ՆԻՒ ՃԸՐԶԻԻ ՄԷՋ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ
Աշխարհասփիւռ հայութիւնը կը պատրաստուի ոգեկոչելու Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը: Բայց ըստ երեւոյթին, միայն հայերը չեն նախապատրաստուողը: Հայերուն չափ, եթէ ոչ աւելի, Թուրքիա եւս կը պատրաստուի հարիւրամեակին, թէեւ բոլորովին տարբեր մօտեցումով:
Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողան, սպասելով անխուսափելին, որն է հայերու կողմէ Ցեղասպանութեան բարձրաձայն ոգեկոչումը աշխարհի տարածքին, քանի մը շաբաթ առաջ կոչ ուղղեց իր երկրի դեսպաններուն` պատրաստ ըլլալ հակաթրքական արշաւներու, քարոզչութիւններու եւ սփիւռքի մէջ կազմակերպուելիք նախաձեռնութիւններու:
Խորքին մէջ, Թուրքիան որքան ալ փորձէ անվրդով ու անխախտ երեւիլ, միշտ ալ Հայկական Ցեղասպանութիւնը եղած է զինք հալածող մղձաւանջ մը:
Թուրքիոյ կառավարութեան հիմնական մտահոգութիւնը եղած է թուրք երէց սերունդներու, որոնցմէ շատեր ականատես եղած են, յիշողութենէն ջնջել հայկական ջարդերը, իսկ նոր սերունդին մօտ յառաջացնել այն կարծիքը, թէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը անիրական հասկացողութիւն մըն է, որուն միակ նպատակն է աղաւաղել Թուրքիոյ վարկն ու պատմութիւնը: Եւ անշուշտ զարմանալի չէ, որ այս մօտեցումը նոյնիսկ աւելի սրած է Թուրքիոյ ժողովուրդին դարաւոր հայատեաց զգացումները: Ասոր գլխաւոր արտայայտութիւնն էր Թուրքիոյ երեւելի մտաւորականներէն պոլսահայ լրագրող Հրանդ Տինքի հրապարակային սպաննութիւնը:
Թրքական կառավարութիւնը տասնամեակներէ ի վեր ջանք չի խնայեր, որպէսզի ամէն հետք որ կը յուշէ հայերուն երբեմնի ներկայութիւնը Արեւմտեան Հայաստանէն ներս, անհետ ոչնչացնէ: Հազարաւոր եկեղեցիներ, ոմանք ուղղակի քանդուած, ուրիշներ անտեսուած ու ժամանակի կործանարար ճակատագրին ձգուած, առյաւէտ ոչնչացան, իրենց հետ տանելով հայկական մշակոյթի պատմութենէն մեծ պատառիկներ: Թուրք կառավարութիւնը հայերուն պատմական կեղծիքները բացայայտելու պատրուակով, վարձկան գիտնականներու ու պատմաբաններու միջոցաւ Օսմանեան արխիւներէն կամաց-կամաց ոչնչացուցած է հայկական ջարդերուն կազմակերպուած ու նախատեսուած ըլլալը փաստող վկայութիւնները: Իսկ լաւագոյն պարագային, երբ Թուրքիան ուզէ “ոսկի փոշի ցանել“ հայերուն աչքին, իր ցաւը կը յայտնէ Առաջին Համաշխարհային Պատերազմին հայերուն կրած մարդկային վնասներուն մասին, որմէ անմասն չմնացին Օսմանեան կայսրութեան բոլոր քաղաքացիները: Եւ աւելին, այդ զոհերուն պատասխանատուութիւնը կը նետէ “չար արեւմուտքին“ վրայ, ինչպէս որ նշած էր Քրտական Ազատական Կուսակցութեան արգելափակուած հիմնադիր ու ղեկավար Ապտուլլա Օճալան վերջերս հայերուն ուղղուած (եւ թուրք պետութեան խիստ գրաքննութենէն անցած) իր նամակին մէջ: Մէկ խօսքով, ակնյայտ է որ մինչեւ 2015 Թուրքիա որեւէ դրական փոփոխութիւն պիտի չմտցնէ իր հարիւրամեայ ուրացման քաղաքականութեան մէջ:
Հետեւաբար, որեւէ ժամանակէ աւելի, այսօր անհրաժեշտ է որ հայկական սփիւռքը համախմբուած ուժերով ոգեկոչէ Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը, շեշտը դնելով ո՛չ միայն յիշատակումին վրայ, այլ վերապրումի ու մանաւա՛նդ` Թուրքիոյ կողմէ արդար ու ուշացած փոխհատուցման վրայ:
Արդարեւ, Համազգային Հայ Կրթական ու Մշակութային Միութեան Նիւ Ճըրզիի մասնաճիւղը, խանդավառութեամբ կը պատրաստուի ոգեկոչելուՄեծ Եղեռնի հարիւրամեակը: Ընտանեկան ու ազգային մակարդակներու վրայ մեր բոլորին վրայ ազդած ու մեզ միացնող այս առիթը պիտի յիշատակուի միասնականութեամբ: Քանի մը տարի է ի վեր “Մէկ Ազգ, Մէկ Մշակոյթ“ լօզունքին տակ Համազգայինը կը համախմբէ տեղական տաղանդներ ու արուեստագէտներ, ներկայացնելով երգի ու պարի փարատօններ յիշեցնող բազմածաւալ նախաձեռնութիւններ: Սոյն ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն պարախումբեր, երգիչներ, մենակատարներ ու արուեստագէտներ:
Մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ նոր անկիւնադարձի մը նախաշէմին, սիրով կը հրաւիրենք մեր շրջանի հայրենակիցները, որպէսզի ներկայ գտնուին այս աննախադէպ տօնակատարութեան, ոգեկոչելու մեր բոլոր նահատակներուն յիշատակը ու նորոգելու վերապրողներուն կորովը:


