Այս տարի ալ ազդանշանը տրուեցաւ Մ.Ա.Կ.-ի Հայաստանի դեսպանատան հետ գործակցաբար, ամառնային վարժողական ծրագրին, որ կ՛երկարի մօտաւորապէս երեք շաբթուայ վրայ:
Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէի հովանաւորութիւնը վայելող այս ձեռնարկին կը մասնակցին երկու երիտասարդներ՝ Թալին Պաղտասարեան եւ Մանուկ Ալեմեան:


