Լրահոս

Ա.Մ.Ն. ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՇՐՋԱՆԻ Հ.Օ.Մ.-Ը ՏԱՍ ՀԱԶԱՐ ՏՈԼԱՐ ԿԸ ՏՐԱՄԱԴՐԷ ՔԵՍԱՊԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ

ars logo  Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Հ.Օ.Մ.-ը, կը տեղեկացնէ թէ վերջերս Սուրիոյ Քեսապ գիւղէն տեղահանուած 670 ընտանիքներուն տրամադրած է, տաս հազար տոլարի նիւթական օժանդակութիւն մը: Միութիւնը կոչ կ՛ուղղէ իր անդամներուն, յաւելեալ օժանդակութիւններ կատարելու, Լաթաքիա ապաստանած մեր հայրենակիցներու անմիջական կարիքներու Ùատակարարման համար:   “Մտահոգուած ենք պատահած դէպքերով, եւ յոյսով ենք որ շուտափոյթ լուծում մը պիտի գոյանայ: Մենք շարունակ կը կանգնինք Քեսապահութեան կողքին…“, յայտնեց միութեան ատենապետ Անի Աթթար: Շրջանային Վարչութիւնը կը շարունակէ աջալրջօրէն հետեւիլ զարգացումներուն, կարիքի թելադրութեամբ օժանդակութեան անհրաժեշտ նախաձեռնութիւններ կատարելու: Նուիրատութիւններ կատարել, հետեւեալ հասցէին.-

A.R.S. of Eastern United States

80 Bigelow Avenue

Suite 200

Watertown, MA 02472

U.S.A

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button