ԿԼՈՐ ՍԵՂԱՆ – ԶՐՈՅՑ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԱՍԻՆ
Լուսանկարները` ՄԻՔԱՅԷԼ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆի
ՈՒԱԹԸՐԹԱՈՒՆ.- Ապրիլ 3-ին, կազմակերպութեամբ Մեծն Պոսթընի Հ.Յ.Դ.“Սարդարապատ“ Կոմիտէութեան եւ Հ.Ե.Դ. “Գարեգին Նժդեհ“ ուխտին, Հայ Մշակութային եւ Կրթական կեդրոնին մէջ, տեղի ունեցաւ կլոր սեղան – զրոյց մը, որուն նիւթն էր “Արեւմտահայաստանը` Մեր հողերն ու մեր իրաւունքները“:
Օրուան բանախօսներն էին Արա Պապեան (“Մոտիւս Վիվենտի“ի հիմնարկի պատասխանատու եւ Գանատայի մօտ Հ.Հ. նախկին դեսպան), Արամ Համբարեան (Ուաշինկթընի Հայ Դատի Յանձնախումբի վարիչ) Եւ Հայ Դատի Արեւելեան Շրջանի գործիչներ` Ճորճ Աղճայեան եւ Տիգրան Խալիկեան: Այս վերջինը զրուցավարն էր, իսկ ձեռնարկին բացման հանդիսութիւնը կատարեց Թամար Գանարեան:
Արա Պապեան, իր խօսքին մէջ, յայտնեց թէ տարածքներու հարցը Ցեղասպանութեան հետ կապ չունի եւ թէ Թուրքիան Ցեղասպանութիւնը կրնայ ճանչնալ, բայց ոչինչ կրնայ վերադարձնել եւ նոյնիսկ կարող է որ հակառակը կատարուի, այսինքն Ցեղասպանութիւնը չճանչնայ եւ հողերը վերադարձնէ:
“Ցեղասպանութեան հարցն առանձին խնդիր է` աւելի շատ բարոյականութեան դաշտում ընկած, քան` իրական իրաւունքի: Ինչ վերաբերում է բնակեցնել–չբնակեցնելուն, մեր իրաւունքն է, կ՛ուզենք կը բնակեցնենք, չենք ուզէր` չենք բնակեցնի“, ըսաւ ան:
Ճորճ Աղճայեան անդրադարձաւ իր ձեռք ձգած փորձառութիւններուն վրայ, որ կը կատարէ տարիներէ ի վեր, շարունակ այցելելով Արեւմտահայաստան:
Արամ Համբարեան անդրադարձաւ Հայ Դատի Յանձնախումբին կատարած աշխատանքին եւ անոր դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին, որ կը կատարուի յատկապէս թուրք եւ ազերի հակաքարոզչական մեքենային կողմէ:
Հարիւրի շուրջ հայորդիներ ներկայ էին:
Ձեռնարկի աւարտին խօսք առաւ Մեծն Պոսթընի Հ.Յ.Դ.“Սարդարապատ“ Կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Յովհաննէս Ճանէսեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն եւ դասախօսներուն:

