Օրիենթացիա…Արեւելում…Հայկական օրիենթացիա…Հայերէն՝ արեւելում:
Այս օրերուն, մեր հայրենի ղեկավարութեան մօտ, փոշիներու մէջ մոռցուած, կորսուած ու լուսանցքի տակ առնուած է վերոյիշեալ ռազմավարութիւնը:
Այո°, դժբախտաբար տարիներ շարունակ երազած եւ գուրգուրանքի առարկայ դարձուցած այդ հայկական արեւելումը՝ հայրենի օրիենթացիան ոչ թէ միայն խոր թմբիրի մէջ է, այլ ըստ երեւոյթին արմատախիլ եղած է եւ այլեւս գոյութիւն չունի մեր ռազմավարութենէն բխող մարտավարական գործունէութեան դաշտէն եւ Հայոց նորագոյն Պատմութեան բնագաւառէն ներս:
ՀՀ ներկայ ղեկավարութիւնը, ամիսներէ ի վեր ձեռնարկած էր այլ անձնական եւ անձնասիրական հաշիւներու վրայ ճանապարհային քարտէս մը ստեղծել, որուն պտուղն է այդ միակողմանի եւ պարտուողական արձանագրութիւններու թղթածրարը:
Պարզ եւ մէկին, արտաքին քաղաքականութիւնը շեղած է իր հայկական արեւելումէն, ազգային-պետական ուղեգիծէն եւ առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններն ու ընթացող զարգացումները անդառնալի հետեւանքներ պիտի ստեղծեն:
Եթէ ազգային-պետական շահերը անձեռնմխելի նկատող եւ ամէն բանէ վեր դասող ղեկավարութիւն մը կիրարկէր ճկուն եւ հաստատակամ քաղաքականութիւն մը, բնականաբար վերածնած պիտի ըլլար եւ քաղաքական բեմ մուտք գործած՝ ընտրանին.- հայկական արեւելումը:
Սակայն, աւա¯ղ…Այսօրէական նուաստացուցիչ, մտահոգիչ եւ սահմռկեցուցիչ արեւելում մըն է, որ կը կիրարկուի, յառաջացնելով ո°չ թէ միայն յուսախաբութեան ալիք, այլ քանդելով ու ոջնջացնելով տասնեակ տարիներէ ի վեր, Հայ Դատի մարզէն ներս ճակտի քրտինքով ձեռք բերուած եւ արձանագրուած յաջողութիւնները:
Որքա¯ն կը մօտենայ համաձայնագրի «տը ֆաքթօ» ստորագրման օրը (Հոկտեմբեր 10-11, 2009), այդքա¯ն կը բազմանայ մեր պոռթկումն ու ընդվզումը:
Մինչ այդ այժմ կը տիրէ խաւարում:
Բացակայ է հայկական արեւելումը, որուն փոխարէն, յստակօրէն նկատելի է հայկական արեւամարը:
Չկայ հայկական «օրիենթացիա», այլ «ինէքզիսթենցիա» – հայկական չգոյութիւն:
«ՀԱՅՐԵՆԻՔ»