ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան եւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, ներկայ եղան Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 23-ամեակի ձեռնարկներուն:
Հայաստանէն եկած պաշտօնական պատուիրակութեան, արցախահայութեան եւ արտերկրէն եկած հիւրերու հետ, պաշտօանական պատուիրակութիւնը, Վերածնունդի հրապարակէն հանդիսաւոր քայլերթով այցելեց Ստեփանակերտի յուշահամալիր:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան յարգանքի տուրք մատուցեց Ղարաբաղի անկախութեան համար զոհուած հայորդիներու յիշատակին, ծաղիկներ զետեղեց Արցախի Գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեանի եւ ղարաբաղեան պատերազմի նահատակներու շիրիմներուն:

