Հ.Օ.Մ.-Ը ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 500 ՀԱԶԱՐ ՏՈԼԱՐ ԿԸ ՅԱՏԿԱՑՆԷ ԿՐԹԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐՈՒ

0 0
Read Time:5 Minute, 5 Second

2008-2009 կրթա­կան տա­րեշր­ջա­նին, Հ.Օ.Մ.-ի զա­նա­զան մի­ա­ւոր­ներն ու Հ.Օ.Մ.-ի Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թիւնը աւե­լի քան $500,000 հա­զար տո­լա­րի յատ­կա­ցում­ներ կա­տա­րած են հայ­րե­նի տա­րածք­նե­րու եւ ար­տերկ­րի մէջ կրթա­կան նպա­տակ­նե­րու հա­մար:

»Հ.Օ.Մ.-ը միշտ առաջ­նա­հերթ կա­րե­ւո­րու­թիւն տուած է նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րու կրթու­թեան: Այս ծի­րին մէջ Հ.Օ.Մ.-ի զա­նա­զան եր­կիր­նե­րու մէջ գոր­ծող մի­ա­ւոր­նե­րը, իւ­րա­քան­չիւ­րը իր շրջա­նի կա­րիք­նե­րուն ու Հ.Օ.Մ.-ի մի­ա­ւո­րի կա­րո­ղու­թեան հա­մա­ձայն, առա­ւե­լա­գոյն ներդ­րու­մը կը փոր­ձէ կա­տա­րել կրթա­կան ծրա­գիր­նե­րու մէջ«,- հաս­տա­տեց Հ.Օ.Մ.-ի Կեդր. Վար­չու­թեան Երեմ­եան Կրթա­թո­շա­կի պա­տաս­խա­նա­տու Մայ­տա Մել­քոն­եա­նը: »Տաս­նամ­եակ­ներ շա­րու­նակ, սփիւռք­եան զա­նա­զան շրջան­նե­րու մէջ կրթա­կան գոր­ծին նե­ցուկ կանգ­նե­լու մեր առա­քե­լու­թեան կող­քին, պարտք կը զգանք նոյ­նօ­րի­նակ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ ստանձ­նել Հա­յաս­տա­նի, սա­կայն յատ­կա­պէս Ար­ցա­խի ու Ջա­ւախ­քի մէջ«,- աւել­ցուց Կեդր. Վար­չու­թեան ատե­նա­պե­տու­հի Վի­գի Մա­րաշլ­եա­նը, որ վեր­ջերս վե­րա­դար­ձած էր Ջա­ւախ­քէն, իր հետ բե­րե­լով Հ.Օ.Մ.-ի առա­ջին »Սօ­սէ« ման­կա­պար­տէ­զի մը հիմ­նադ­րու­թեան նախ­նա­կան տու­եալ­նե­րը:

Հ.Օ.Մ.-ը կրթա­կան նպաստ­ներ կը յատ­կաց­նէ մի քա­նի մա­կար­դա­կի վրայ.- հա­մալ­սա­րա­նա­կան ու­սա­նող­նե­րու կրթա­թո­շակ­ներ, կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու ուղ­ղա­կի յատ­կա­ցում­ներ, նա­խակր­թա­րա­նէն մին­չեւ եր­կրոր­դա­կան վար­ժա­րան­նե­րու կա­րի­քա­ւոր աշա­կերտ­նե­րու կրթա­թո­շակ­ներ ինչ­պէս նա­եւ սփիւռք­եան բազ­մա­թիւ շրջան­նե­րու մէջ Հ.Օ.Մ.-ի մի­օր­եայ եւ ամե­նօր­եայ վար­ժա­րան­նե­րու հո­վա­նա­ւո­րու­թիւն: Այս ծի­րին մէջ է, որ 2008-2009 տա­րեշր­ջա­նին Հ.Օ.Մ.-ի Հա­րա­ւա­յին Ամե­րի­կա­յի մի­ա­ւո­րը՝ $3,000, Արե­ւել­եան Ամե­րի­կա­յի մի­ա­ւո­րը $59,450, Արեւմտ­եան Ամե­րի­կա­յի մի­ա­ւո­րը՝ $78,000, Գա­նա­տա­յի մի­ա­ւո­րը՝ $141,600, Ֆրան­սա­յի մի­ա­ւո­րը՝ $104,000, Լի­բա­նա­նի մի­ա­ւո­րը՝ $61,133, Սուր­իոյ մի­ա­ւո­րը՝ $29,465, Յոր­դա­նա­նի մի­ա­ւո­րը՝ $3,265, Երու­սա­ղէ­մի մի­ա­ւո­րը՝ $1,000, Կիպ­րո­սի մի­ա­ւո­րը՝ $3,770, Յու­նաս­տա­նի Թրակ­իոյ եւ Մա­կե­դոն­իոյ մի­ա­ւո­րը՝ $1,425, Մեծն Բրի­տան­իոյ մի­ա­ւո­րը՝ $1,611, Աւստ­րալ­իոյ մի­ա­ւո­րը՝ $2,000 ամե­րիկ­եան տո­լար յատ­կա­ցու­ցած են կրթա­կան ծրա­գիր­նե­րու: Նոյ­նօ­րի­նակ կա­նո­նա­ւոր յատ­կա­ցում­ներ կը կա­տա­րեն նա­եւ Յու­նաս­տա­նի Աթէն­քի, Քուէյ­թի, Պուլ­կար­իոյ եւ Հ.Օ.Մ.-ի այլ մի­ա­ւոր­ներ:

»Հա­մա­հայ­կա­կան մա­կար­դա­կի վրայ կա­տա­րուող այս յատ­կա­ցում­նե­րուն վրայ կու գայ աւել­նա­լու Հ.Օ.Մ.-ի Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան տնօ­րին­ման են­թա­կայ Երեմ­եան Կրթա­թո­շա­կը«,- յայտ­նեց Կեդր. Վար­չու­թեան ան­դամ Մայ­տա Մել­քոն­եա­նը: »Հա­կա­ռակ անոր, որ Երեմ­եան Կրթա­թո­շա­կի Ֆոն­տը այս տա­րի հա­սոյթ չէր ապա­հո­ված, սա­կայն նա­խորդ տա­րի­նե­րու խնա­յո­ղու­թիւն­նե­րէն, Հ.Օ.Մ.-ի Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թիւնը այս տա­րի $11,400 ամե­րիկ­եան տո­լա­րի կրթա­թո­շակ­ներ տրա­մադ­րեց ար­տերկ­րի զա­նա­զան եր­կիր­նե­րէ, ինչ­պէս նա­եւ Հա­յաս­տա­նէն եւ Ար­ցա­խէն 19 հա­մալ­սա­րա­նա­կան ու­սա­նող­նե­րու«,- եզ­րա­փա­կեց ան:

Կ’ար­ժէ նշել, որ որ­պէս ու­սա­նող­նե­րու կրթա­թո­շակ կամ հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րու տրուող այս յատ­կա­ցում­նե­րէն ան­կախ, Հ.Օ.Մ.-ը Ար­ցա­խի մէջ կը հո­վա­նա­ւո­րէ »Սօ­սէ« ման­կա­պար­տէզ­նե­րու ցան­ցը, »Լա­ւա­գոյն Ու­սա­նող« ծրա­գի­րը ինչ­պէս նա­եւ »Որ­բե­րու Ուս­ման Ծրա­գիր«ը: Այս բո­լո­րը տե­ղի կ’ու­նե­նան շնոր­հիւ Հ.Օ.Մ.-ի մի­ա­ւոր­նե­րու եւ ան­հատ հո­վա­նա­ւոր­նե­րու նուի­րա­տուու­թիւն­նե­րուն: »Կոչ կ’ուղ­ղեմ մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն, իրենց նուի­րա­տուու­թիւն­նե­րով օժան­դա­կե­լու մե­զի, որ շա­րու­նա­կենք նե­ցուկ կանգ­նիլ հայ դպրո­ցին ու հայ հա­մալ­սա­րա­նա­կա­նին«,- յայտ­նեց Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան գան­ձա­պահ Միւրի­էլ Բար­սեղ­եա­նը: »Ձեր նուի­րա­տուու­թիւն­նե­րը կրնաք կա­տա­րել նա­եւ հա­մա­ցան­ցի ճամ­բով, այ­ցե­լե­լով մեր կայ­քէ­ջը՝ www.ars1910.org«,- եզ­րա­կա­ցուց ան:

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles