ՄԵՐ ԿՈԿՈՐԴԸ ՆԵՂ Է…

0 0
Read Time:5 Minute, 29 Second

Հա­յաս­տան-Թուրք­իա հա­մա­ձայ­նու­թեան նա­խա­գի­ծին առ­թած դժբախտ երե­ւոյթ­նե­րուն շար­քին է մեր պատ­մու­թեան ու յստակ իրա­ւունք­նե­րուն շուրջ հա­յու­թեան մի­աս­նա­կա­նու­թեան խախ­տու­մը:

Ար­դա­րեւ« Օգոս­տո­ս 31էն աս­դին« հայ­կա­կան քա­ղա­քա­կան-ազ­գա­յին բե­մին վրայ սկսած է ուր­ուագծ­ուիլ տա­րօ­րի­նակ բե­ւե­ռա­ցում մը. մինչ կու­սակ­ցու­թիւն­ներ ու քա­ղա­քա­կան բա­զմա­թիւ խմբա­ւո­րում­ներ կը վե­րա­հաս­տա­տեն մեր ազ­գա­յին ու պատ­մա­կան իրա­ւունք­նե­րուն հան­դէպ հա­ւա­տար­մու­թիւնն ու յանձ­նա­ռու կեց­ուած­քը« ան­դին«  մին­չեւ իսկ կարգ մը աւան­դա­պահ ու ցարդ ազ­գա­յին գի­ծին հա­ւա­տա­րիմ մի­ա­ւոր­ներ« ան­բա­ցատ­րե­լի ու անտ­րա­մա­բա­նա­կան շու­տի­կու­թեամբ մը« անձ­նատ­ուա­կան գի­ծին նկատ­մամբ հաս­կա­ցո­ղու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­լու քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն կը խա­ղան« մո­ռնա­լով մին­չեւ երէկ իրենց որ­դեգ­րած ար­դա­րա­տենչ ըն­թաց­քը:

Ինք­նաժխ­տու­մի այս դրսե­ւո­րու­մը« գու­մար­ուե­լով Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն անձ­նա­տուու­թեան պատ­րաս­տա­կա­մու­թեան վրայ« հայ­կա­կան իրա­կա­նու­թեան մէջ ի յայտ կը բե­րէ հա­մա­ձայ­նա­գիր­նե­րուն կողմ եւ դէմ եղող­նե­րու խմբա­ւո­րում­ներ« ի տես որոնց« Ան­գա­րա­յի մէջ« տեղ մը« Թուրք­իոյ պե­տա­կան մար­դի­կը հա­ւա­նա­բար իրենց ձեռ­քե­րը իրա­րու կը շփեն բա­ցա­յայտ գո­հու­նա­կու­թեամբ« մտա­ծե­լով« որ հա­յու­թեան հա­մար ամէ­նէն հիմ­նա­կան հար­ցե­րուն դի­մա­կայ­ման մէջ« մեր մի­ա­կա­մու­թիւնն ու մի­աս­նա­կա­նու­թիւնը սկսած է ճեղ­քեր կրել:

Նման պատ­կե­րի ստեղծ­ման ան­մի­ջա­կան պա­տաս­խա­նա­տուն« բնա­կա­նա­բար« նոյ­նինքն Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւնն է« որուն ու­սե­րուն կը ծան­րա­նայ նա­եւ կա­ցու­թիւնը շրջե­լու եւ ար­դա­րու­թեան ու­ղին վե­րա­կանգ­նե­լու պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւնը:

Թուրք­իոյ ու խորհր­դա­կից­նե­րուն ժպիտ­նե­րը պէտք է մնան ան­վա­ղոր­դայն: Սե­ղա­նի վրայ դրուած հար­ցը՝ Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան ՀԱՐ­ՑԵ­ՐՈՒՆ ՀԱՐՑՆ է« եւ ոչ թէ ճամ­բեզ­րի հա­մա­ձայ­նա­գիր մը կամ եր­րոր­դա­կան պայ­մա­նագ­րու­թիւն մը« որուն շուրջ վէճ կամ տա­րա­կար­ծու­թիւն ու­նե­նա­լը կրնայ առող­ջու­թեան նշան իսկ ըլ­լալ: Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չումն ու ար­դար հա­տու­ցու­մը« Ար­ցա­խի հար­ցին ար­դար լու­ծու­մը եւ շրջա­նին մէջ մեր հայ­րե­նի­քին բար­գա­ւաճ­ման ու զար­գաց­ման իրա­ւուն­քը հիմ­նա­հար­ցեր են« որոնք չեն կրնար սա­կար­կու­թեան դրուիլ կամ նա­խա­պայ­ման­նե­րու կապ­ուիլ: Անոնց շուրջ վէճ չի կրնար ստեղծ­ուիլ: Մեր էու­թեան կապ­ուած հար­ցե­րու մէջ մի­ա­կա­մու­թիւնը« ինչ­պէս միշտ« այ­սօ’ր ալ կա­րե­ւոր է ու կեն­սա­կան:

Խա­ղա­ղու­թիւն« բա­րի-դրաց­նու­թիւն ու բար­գա­ւա­ճում խոս­տա­ցող գոր­ծակ­ցու­թիւն չեն կրնար հիմն­ուիլ անար­դա­րու­թեան« պատ­մա­կան ճշմար­տու­թեանց դրժու­մին ու մեր ազ­գա­յին ու հո­ղա­յին իրա­ւունք­նե­րուն բա­նադ­րան­քին վրայ: Երե­ւա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րէն՝ ողջ հա­յու­թեան« մեր պատ­մու­թեան ու իրա­ւուք­նե­րուն հա­ւա­տա­րիմ զանգ­ուած­նե­րուն պա­հանջն է ետ կանգ­նիլ ան­դար­մա­նե­լի սխալ­նե­րու տա­նող ուղի­էն« հիմ­նա­կան վե­րա­տե­սու­թիւն­ներ պա­հան­ջել հա­մա­ձայ­նա­գի­րի նա­խա­գի­ծին մէջ ու այդ ուղ­ղու­թեամբ գոր­ծի լծել պե­տա­կան մե­քե­նան« դիւա­նա­գի­տա­կան անձ­նա­կազմն ու բո­լոր կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը« մեկ­նա­կէտ ու­նե­նա­լով այն պարզ ու յստակ ճշմար­տու­թիւնը« որ 1915էն առաջ թէ ան­կէ ետք« մենք՝ հա­յերս« զո­հերն ենք Ցե­ղաս­պա­նու­թեան« բռնա­դա­տու­թեանց« ան­տե­սու­մի« հայ­րե­նազր­կու­մի ու մի­ա­կող­մա­նի պա­շա­րու­մի: Այս իրա­ւուք­նե­րուն տի­րու­թեան մէջ հա­յու­թիւնը մի­ա­կամ է ու պի­տի մնայ« ան­կախ ան­կէ« թէ ո’ր եր­կին­քին տակ գտնուի եւ ի’նչ դրօշ կը ծա­ծա­նի անոր գլխա­վե­րե­ւը: Երե­ւա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն կող­մէ ճիշդ ուղի­ին վե­րա­դար­ձը անոր կող­քին պի­տի ապա­հո­վէ ողջ հա­յու­թեան ու­ժա­կա­նու­թիւնը« հա­մա­պա­տաս­խան պատ­գամ պի­տի ուղ­ղէ բա­րե­կամ­նե­րու թէ հա­կա­ռա­կորդ­նե­րու:

Պէտք է յի­շեց­նել« ու պի­տի յի­շեց­նե’նք աշ­խար­հին« որ բարդ հան­գոյց­նե­րու լու­ծու­մը իրա­ւունք­նե­րու ան­հա­տոյթ թա­ղու­մով կամ անի­րա­ւու­թեան նուի­րա­կա­նու­ցու­մով չþըլ­լար« այլ՝ սխալ­նե­րու սրբագ­րու­թեան ու ոճիր­նե­րու դէմ հա­տուց­ման ուղի­ով:

Արե­ւել­քի եւ Արեւ­մուտ­քի երէ­կի ու այ­սօր­ուան հզօր­նե­րը լաւ գի­տեն« պէտք է լաւ սոր­ված ըլ­լան« որ փոքր եր­կիր­նե­րու եւ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու կո­կոր­դը նեղ է« կա­րե­լի չէ ցան­կա­ցած անար­դա­րու­թիւն կո­խել ան­կէ վար« եւ սպա­սել« որ փոքր ստա­մոքս­նե­րը մար­սեն զա­նոնք: Ընդ­հա­կա­ռակն« անոնց­մէ պէտք է պա­հան­ջել« որ իրենց խօսքն ու արարք­նե­րը հա­մա­պա­տաս­խան ըլ­լան իրա­րու:

 

Ս. ՄԱՀ­ՍԷ­ՐԷՃ­ԵԱՆ

Սեպ­տեմ­բեր 13, 2009

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles