Լուսանկարներ՝ Իննա Մխիթարեանի
Նունէ Աղբալեան եզակի արուեստագէտ մըն է: Ան 27 տարիէ ի վեր կը կատարէ նկարչութիւն՝ մետաքսի վրայ: Վրձինը կը սահի մետաքսին վրայ: Ներդաշնակ գոյներ կը ստեղծեն իւրայատուկ ճոխութիւն մը:
Նունէ կրթութիւն ստացած է Մոսկուայի մէջ: Ան կը դասաւանդէ մշակութային բազմաթիւ կեդրոններէ ներս եւ արդէն իսկ իր աշակերտները հասած են բարձր համբաւի:
Վերջերս, այս իւրայատուկ արուեստը մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծած է եւ զբօսաշրջիկներ այցելելով կը գնեն Նունէի գործերը:
Նունէին գործերը արդէն իսկ ցուցադրուած են Եւրոպայի, Գանատայյի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ: