէկ երդիքէ ներս, Ռուսաստան գաղթած եւ հոն ալ հաստատուած ընտանիքներ, նիւթական ներդրումներ կը կատարեն, հետեւողական ձեւով դրամական օժանդակութիւններ փոխանցելով Հայաստան:
Գոյութիւն ունի այլ մտածելակերպ…այլընտրանք: Արդարեւ, Հ.Հ. նախագահ Սարգսեանի համար մեծ յոյսեր կը ներշնչէ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան անդամակցութիւնը, որ ըստ իրեն ներդրումներու լայն գործունէութեան դաշտեր պիտի ապահովէ: Աւելին, ան համոզուած է, որ անդամակցութեան առաջին օրէն իսկ, այսինքն Յունուարի 1, 2015-ին, շատ մեծ հեռանկարներ պիտի բացուին «գործունեայ մարդկանց» համար։
Իրատես եւ իրապաշտ ըլլալով, ցարդ եւ գէթ մինչեւ Յունուար 1, 2015 տուժող մասսա մը կայ:
Շաբաթներ առաջ 410 դրամը համահաւասար էր մէկ տոլարի; Դեկտեմբեր 1-ին, այս փոխարժէքի համեմատութիւնը բարձրացաւ 435-ի:
Եւ դեռ ալ այս համեմատութիւնը պիտի բարձրանայ ամանորի առթիւ, մինչեւ Յունուար 1…Շնորհաւոր Նոր Տարի՞:



Ի՞նչ ըսել կուզիք։
Բան մը ըսեք հասկնանք։
Եթե կարիք ունիք կրնաք տրամաբանության դասընթացներու ալ եթաք։
Ձեր ուզածը Եվրոմիության միանալն է և Բաբա Ռաֆիկը Նախագահ։
Բայց այդ գնացքը անցավ մեկուկես տարի առաջ։
Ուշացաք։
Կեցցե՛ Հայաստան
Կեցցե՛ Հայ-Ռուսական ռազմաքաղաքական դաշինքը։
https://www.academia.edu/9153168/First_Letter_to_Vladimir_Putin
https://www.academia.edu/6832951/Letter_to_His_Excellency_Vladimir_Putin
ՀՅԴ շրջանառած փաստաթուղթը խուճապի է մատնել նախկին իշխանություններին։
Հարցազրույց ՀՅԴ խմբակցության պատգամավոր ԱՐԾՎԻԿ ՄԻՆԱՍՅԱՆԻ հետ
https://armarlur.com/?p=64582
Սա է ազգաշեն քաղաքականությունը։