Խմբագրական

ՎԵՐԱԴԱՌՆԱԼ ՈՒ ՎԵՐԱՊՐԵՑՆԵԼ …ՀԱՒԱՏՔ, ՅՈՅՍ ԵՒ ՍԷՐ

p1 main Echmiazin_op  Պատմական է Սեպտեմբեր 24-էն 27, 2013-ի Էջմիածինի մէջ գումարուած Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց ժողովը, թէ՛ իր պատմականով եւ թէ՛ ներկայ օրերուն դիմագրաւած դժուարութիւններով:

Կատարելագործուած, մեքենակայացած եւ գերարդիականացած աշխարհը, հետզհետէ աւելի կը դժուարացնէ ապրելաձեւ, սովորութիւններ, կրօնք, հաւատք եւայլն:

Նոյնիսկ ներկայ քաղաքական կացութիւնն ու անցուդարձերը կը փաստեն թէ շատ բան փոխուած եւ նոյնիսկ աղաւաղուած է կրօնական բնագաւառը:

Ներկայ օրերը կը նշուին իրենց անիշխանութեամբ, ընդդիմութեամբ (ընդհանրապէս ծայրայեղ) , պահանջատիրութեամբ: Եւ այլեւս հասարակութիւնը, ոչ մէկ վախ ունի իշխանութեան եւ բռնատիրութեան հանդէպ: Այս գծով, նոյնիսկ կրօնքն ալ կ՛օգտագործուի իբրեւ զէնք, պայքարելու եւ պետութիւններ տապալելու համար: Բնականաբար, այս կացութեան դիմաց, վտանգուած եւ  ահազանգի մէջ է կրօնական տրամախօսութիւնը, ուր ծայրայեղ մտածումներ մուտք գործած են եւ կը քանդեն այս մթնոլորտը, նոյնինքն աղաւաղելով կրօնական աշխարհը: Բնականաբար, հարցը դարաշրջանի սկիզբէն ի վեր սկսած երեւոյթ մըն է, որուն գահավէժ ընթացքը կը շարունակուի վերջին տարիներուն, Սուրիոյ մէջ:

Դեռ վերջերս, Վատիկանի Փրանկիսկոս Պապն իսկ ահազանգ հնչեց վերոյիշեալ իրավիճակին դէմ եւ ներ-կրօնական ապրելաձեւի առնչութեամբ ալ, կոչ ուղղեց բարեկարգութեան, ոչ թէ միայն կարեւորելով  եկեղեցւոյ ծէսը, աստուածաբանական մտածողութիւնն ու դաւանաբանական ուսուցումները, այլ նաեւ համեստ կեանք եւ ոճ որդեգրելով:

Հայկական միջավայրի մէջ, իբրեւ քրիստոնէութիւնը կրօնք որդեգրած աշխարհի անդրանիկ պետութիւն, Հայաստանը, հայութիւնն ու Առաքելական եկեղեցին իրենց կարգին կարիքն ունի բարեկարգութեան եւ վերանորոգման քարտէսի մը, որուն պատրաստութիւնն ու բանաձեւումը հաւանաբար շատ աւելի դիւրին է, քան նոյնինքն կիրարկումը:

Տեղին է վերատեսութեան ենթարկել Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ մարտահրաւէրները, առաքելութիւնն ու նպատակը: Կատարել տեղին ինքնաքննադատութիւններ, շտապօրէն եւ առանց յապաղումի, հայ եկեղեցւոյ ծիսական կեանքէն ներս խոր արմատներ նետած թերութիւններն ու յոռի բարքերը սրբագրել եւ անշուշտ լծուիլ աշխատանքի:

Ժամանակն է դուրս գալ աշխարհիկ կազմակերպութիւն մը դառնալու այս իրավիճակէն եւ իբրեւ հոգեւոր գործօն, կեանքի կոչել արժէքները եւ վերադառնալ ու վերապրեցնել հայաստանեայց եկեղեցւոյ հաւատքը, յոյսն ու սէրը:

 

ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Պոսթըն – Մասաչուսէց

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button