ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 13« 2009« ԿԱՄ՝ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑԻՆ ՎԵՐՋԱԿԷՏԸ

0 0
Read Time:11 Minute, 45 Second

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

 

Օգոս­տոս 31« 2009-ին Հա­յաս­տա­նի եւ Թուրք­իոյ մի­ջեւ ստո­րագր­ուած փրո­թո­քոլ­նե­րու գոր­ծըն­թա­ցը ար­դէն իր առա­ջին հանգր­ուա­նը թե­ւա­կո­խած է: Գո­յա­ցած հա­մա­ձայ­նու­թեան հի­ման վրայ« եր­կու կող­մե­րը սկիզբ տուած են ներ­քին խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րու:

Հա­յաս­տա­նի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բնա­կա­նո­նաց­ման ընդ­դի­մա­ցող­ներ կան բնա­կա­նա­բար Թուրք­իոյ մէջ: Ծայ­րա­յեղ ազ­գայ­նա­մոլ Աջին հա­մար ընդ­դի­մու­թիւնը սկզբուն­քա­յին/գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան բնոյթ ու­նի: Հոն է որ« փան­թուր­քա­կան կրքով վար­ուած« ատր­պէյ­ճա­նա­կան ազ­դա­կը ամե­նէն աւե­լի շեշ­տա­կի կեր­պով առաջ կը քաշ­ուի: Հա­մա­ձայ­նագ­րին դէմ են նա­եւ իշ­խա­նու­թեան վրայ գտնուող իս­լա­մա­կան հա­կու­մով Ար­դա­րու­թիւն եւ Բար­գա­ւա­ճում Կու­սակ­ցու­թեան հա­կադր­ուած քե­մա­լա­կան քա­ղա­քա­կան հատ­ուած­ներ« որոնց հա­մար շատ հա­ւա­նա­բար ներ­քին քա­ղա­քա­կան հա­շիւ­նե­րը« իշ­խա­նու­թեան պայ­քա­րը նոյն­քան« եթէ ոչ աւե­լի« կա­րե­ւոր են քան հա­յատ­եա­ցու­թիւնը: Հե­տաքր­քիր է« որ թրքա­կան զի­նուո­րա­կան շրջա­նակ­ներ ընդ­հան­րա­պէս լուռ են այս մա­սին« եւ այդ լռու­թիւնը ամե­նայն հա­ւա­նու­թեամբ պէտք է թարգ­մա­նել որ­պէս հա­կադ­րու­թեան բա­ցա­կա­յու­թիւն:

Այս բո­լո­րով հան­դերձ« կաս­կա­ծե­լի է որ Կիւլ« Էր­տո­ղան եւ Օս­ման­եան Կայս­րու­թեան ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մաս­նա­գէտ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Տա­վու­տօղ­լու իրա­կան դժուա­րու­թեան հան­դի­պին խորհր­դա­րա­նա­կան անհ­րա­ժեշտ քուէ­նե­րու հաշ­ուարկ­ման պա­հուն: Թրքա­կան քա­ղա­քա­կան շրջա­նակ­նե­րու« եւ աւե­լի լայն հան­րա­յին կար­ծի­քին« իրենց բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րուն մէջ պէտք չու­նին Հա­յաս­տա­նի հետ խա­ղա­ղու­թեան« հաշ­տու­թեան եւ բա­րիդ­րաց­ի­ա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մա­սին ճա­ռե­լէ: Այդ սի­րա­նոյ­շե­րու եր­գե­րը կրնան հրամց­նել նման մե­ղե­դի­ներ լսե­լու միշտ պատ­րաստ եւ­րո­պա­ցի­նե­րուն« եւ լրագ­րող­նե­րուն որոնց ար­դէն իսկ հա­մո­զած են որ հայ-թրքա­կան թշնա­մու­թեան հիմ­նա­կան պա­տաս­խա­նա­տուն հայ­կա­կան կողմն է« մա­նա­ւանդ Սփիւռ­քը… Անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն իսկ չեն տես­ներ թուրք պիզ­նիս­մէն­նե­րու դի­մե­լու« կամ նէ­օ­լի­պե­րալ տնտե­սա­գի­տա­կան տե­սու­թիւն­նե­րու կա­խար­դան­քով հիմ­նա­ւո­րել այն վար­կա­ծը« որ սահ­մա­նին բա­ցու­մը եր­կուս­տեք շա­հա­բեր է:

Իրեն­ցին­նե­րուն Կիւլ« Էր­տո­ղան եւ Տա­վու­տօղ­լու կը խօ­սին այն լե­զուով որ կը հասկ­նան ու կը սի­րեն. յաղ­թո°­ղի լեզո­ւով« եւ առանց պլը­ֆի« որով­հե­տեւ յա­ջո­ղած են իրենց նա­խա­պայ­ման­նե­րը պար­տադ­րել հայ­կա­կան կող­մին:

Փոք­րիկ ճիգ մը թե­րեւս տա­կա­ւին անհ­րա­ժեշտ է ղա­րա­բաղ­եան ճա­կա­տին վրայ« բայց Տա­վու­տօղ­լու« որ փրո­թո­քոլ­նե­րու ստո­րագր­ման յա­ջորդ օրն իսկ յայ­տա­րա­րեց որ հայ-թրքա­կան սահ­մա­նը պի­տի չբաց­ուի առանց այդ հար­ցի լուծ­ման ի նպաստ Ատր­պէյ­ճա­նի« յայ­տա­րա­րեց ամե­նայն ար­հա­մար­հան­քով դիւա­նա­գի­տա­կան նուա­զա­գոյն բա­րո­յա­կա­նին« եւ հայ­կա­կան կող­մէն պա­տաս­խան չստա­ցաւ: Այդ ար­դէն երաշ­խիք է« որ Հա­յաս­տան պատ­րանք­ներ պէտք չէ յա­րու­ցէ սահ­մա­նի բա­ցու­մէն յե­տոյ թուրք-ատր­պէյ­ճա­նա­կան դա­շին­քի մէջ ճեղ­քե­րու առա­ջաց­ման մա­սին« ինչ­պէս կը սի­րեն յո­խոր­տալ Սերժ Սարգս­եա­նի »ֆութ­պո­լա­յին դիւա­նա­գի­տու­թեան« ջա­տա­գով­նե­րը« որոնք« բնա­կա­նա­բար« ոչ իսկ կ’անդ­րա­դառ­նան թէ որ­քա°ն ծի­ծա­ղելի­օ­րէն ար­տա­ռոց կրնան ըլ­լալ իրենց այդ զա­ռան­ցան­քին մէջ… Ի դէպ« Օգոս­տոս 31« 2009-էն ի վեր Պաք­ուի ակ­րե­սիւ հա­կադ­րու­թիւնը՝ Հա­յաս­տա­նի եւ Թուրք­իոյ մի­ջեւ սահ­մա­նի վե­րա­բաց­ման հե­ռան­կա­րին: Պատ­ճա­ռը ան­շուշտ այն չէ« որ Երե­ւան յա­ջո­ղած է Ան­գա­րա­յին ան­ջա­տել Պաք­ուէն« այլ՝ Տա­վու­տօղ­լու հա­մո­զիչ կեր­պով Ալի­ե­ւին բա­ցատ­րած է« որ ոչ միայն ընդվ­զե­լու պատ­ճառ չու­նի« այլ եթէ բա­նա­կա­նօ­րէն նա­յի ստեղծ­ուե­լիք իրա­վի­ճա­կին պի­տի անդ­րա­դառ­նայ թէ Հա­յաս­տա­նի ընդ­հա­նուր պաշտ­պան­ուա­ծու­թիւնը որ­քա­նո°վ պի­տի թու­լա­նայ« տնտե­սա­կան այն կախ­ուա­ծու­թիւնը որ Հա­յաս­տա­նի պիզ­նիս­մէն­նե­րը« ի մաս­նա­ւո­րի անոնց մե­ծա­մաս­նա­կան »չար­չի« տե­սա­կը Վա­հան Յով­հան­նիս­եա­նի որա­կու­մով« պի­տի ու­նե­նան թուրք խա­նութ­պան­նե­րէ այն­քան խոր պի­տի ըլ­լայ« եւ այն­քան ան­գործ հա­յեր սահ­մա­նը պի­տի անց­նին եւ թրքա­կան »մար­դա­սի­րու­թեան« շնոր­հիւ իրենց ըն­տա­նիք­նե­րուն կե­րա­կու­րի դրամ պի­տի ու­ղար­կեն« որ Հա­յաս­տան ներ­քին դի­մադ­րա­կա­նու­թիւն իսկ չու­նե­նայ ար­տա­քին նուա­զա­գոյն ճնշու­մին դէմ: Ի վեր­ջոյ« ազատ շու­կա­յի տնտե­սա­կան տե­սու­թիւնը չի՞ նա­խա­տե­սեր որ եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ առեւ­տու­րի զար­գա­ցու­մը պա­տե­րազ­մի հա­ւակ­նու­թիւնը կը նուա­զեց­նէ… Ան­շուշտ« հոգ չէ թէ տե­սու­թիւնը կ’ան­տե­սէ որ այդ նուա­զու­մը կրնայ նա­եւ ար­դիւնք ըլ­լալ մէկ կող­մի տե­ղա­տուու­թեան:

Մնաց­եալ եր­կու խնդիր­նե­րով այլ բար­դու­թիւն­նե­ր չկան:

Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցը նախ փրո­թո­քոլ­նե­րէն մէ­կը կը նա­խա­տե­սէ յանձ­նա­ժո­ղո­վի առա­ջա­ցում« ինչ որ պարզ եւ մէ­կին գործ­նա­կա­նա­ցումն է դե­ռեւս 2005-ին այն ժա­մա­նակ եւ այ­սօր իշ­խա­նու­թեան գլուխ եղող ղե­կա­վար­նե­րու առա­ջար­կին« որուն թա­կար­դին մէջ չիյ­նա­լու հա­մար հայ­կա­կան կող­մը մէկ յստակ եւ կտրուկ պա­տաս­խան տար. Ո°չ: Այն ժա­մա­նակ այդ »Ո°չ«ը ըսող Նա­խա­գահ մը կար իշ­խա­նու­թեան գլուխ: Յե­տոյ եկաւ մէ­կը« որ »ին­չո՞ւ ոչ« ըսաւ Յու­նիս 2008-ին« իր ընտ­րու­թե­նէն հա­զիւ չորս ամիս անց: »Այո«ն չու­շա­ցաւ ձե­ւա­ւոր­ուիլ »ֆութ­պո­լա­յին դիւա­նա­գի­տու­թեամբ«« եւ այդ »այո«ն եղաւ Օգոս­տոս 31« 2009-ին ստո­րագր­ուած փրո­թո­քոլ: Թէ ին­չո°ւ այդ Նա­խա­գա­հին սկիզ­բէն կտրուկ եւ մի­ա­հա­մուռ կեր­պով կա­րե­լի չե­ղաւ Ո°չ ըսել« թէ ի°նչ պատ­ճառ­նե­րով Սեպ­տեմ­բեր 5« 2008-էն Ապ­րիլ 22« 2009« եւ թե­րեւս մին­չեւ իսկ Օգոս­տոս 31« 2009« տա­կա­ւին պատ­րանք կար որ »ին­չո՞ւ ոչ« շախ­մա­տա­յին տակ­տի­կա­կան շար­ժում է վե­րա­կազ­մե­լու հա­մար Սի­ցիլ­ի­ա­կան Պաշտ­պա­նու­թիւնը եւ ոչ թէ իր ու­նեց-չու­նե­ցա­ծը բաղ­դա­խա­ղի սե­ղա­նին դնե­լու մո­լու­թիւն« այդ ար­դէն հայ ազ­գի գո­յու­թե­նա­կան նո­րա­գոյն հար­ցում­նե­րէն պէտք է ըլ­լայ… Այս բո­լո­րը« սա­կայն« Ան­գա­րա­յի մէջ նստող­նե­րուն խնդի­րը չեն: Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցը յանձ­նա­ժո­ղո­վի քննարկ­ման յանձ­նե­լով« Տա­վու­տօղ­լու հպար­տու­թեամբ պի­տի կա­րե­նայ ար­ձա­նագ­րել« որ Հայ­կա­կան Հար­ցին լուծ­ման վեր­ջա­կէ­տը ի°ր կա­ռա­վա­րու­թիւնը դրած պի­տի ըլ­լայ:

Բայց մա­նա­ւանդ սահ­ման­նե­րու հաս­տա­տագ­րու­մը« այն ակ­տը որուն հե­տե­ւան­քը պի­տի ըլ­լայ Արեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի աս­տի­ճա­նա­կան ան­հե­տա­ցու­մը նոյ­նիսկ հա­յա­տառ տեքս­տե­րէն« ուր ար­դէն հազ­ուա­գիւտ է« եթէ եր­բեք կայ« պաշ­տօ­նա­կան փաս­տա­թուղ­թե­րու մէջ որոնք խիստ զգա­յուն են ոչ-օրի­նա­կան յղաց­քնե­րու գոր­ծա­ծու­թեան առըն­չու­թեամբ՝ »դիւա­նա­գի­տա­կա­նօ­րէն ճշգրիտ«ին դէմ չմե­ղան­չե­լու նա­խան­ձախնդ­րու­թեամբ« մա­նա­ւանդ երբ Հա­յաս­տա­նի դիւա­նա­գի­տու­թիւնը բա­ցա­ռա­բար »ֆութ­պո­լա­յին« տի­նա­մի­քով կ’ու­զէ յատ­կանշ­ուիլ… Բայց նա­եւ ոչ-պաշ­տօ­նա­կան տեքս­տե­րէն« ուր ար­դէն »ազա­տամ­տու­թեան« ալի­քին վրայ բարձ­րա­ցած Արեւմ­տա­սէր« լի­բե­րալ յա­ռա­ջա­պահ­ներ զարկ կու տան »Անա­տօ­լու«ի գոր­ծա­ծու­թեան: Ա°յս« ահա­ւա­սիկ« մեծ յաղ­թա­նակ մը պի­տի ըլ­լայ Կիւլ-Էր­տօ­ղան-Տա­վու­տօղլ­ուի հա­մար« եւ այդ մա­սին հա­մո­զե­լու հա­մար փրո­թո­քոլ­նե­րու ներ­քին խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րու վեց շաբթ­ուայ ժամ­կէտ նշա­նակ­ուած է: Փաս­տա­թուղ­թը ստո­րագ­րած Նալ­բանդ­եան« կամ իր խորհ­րդա­տու­նե­րէն մէ­կը« կամ չեն կրցած հասկ­նալ այդ վեց շաբթ­ուայ քա­ղա­քա­կան իմաս­տը« կամ ալ պար­զա­պէս կա­րե­ւո­րու­թիւն չեն տուած: Փա­նԱր­մին­եա­նի վեր­լու­ծող­նե­րէն մէկն է որ բա­ցա­յայ­տեց ժա­մա­նա­կա­ցոյ­ցին իմաս­տը Սեպ­տեմ­բեր 14« 2009-ին. վեց շա­բա­թեայ պայ­մա­նա­ժա­մը կ’աւար­տի Հոկ­տեմ­բեր 11ին« Հոկ­տեմ­բեր 13-ին 1921-ին ստո­րագր­ուած Կար­սի Դաշ­նագ­րին տա­րե­դարձն է – այն դաշ­նագ­րին որուն հի­ման վրայ ալ պի­տի ֆիքս­ուին Հա­յաս­տա­նի եւ Թուրք­իոյ սահ­ման­նե­րը-« Հոկ­տեմ­բեր 14-ին Հա­յաս­տա­նի եւ Թուրք­իոյ ֆութ­պո­լի հա­ւա­քա­կան­նե­րու մրցումն է Պուր­սա­յի մէջ« ուր ներ­կայ պի­տի ըլ­լայ Սերժ Սարգս­եան: Վի­րա­ւո­րան­քին վրայ նա­խա­տինք ալ աւելց­նե­լով« թրքա­կան կող­մը հաս­տա­տեց որ հա­մա­ձայ­նու­թեան ստո­րագ­րու­թեան հա­մար նա­խա­տես­ուած է Հոկ­տեմ­բեր 13-ը: Ինչ որ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գա­հին փա­կուղիի առ­ջեւ կը դնէ: Թուրք­իա-Հա­յաս­տան մրցու­մին ան պէտք է եր­թայ« մա­նա­ւանդ եթէ հրա­ւէր կայ իր թուրք պաշ­տօ­նա­կի­ցին կող­մէ« այ­լա­պէս Կիւ­լին բա­րի­կա­մե­ցո­ղու­թեան ժես­տը պի­տի չփո­խա­դարձ­ուի« եւ այդ մէ­կը դիւա­նա­գի­տա­կա­նօ­րէն ոչ միայն խիստ ան­յար­մար է« այլ նոյ­նիսկ ան­քա­ղա­քա­վա­րի: Բայց Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գա­հը յայ­տա­րա­րած է« որ մրցու­մին պի­տի եր­թայ միայն եթէ սահ­մա­նը բաց­ուի: Արդ« այդ սահ­մա­նը պի­տի բաց­ուի փրո­թո­քոլ­նե­րու հի­ման վրայ անոնց գործ­նա­կա­նաց­ման հա­մա­ձայ­նագ­րի ստո­րագ­րու­թեան ար­դիւն­քով: Բայց այդ ստո­րագ­րու­թիւնը չի կրնար իրա­կա­նա­նալ Հոկ­տեմ­բեր 11-էն առաջ« որով­հե­տեւ Թուրք­իա կրնայ պատ­ճա­ռա­բա­նել« որ ներ­քին բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը տա­կա­ւին չեն աւար­տած: Կը մնայ Հոկ­տեմ­բեր 12-ը« բայց մէկ օր յե­տաձ­գե­լը իս­կա­պէս հարց չէ:

Ամէն պա­րա­գա­յի« եթէ եր­կու կող­մե­րէն մէ­կը վերջ չդնէ փրո­թո­քոլ­նե­րու գոր­ծըն­թա­ցին եւ սահ­ման­նե­րու հաս­տա­տագր­ման եւ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցի յանձ­նախմ­բա­յին քննարկ­ման պայ­մա­նա­ւո­րում­նե­րով յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բնա­կա­նո­նաց­ման հա­մա­ձայ­նա­գի­րը ստո­րագր­ուի« թրքա­կան կող­մը եր­կու հե­տե­ւո­ղա­կան օրե­րու ըն­թաց­քին եր­կու յաղ­թա­նակ պի­տի տօ­նէ. Կար­սի Դաշ­նագ­րի 88-ամ­եա­կը« եւ թրքա­կան հա­ւա­քա­կա­նին կո­լե­րը Հա­յաս­տա­նի հա­ւա­քա­կա­նին դէմ:

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles