ՅԱՐԳԱՆՔԻ ԵՐԵԿՈՅ ՍՐԲՈՑ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ԱՄԷՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՆՈՒԻՐԵԱԼ ԱՆԴԱՄ` ԱՐԵԳ ՆՇԱՆԵԱՆԻՆ
Ուրբաթ` Փետրուար 21, 2014-ի երեկոյեան Նիւ Եորքի Սրբոց Նահատակաց Ամէնօրեայ Վարժարանի Ս.Ն.Ա.Վ. (ՕքլանտԿարտընզ) հրաւէրով Գալուստեան սրահին մէջ հաւաքուած էին Արեգ Նշանեան ընտանիքի անդամներն ու բարեկամները, վարժարանին հոգաբարձութեան անդամները, Ս.Ն.Ա.Վ.-ի Բարեկամներու Յանձնախումբին անդամները, ուսուցչական կազմը, Հինդլեան Սանուց Միութեան եւ Պոլսահայ Միութեան ներկայացուցիչները, միասնաբար գնահատանքի արժանացնելու Տիար Արեգ Նշանեանին երկարամեայ ծառայութիւնը Ս.Ն.Ա.Վ.-ի ընտանիքէն ներս:
Արեգ Նշանեան եւ իր ազնուափայլ կողակիցը` Հիլտան առաջին անգամ Ս.Ն.Ա.Վ.-ի ընտանիքին ծանօթացան երբ իրենց որդին Ալէնը եւ ապա դուստր` Լորին մանկամսուրէն իսկ աշակերտելու սկսան: Այդ տարիներէն սկսեալ Տէր եւ Տիկին Նշանեանները իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերին վարժարանին մէն մի յանձնախումբին աշխատանքներուն, եւ կը շարունակեն նոյն կորովով զօրավիգ կանգնիլ վարժարանին իւրաքանչիւր ձեռնարկին, հակառակ անոր որ արդէն իրենց զաւակները շատոնց աւարտած, մասնագիտացած եւ իրենց ասպարէզներուն նուիրուած են:

Երեկոն իր հայրական ներկայութեամբ կը պատուէր Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ` Բարձրաշնորհ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան: Պատուոյ սեղանին Առաջնորդ Սրբազան հօր սեղանակից էին Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ հովիւ` Արժ. Տ. Աբրահամ Քհնյ. Մալխասեան, օրուան մեծարեալ` Արեգ Նշանեան եւ իր ազնուափայլ տիկինը` Հիլտան, Արեգին ծնողքը` Պոլսոյ Դպրեվանքէն ներս իր բազմավաստակ ծառայութեամբ ծանօթ մանկավարժ, գրաբարագէտ եւ Սրբազան հօր ուսուցիչ` Տոքթ. եւ Տիկին Արտաշէս-Սիլվա Նշանեանները, մեծարեալ ամոլին զաւակները` Ալէն եւ Լորի Նշանեանները եւ վարժարանի տնօրէնուհի Տիկ. Զարմինէ Պօղոսեանը:
Սրբազան հօր բացման աղօթքէն ետք Տիկին Պօղոսեանի հանդիսավարութեամբ ընթացք առաւ օրուան յայտագիրը: Ան թուեց բոլոր այն յատկանիշները որոնք նշուած էին Արեգին հետ գործակցող ուսուցչական կազմէն եւ յանձնախումբերու անդամներէն այդ օրուայ մեծարեալին համար նշանակուած հիւրերու գրքոյկին մէջ: Արեգը բոլորէն խորապէս գնահատուած անձնաւորութիւն մըն է, եւ ճանչցուած, որպէս գործունեայ, նուիրուած, հաւասարակշռուած, համեստ, ճշդապահ, հետեւողական ժողովական, եւ հոգատար` յատկապէս վարժարանին վերաբերող հարցերուն նկատմամբ: “Իմ ծանօթիւթիւնս սկսած է երբ Ալէնը մեր մանկամսուրի աշակերտ արձանագրուած էր: Անկէ ետք Արեգ տարիներու իր ծառայութիւնը սկսաւ ծնողական յանձնախումբին մաս կազմելով: Տարուէ տարի հասաւ մինչեւ հոգաբարձութեան ատենապետութեան պաշտօնին: Երկու զաւակները վկայուելով գացին, բայց` վարժարանս կը վարանի աւարտականի վկայական տալ Արեգին: Այս հաւաքոյթը մեր բոլորին երախտագիտութեան համեստ մէկ արտայայտութիւնն է, ձեր պատուական ծնողքին եւ ձեր սիրասուն զաւակներուն ըսելու թէ` եթէ անոնք որդիական եւ հայրական պարտականութիւններէն զլացուած պահեր ապրած են – տեսնելու թէ այդ պահերը ո՞ւր եւ ինչպէս արժեւորուած են, ծառայելու ի փառս հայեցի դաստիարակութեան եւ Հայ Ամէնօրեայ վարժարանին գոյատեւման“: Տիկին Պօղոսեան հիւմորով դրուագ մը պատմելով աւելցուց թէ “այս հաւաքը պարզապէս միջնադադար մըն է, Արեգին անցնող 25 տարուայ ծառայութեան, որպէսզի հանգստեան կոչուելու գաղափարն անգամ սնուցանելէն հրաժարի, բոլորովին մտքէն վանէ, եւ նո՛ր եռանդով շարունակէ իր նուիրումը, որովհետեւ Ս.Ն.Ա.Վ. շա՛տ պէտք ունի Արեգին եւ Հիլտային պէս անհատներու փորձառութեան եւ նուիրումին“:
Սիրոյ եւ գնահատանքի բաժակ բարձրացնելու հրաւէրը տուաւ վարժարանի հոգաբարձութեան նախկին ատենապետ, եւ հիմնադիրը` Ս.Ն.Ա.Վ.-ի Բարեկամներու հանգանակութեան յանձնախումբին, Տիար Նուրհան Ատարեան:
Յաջորդաբար գնահատանքի եւ երախտագիտական արտայայտութիւններով ելոյթ ունեցան Հոգաբարձութեան հաշուապահ եւ Ս.Ն.Ա.Վ.-ի Բարեկամներու Յանձնախումբին ատենապետ` Պրն. Յովհաննէս Մալիքեանը եւ վարժարանին ներկայ ծնողներու անունով‘ Տիկ. Լանա Գազանճեանը:
Տիկին Պօղոսեան յատուկ հպարտութեամբ բեմ հրաւիրեց վարժարանի շրջանաւարտներէն խումբ մը` գեղարուեստական կոկիկ յայտագրով մը իրենց մասնակցութիւնը բերելու այս նշանակալից օրուան, եւ միաժամանակ ականատես ըլլալու կամաւոր աշխատողներուն բերած ներդրումին եւ գնահատանքի մէկ արտայայտութեան: Յաջորդաբար ելոյթ ունեցան Նիգոլ Մառք` ջութակով եւ Արթիւր Իբէք` դաշնակի ընկերակցութեամբ, անոնք հրամցուցին Կոմիտասի “Գարուն ա…“ ն: Դալար Յովսէփեան, որ Տիկին Հիլտայէն դաս կ՛առնէ, դաշնակի վրայ նուագեց Շումանէն կտոր մը իսկ Թալին Նիկտէլեան հրամցուց Վահագն Դաւթեանի “Թէ հրաշքով..“ բանաստեղծութիւնը: Գայանէ Ժամկոչեան արտասանեց Համօ Սահեանի “Մեր Լեզուն“ հայերէն եւ իր իսկ ազատ թարգմանութեամբ անգլերէնով կարդաց, հեզասահ քնքշութեամբ փոխանցելով Սահեանի պատգամը հայախօս եւ անգլիախօս ներկաներուն: 
Արեգ եւ Հիլտա Նշանեաններուն հրաշալի նուէր մըն էր, դարձեա՛լ վարժարանի շրջանաւարտներէն եւ մեծարեալին զաւակները` այժմ գովազդային կալուածէն ներս մասնագիտացած Ալէնին եւ դեղագործուհի Լորիին համատեղ աշխատանքով, սահիկներու օգնութեամբ ելոյթը: Ալէն եւ Լորի փոխն ի փոխ խօսելովիրենց ընտանեկան առօրեան ներկայացուցին, ծնողքին մանկութենէն սկսեալ, համապատասխան նկարներով պատմեցին անոնց կեանքի ուղիին մասին, Պոլսոյ Հինդլեանէն մինչեւ Նիւ Եորք հաստատուիլը 1980-ականի սկիզբներուն: Արեգ եւ Հիլտայի ծանօթութիւնը սկսած էր Հինդլեանի նախակրթարանի գրասեղաններէն: Կեանքի պայմաններու բերումով տարբեր ուղիներով շարունակուած էր իրենց առօրեան եւ տարիներ ետք զիրար դարձեալ գտնելով, Պոլսոյ մէջ դրոշմուած սիրոյ բոյնը կը շարուանակուէր ծաղկիլ Նիւ Եորքի մէջ: Ալէն եւ Լորի հիւմորախառն գնահատանքով անդրադարձան իրենց ծնողքին ազգային ծառայութեան եւ երկարամեայ նուիրումին խորութեանը, որուն թերեւս 90 տոկոսը անպայմանօրէն առնչուած էր դպրոցին վերաբերեալ ժողովներով, կազմակերպչական աշխատանքներով, հեռաձայնային հետապնդումներով: Եթէ առօրեայի այդ պահերը ժամանակին իրենց մանուկ հոգիներուն մէջ պարբերաբար ընդվզում կ՛առաջացնէին, ներկայի հասուն մօտեցումով կ՛անդրադառնային այդ նուիրումին կարեւորութեան:
Վարժարանի հոգաբարձութեան ներկայ համա-ատենապետներ` Տիկ. Արփի Ճանտան եւ Պրն. Եդուարդ Կարապետեան իրենց գնահատանքի խօսքէն ետք հոգաբարձութեան անունով Արեգին նուիրեցին Դատախազի Մուրճը առ ի գնահատանք Արեգին տարիներու ժողովական եւ ատենապետ ըլլալու հանգամանքով եւ փորձառութեամբ, միշտ ալ ժողովները գործնական ծիրին մէջ պահպանելու կարողութեան համար:
Մեծարեալ Արեգ Նշանեանին հասած էր կարգը իր սրտի խօսքը արտայայտելու օրուան կազմապակերիչ յանձնախումբին, ծնողքին եւ զաւակներուն:
Արեգ իր շեշտը դրաւ ԸՆՏԱՆԻՔ եւ ԴՊՐՈՑ համատեղ գործակցութեան: Տօքթ. Արտաշէս եւ Տիկին Սիլվա Նշանեաններուն ծնողական առողջ հոգատարութիւնը Պոլսահայ կեանքէն ներս եւ Արեգին դէպի Հինդլեան Նոր Դպրոց առաջնորդող ընտրութիւնը` արդէն իսկ իր կեանքին հիմնաքարը ամրապնդած էր: Արեգ իր դպրոցական յուշերէն – Նիւ Եորքի Ֆրանսական Լիսէէն կամ‘ Նիւ Եորք Համալսարանի օրերէն շատ աւելի, իր մէջ խորապէս արմատաւորուած կը գտնէր նախակրթարանի գրասեղաններէն իր մէջ սերմանուածը:
Ահա թէ ուրկէ կը բխի Արեգ Նշանեանին ներշնչումն ու նուիրումի հոգին ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԻՆ հանդէպ: Անոր համար է որ գիտակցօրէ՛ն փարած է Նիւ Եորքի միակ ամէնօրեայ վարժարանին` Ս.Ն.Ա.Վ.-ին: Հո՛ս է, որ իր երկու զաւակներուն առաջին քայլերը ուղղուեցան, հիմը դրուեցաւ անոնց ապագայի մասնագիտական կեանքին: Հո՛ս է, որ նոր սերունդը կը դաստիարակուի, ազգային գիտակցութեան, լեզուի ու աւանդոյթներու պահպանման գծով կը լիցքաւորուի, եթէ անշուշտ ծնողներ գիտակցաբար իրենց զաւակները առաջնորդեն դէպի նման վարժարաններ:
Առաջնորդ Սրբազան հայրը իր եզրափակիչ խօսքով բարձր գնահատեց Ալէնին եւ Լորիին ելոյթը, իրենց ծնողքին ազգային եւ ընտանեկան կեանքը շաղախող առօրեան պատկերաւոր եւ սքանչելի ձեւով հրամցնելուն համար: Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց Արեգն ու Հիլտան, Տօքթ. Արտաշէս Նշանեան ընտանիքը եւ Ս.Ն.Ա.Վ.-ի ընտանիքը, որոնք նման որակաւոր յայտագրով կը մեծարէին ու բարձր կը գնահատէին կամաւոր, նուիրեալ անդամներուն արժէքներն ու զոհողութիւնը:
Տէր Աբրահամ Քհնյ. Մալխասեանի Պահպանիչով իր աւարտին հասաւ երեկոյեան պաշտօնական մասը, որուն յաջորդեց կարկանդակի հատումը:
Ներկաները հիւրասիրուեցան ճաշակաւոր սեղանին վրայ շռայլօրէն տրամադրուած համադամ ուտելիքներով: Յանձնախումբի տիկինները գլխաւորութեամբ` Մարօ Ժամկոչեանին եւ Նայտա Ոսկերիչեանին ջանք չէին խնայած աչքի ու ստամոքսի վայելք ապահովող ախորժաբեր սեղանով մը գրաւելու հիւրերուն ուշադրութիւնը:
Երեկոն շարունակուեցաւ յիշատակի նկարներով հարստացնելու արխիւները եւ փոխադարձ գնահատանքի խօսքերով շնորհաւորելու օրուան մեծարեալ` Նշանեան Ամոլը:
ԹՂԹԱԿԻՑ

