ՎԱՔԸՖԼԸ ՓՈԽԱԴՐՈՒԱԾ 18 ՔԵՍԱՊԱՀԱՅԵՐԸ ԺԱՄԱՆԵՑԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆ
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Քեսապի վրայ կատարուած յարձակումին իբրեւ հետեւանք, Թուրքիա փոխադրուած 18 քեսապահայեր, անցեալ շաբաթավերջին հասան Լիբանան: ՊոլիսՊէյրութ թռիչքով, Լիբանան ժամանած քեսապահայերը Թուրքիա տարուած միջոցին բնականաբար ո՛չ անցագիր, ո՛չ ալ համապատասխան փաստաթուղթ ունէին: Այս ճամբորդութեան ընթացքին Վաքըֆլըի գիւղապետը եւ գիւղի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետը կþընկերակցէին տարեց ու խնամքի կարօտ քեսապցիներուն:
Պատկան մարմիններու եւ ազգային իշխանութիւններուն կողմէ հետեւողական աշխատանք տարուեցաւ Պէյրութէն ապահովելու համար անոնց անհրաժեշտ փաստաթուղթերը, որպէսզի անոնք կարենան մուտք գործել Լիբանան, ուր տեղւոյն Սուրիահայութեան օժանդակութեան մարմինը անհրաժեշտ դասաւորումները կատարած է քեսապահայերու կեցութեան վայրերը ապահովելու եւ անոնց յաւելեալ օժանդակութիւն փոխանցելու: Խաբկանքով Թուրքիա բերուած տարեցներէն շատերը հարազատներ ունին Լիբանանի մէջ: Սակայն անոնք խուճապի պայմաններուն տակ առանց անցագիրի Թուրքիա բերուած ըլլալնուն՝ օրինական ձեւակերպութիւններ արգելք եղած էին ճամբորդութեան:
Վաքըֆլըէն Պէյրութ հասած քեսապահայերն են.
Յակոբ Կիրակոսեան, Վազգէն Կիրակոսեան, Բաբգէն Ճուրեան, Նուարդ Ճուրեան, Ասպետ Ճուրեան, Յակոբ Ճուրեան, Գարուն ԹիթիզեանՃուրեան, Սաթենիկ Թիթիզեան, Սրբուհի Թիթիզեան, Սերոբ Սուլեան, Ծովինար Սաղտըճեան-Սուլեան, Մովսէս Արապեան, Մարթա Արապեան, Ներսէս Թանկուկեան, Անահիտ Ահարոնեան, Գարուն Տէր Սահակեան, Զաւէն Յովսէփեան, Ճորճ Քորթմոսեան:

