Հ.Օ.Մ.-Ի ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ

0 0
Read Time:3 Minute, 43 Second

Օգոս­տոս 31, 2009-էն ի վեր հայ ժո­ղո­վուր­դի ու­շադ­րու­թիւնը սե­ւե­ռած է Հա­յաս­տա­նի եւ Թուրք­իոյ մի­ջեւ նա­խաս­տո­րագր­ուած փաս­տա­թուղ­թին վրայ, որ եր­կու եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բնա­կա­նո­նաց­ման գոր­ծըն­թաց մը կը փոր­ձէ նա­խա­տե­սել:

Կը գի­տակ­ցինք, որ հայ եւ թուրք ժո­ղո­վուրդ­նե­րը կոչ­ուած են իրա­րու կող­քին ապ­րե­լու. սա­կայն կը հա­ւա­տանք նա­եւ, որ որե­ւէ դրա­ցի եր­կիր­նե­րու եւ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու մի­ջեւ խա­ղաղ գո­յակ­ցու­թեան պայ­ման­նե­րը կը կազ­մեն ար­դա­րու­թիւնը, իրա­ւունք­նե­րու փո­խա­դարձ յար­գան­քը եւ ան­կեղծ վե­րա­բեր­մուն­քը:

Մեկ­նե­լով այս հա­ւա­տամ­քէն, Հա­յաս­տա­նի եւ Թուրք­իոյ մի­ջեւ, Զուի­ցե­րոյ մաս­նակ­ցու­թեամբ նա­խաս­տո­րագր­ուած փաս­տա­թուղ­թը կը հա­մա­րենք հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւնն ու իրա­ւունք­նե­րը ան­գամ մը եւս ոտ­նա­կո­խող փաս­տա­թուղթ, որ հայ եւ թուրք ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն մի­ջեւ խա­ղա­ղու­թիւն հաս­տա­տե­լու փո­խա­րէն նո­րա­նոր տագ­նապ­նե­րու դուռ կրնայ բա­նալ միայն:

Կ’ակն­կա­լէ­ինք, որ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի յայ­տա­րա­րած խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րու շրջա­նին կա­րե­լի պի­տի ըլ­լար հայ­րե­նի եւ սփիւռ­քի հա­յու­թեան ներդ­րու­մով այս  փաս­տա­թուղ­թը բա­րե­փո­խել, սրբագ­րել եւ զայն հիմ­նել մարդ­կա­յին ար­դա­րու­թեան եւ իրա­ւունք­նե­րու հաս­կա­ցողու­թիւն­նե­րուն վրայ: Հաս­կա­ցողու­թիւն­ներ՝ որոնք կ’են­թադ­րեն Թուրք­իոյ կող­մէ Հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թեան գոր­ծադ­րու­թեան պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան ըն­դու­նում եւ հա­մա­պա­տաս­խան հա­տու­ցու­մի յանձ­նա­ռու­թեան ստանձ­նում: Սա­կայն յու­սա­խա­բու­թեամբ կ’իմա­նանք, որ փաս­տա­թուղ­թը փո­փո­խե­լի չէ եւ զայն կա­րե­լի է լրիւ ըն­դու­նիլ կամ լրիւ մեր­ժել:

 

Այս պայ­ման­նե­րուն մէջ, Հայ Օգ­նու­թեան Միու­թիւնը, հայ ժո­ղո­վուր­դին ազ­գա­յին շա­հե­րուն հիմ­նո­վին հա­կադ­րուող ու Հա­յաս­տա­նի ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թիւնը խախ­տող այս փաս­տա­թուղ­թը կը գտնէ մեր­ժե­լի: Այս մեր­ժու­մը կը յայ­տա­րա­րենք միու­թեան 26 եր­կիր­նե­րու մէջ տա­րած­ուած մի­ա­ւոր­նե­րու եւ ան­դամ­նե­րու անու­նով: Միու­թիւն, որուն այս­քան մե­ծա­թիւ եր­կիր­նե­րու մէջ տա­րա­ծու­մը նոյ­նինքն հե­տե­ւանք է Ցե­ղաս­պա­նու­թեան. միու­թիւն՝ որ 1915-էն սկսեալ տաս­նամ­եակ­ներ շա­րու­նակ զբա­ղած է Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հե­տե­ւան­քով որ­բա­ցած երե­խա­նե­րու հա­ւա­քով ու խնա­մա­տա­րու­թեամբ եւ ճիգ չէ խնա­յած սե­րունդ­նե­րուն մօտ հայ ժո­ղո­վուր­դի մարդ­կա­յին եւ ազ­գա­յին իրա­ւունք­նե­րու հե­տապնդ­ման ջա­հը վառ պա­հե­լու:

 

Այ­սու թուր­քի եա­թա­ղա­նէն այր­ի­ա­ցած հայ կնոջ ու որ­բա­ցած հայ մա­նու­կին անու­նով կոչ կ’ուղ­ղենք Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն ետ կանգ­նե­լու ան­դուն­դի եզ­րէն, անդ­րա­դառ­նա­լու հե­տե­ւանք­նե­րու ահա­ւո­րու­թեան եւ մի­ա­նա­լու տխրահռ­չակ այս փաս­տա­թուղ­թե­րուն դէմ աշ­խար­հով մէկ ծա­ւա­լած բո­ղո­քին, մեր­ժեն այս փաս­տա­թուղ­թը վե­րա­կանգ­նե­լով հայ ժո­ղո­վուր­դի ու ժո­ղո­վուրդ-պե­տու­թեան մի­աս­նա­կա­նու­թիւնը:

 

Հ.Օ.Մ.-Ի ԿԵԴ­ՐՈ­ՆԱ­ԿԱՆ ՎԱՐ­ՉՈՒ­ԹԻՒՆ

Սեպ­տեմ­բեր 25, 2009

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles