Լրահոս

ՔԵՍԱՊԻ ՃԱԿԱՏԱՄԱՐՏԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ

 

b1 Աւելի քան շաբաթէ մը ի վեր, Քեսապի ճակատամարտը կը շարունակուի, մասնաւորաբար Թուրքիոյ սահմանակից գիւղին մերձակայ շրջաններուն մէջ: Սուրիոյ կանոնաւոր բանակը ամրապնդած է 45-րդ կէտի, Էքիզոլուխի եւ Ժապալ Նըսրի մէջ գտնուող իր դիրքերը: Սուրիական օդուժի ռմբաձիգներ ռմբակոծած է զինեալներուն թրքական հողամասերուն կից գտնուող դիրքերը, իսկ թրքական ուժերը շարունակած են զինեալներուն գործնական աջակցութիւն ցուցաբերել:

Ժապհաթ Նուսրա յայտարարեց, որ Քեսապի բախումներուն ընթացքին սպաննուած է իր մարտական ղեկավարներէն Ապտելռազաք Ապտելպաքին, որ ծանօթ է «Ապի Լէյլա» անունով:

Մ.Ա.Կ.-ի մօտ Սուրիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Պաշշար Ժաաֆարիշ Նիւ Եորքի մէջ,  ամբաստանեց Թուրքիոյ բանակը Քեսապի ճակատամարտին ընթացքին զինեալ խմբաւորումներու ահաբեկչական գործողութիւններուն ծածկոյթ տրամադրելու յանցանքով:

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button