ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի նախագահի երդման երկու արարողութիւն տեղի ունեցաւ վերոյիշեալ օրը: Ընտրուած նախագահ Սերժ Սարգսեան կատարեց իր երդումը “Կարէն Տէմիրճեան“ի անուան Մարզահամերգային համալիրին մէջ, իսկ Րաֆֆի Յովհաննէսեան “Ազատութիւն“ հրապարակին վրայ կատարեց իր “Նոր Հայաստան“ի երդումը, ներկայութեամբ հոծ բազմութեան մը:
Ազգային ժողովի յատուկ նիստին ընթացքին, Սերժ Սարգսեան երկրորդ անգամ հնգամեայ ժամկէտով ստանձնեց նախագահի պարտականութիւնները:
Խորհրդարանի յատուկ նիստին ընթացքին տեղի ունեցաւ նախագահի երդման արարողութիւնը եւ Սերժ Սարգսեան իր աջը դնելով Սահմանադրութեան մայր օրինակին եւ Վեհամօր Աւետարանին վրայ, արտասանեց նախագահի երդման բնագիրը. “Ստանձնելով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը` երդում կու տամ անվերապահօրէն կատարել սահմանադրութեան պահանջները, յարգել մարդկային եւ քաղաքացիի իրաւունքներն ու ազատութիւնները, ապահովել հանրապետութեան անկախութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը եւ անվտանգութիւնը` ի փառս Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ի բարօրութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովուրդի“:
Նախագահի երդումէն ետք օրհնութեան խօսք ուղղեց Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը: Այնուհետեւ Սերժ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ձայն տուած ու չտուած քաղաքացիներուն: Ան նշեց, որ գիտէ, թէ այլ թեկնածուներուն ձայն տուածները իրենց քայլով դժգոհութիւն արտայայտած են երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող խնդիրներուն վերաբերեալ, յստակ ուղերձ յղած են իշխանութիւններուն եւ այդ ուղերձը տեղ հասած է:
Սարգսեան մատնանշեց քանի մը առաջնահերթութիւններ, զորս խոստացաւ կեանքի կոչել: Անոնցմէ առաջինը տնտեսական յառաջընթացն է: Ան Հայաստանի հիմնախնդիրներէն առանձնացուց արտագաղթը, անգործութիւնը եւ աղքատութիւնը:
Իբրեւ երկրորդ առաջնահերթութիւն Սերժ Սարգսեան նշեց իրաւունքի գերակայութեան ապահովումը:
Իբրեւ երրորդ առաջնահերթութիւն Սարգսեան մատնանշեց ժողովրդավարութեան խորացումը: Ան խրատեց 5 տարի առաջուան Հայաստանը բաղդատել այսօրուան Հայաստանի հետ եւ տեսնել տարբերութիւն: Ան յայտնեց, որ եղածով պիտի չբաւարարուի:
Անդրադառնալով արտաքին քաղաքականութեան խնդիրներուն` Սերժ Սարգսեան նշեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրին խաղաղ լուծումը կը մնայ եւ պիտի մնայ Հայաստանի առաջնահերթութիւնը, այնքան ատեն, որ վերջնական լուծում չէ գոյացած: “Միաժամանակ, մենք հետեւողականօրէն պիտի աշխատինք մեր անվտանգութեան մակարդակը բարձրացնելու ուղղութեամբ: Այստեղ մենք չենք թերագնահատեր միջազգային որեւէ գործօն, մենք շնորհակալ ենք բոլոր անոնց, որոնք կ՛օժանդակեն շրջանին մէջ կայունութեան ապահովման, բայց մենք պարտաւոր ենք նախ եւ առաջ ապաւինիլ մեր ուժերուն: Հաւանական բացասական զարգացումներու պարագային հակառակորդը զսպելու եւ խաղաղութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը քննարկման առարկայ չէ“, շեշտեց նախագահ Սարգսեան:
Հայաստանի նախագահը յայտարարեց, որ Հայաստան իր դրացիներուն առաջարկած էր համամարդկային արժէքներու վրայ խարսխուած արժանապատիւ խաղաղութիւն, սակայն նախորդ տարիներու փորձառութիւնը ցոյց տուած է, որ անոնք պատրաստ չեն ընդունելու այդ առաջարկը: Ըստ նախագահին` անոնք որքան բարդ պայմաններ կը ստեղծեն Հայաստանի համար, այդքան աւելի զօրաւոր կը դառնայ Հայաստանը:
Նախագահը յայտարարեց, որ պէտք է ապահովել Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան աշխուժ զարգացումը: Ան շեշտեց, որ մրցունակ եւ զարգացման տանող իւրաքանչիւր ներդրումային ծրագիր պիտի ստանայ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն աջակցութիւնը:
Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան պահանջով, կառավարութիւնը ներկայացուց իր հրաժարականը: Սահմանադրութեան 55-րդ յօդուածին 4-րդ կէտին համաձայն, հանրապետութեան նախագահը կ՛ընդունի կառավարութեան հրաժարականը հանրապետութեան նախագահին կողմէ իր պաշտօնը ստանձնելու օրը:
Նախագահի երդմնակալութեան արարողութենէն ետք կառավարութիւնը իր ամբողջ կազմով` վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի գլխաւորութեամբ, այցելեց նախագահական նստավայր: Տիգրան Սարգսեան շնորհաւորեց Սերժ Սարգսեանը Հայաստանի նախագահի պաշտօնը երկրորդ անգամ ստանձնելու առիթով:
“Պարո՛ն նախագահ, մեզի համար մեծ պատիւ էր ձեզի հետ աշխատիլ եւ որեւէ քաղաքական-պետական գործիչի համար, մեծ պատասխանատուութիւն եւ երջանկութիւն է բարձր պաշտօններուն մէջ ծառայել սեփական ժողովուրդին, աշխատիլ Հայաստանի նախագահին հետ: Ես կ՛ուզեմ նշել, որ այս տարիներուն ընթացքին Ձեր քաղաքական ղեկավարութեան ներքեւ մեր խումբը նուիրական ձեւով փորձած է կատարել իր առջեւ Ձեր կողմէ դրուած բոլոր խնդիրները: Անշուշտ մենք ունեցած ենք դժուար օրեր, ունեցած ենք ոչ միայն յաջողութիւններ, այլ նաեւ բացթողումներ եւ սխալներ: Պարո՛ն նախագահ, ապագային ամենայուսալի խորհրդատուն անցեալն է“, ըսաւ վարչապետը:
Այնուհետեւ Տիգրան Սարգսեան ընթերցեց կառավարութեան հրաժարականի դիմումը: Ընդունելով կառավարութեան հրաժարականը‘ նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնեց կառավարութեան անդամներուն միացեալ աշխատանքի համար:
“Ես համոզուած եմ, որ մեր միացեալ գործունէութիւնը եղած է արդիւնաւէտ: Կասկածէ վեր է, որ մեր քաղաքացիներուն հսկայական զանգուած մը դժգոհ է մեր աշխատանքէն, բայց յարգելի գործընկերներ, կ՛ուզեմ, որ դուք համոզուած ըլլաք‘ մարդիկ դժգոհ են ոչ թէ մարդոցմէ, այլ եղած հարցերէն: Դուք ակնյայտօրէն աշխատած էք բարդ պայմաններուն մէջ լուծել շատ մը պարագաներու մէջ անկարելի թուացող խնդիրներ, դիմագրաւած էք մարտահրաւէրները, ինչ որ պատիւ կը բերէ ձեզի“, յայտնեց Սարգսեան:
ՐԱՖՖԻ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆԻ ԵՐԴՈՒՄԸ
“Ազատութիւն“ հրապարակին վրայ, Րաֆֆի Յովհաննէսեան կատարեց “Նոր Հայաստան“-ի երդումը: Ան բառ-բառ կ՛արտասանէր երդման բնագիրը, իսկ հաւաքուած ժողովուրդը կը կրկնէր անոր խօսքերը:
“Ես` Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիս, այսօր կը լուծարեմ իմ կապերս ներկայ անօրինական իշխանութեան հետ: Կը յայտարարեմ, որ չեմ ճանչնար կեղծ ղեկավարները, չեմ հնազանդիր սուտ օրէնքներուն, չեմ հնազանդիր անիրաւ հրամաններուն, ես լիազօրուած եմ իրաւունքովս, պաշտպանուած եմ սահմանադրութեամբ եւ ես չեմ վախնար, եւ ես չեմ ծախուիր, եւ ես չեմ նահանջեր: Մենք` Հայաստանի չորրորդ հանրապետութեան քաղաքացիներս, երդում կու տանք մեր պապերու երազանքով, մեր երեխաներու ապագայով, մեր պետութեան սահմանադրութեամբ, որ մենք պիտի պայքարինք, պիտի պայքարինք ամէնուր, պիտի պայքարինք սիրով, պիտի պայքարինք հաւատքով եւ պիտի չյոգնինք, պիտի չհիասթափուինք, յոյս պիտի տանք իրարու, ուժ պիտի տանք իրարու եւ մենք պիտի յաղթենք“, երդում տուին Րաֆֆի Յովհաննէսեան եւ անոր համակիրները:
Անդրադառնալով Մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի ունեցած Սերժ Սարգսեանի երդման արարողութեան` Յովհաննէսեան յայտնեց, որ ինք չէ հետեւած արարողութեան, բայց եթէ Սերժ Սարգսեան երդում տուած է եւ եթէ վեհափառը օրհնած է այդ երդումը, ինք չի ճանչնար ո՛չ Սերժ Սարգսեանը եւ ո՛չ ալ կաթողիկոսը:
“Ո՛չ կեղծ երդման, ո՛չ կեղծ նախագահին եւ ո՛չ կեղծ վեհափառին“, յայտնեց Րաֆֆի Յովհաննէսեան:
Թէեւ նախապէս նախատեսուած էր, որ “Նոր Հայաստան“-ի երդմնակալութենէն ետք համերգ տեղի պիտի ունենար, սակայն Րաֆֆի Յովհաննէսեան որոշեց երթ կատարել Երեւանի փողոցներով` անցնելով Հիւսիսային պողոտայէն եւ Հանրապետութեան հրապարակէն, ապա ծաղիկներ զետեղեց Միասնիկեանի արձանին վրայ` 1 Մարտի տասը անմեղ զոհերու յիշատակին: Յովհաննէսեան այցելեց նաեւ Ս. Յովհաննէս եկեղեցի, ապա ուղեւորուեցաւ նախագահի նստավայրը: Մոսկովեան փողոցէն բարձրանալով Բաղրամեան փողոց, Յովհաննէսեան եւ անոր աջակիցները հանդիպեցան մահակներով, վահաններով եւ սաղաւարտներով հանդերձաւորուած ոստիկաններու պատնէշին:
Րաֆֆի Յովհաննէսեանի աջակիցներու բազմութիւնը փակեց Բաղրամեան փողոցի երթեւեկութիւնը:
Րաֆֆի Յովհաննէսեան, մօտենալով ոստիկաններուն, փորձեց ճեղքել պատնէշը, սակայն հանդիպեցաւ դիմադրութեան: Ոստիկանները սկսան վահաններով ետ հրել ցուցարարները: Ամբոխին մէջէն ոստիկաններուն ուղղութեամբ քանի մը մոմեր շպրտուեցան, անոնք բաժնուած էին հանրահաւաքի մասնակիցներուն` Ծիծեռնակաբերդ տանելու համար: Ընդդիմադիրները, սակայն, անմիջապէս սաստեցին մոմեր նետողները:
Րաֆֆի Յովհաննէսեան, ոստիկաններով շրջափակուած, բարձրախօսով ելոյթ ունեցաւ եւ դիմելով ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեանին, կոչ ուղղեց ցուցմունք տալ ոստիկաններուն, որ բանան ճամբան` թոյլ տալով իրեն համակիրներուն ուղեկցութեամբ խաղաղ երթով Բաղրամեան փողոցով երթալ դէպի Ծիծեռնակաբերդ:
Յովհաննէսեան հանդարտութեան կոչ ուղղեց իր աջակիցներուն, այնուհետեւ դիմելով ոստիկաններուն, յորդորեց անոնց հանգիստ, իրենց պարտականութեան ծիրէն ներս ուղեկցիլ ցուցարարներուն:
“Եթէ ոչ Ապրիլ 9-ը ազգային միասնութեան փոխարէն թող ըլլայ, ձեր ձեռքով, ձերբակալութիւններու, քաղաքական բանտարկեալներու օր“, ըսաւ Յովհաննէսեան:
Սակայն, ոստիկանութիւնը անդրդուելի մնաց: Ցուցարարները փորձեցին երկրորդ անգամ ըլլալով ճեղքել ոստիկանական պատը եւ կրկին հանդիպեցան դիմադրութեան:
Աւելի ուշ Բաղրամեան փողոց եկաւ ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեան: Շրջապատուած ոստիկաններու սաղաւարտներով ան եւ Րաֆֆի Յովհաննէսեան մօտ 15 վայրկեան բանակցութիւններ վարեցին, որմէ ետք Րաֆֆի Յովհաննէսեան Գասպարեանի ուղեկցութեամբ գնաց դէպի Մոսկովեան փողոց, եւ հոնկէ` դէպի Ծիծեռնակաբերդ:
Երբ Րաֆֆի Յովհաննէսեանի առաջնորդութեամբ ցուցարարները կը փորձէին Բաղրամեան պողոտայով Ծիծեռնակաբերդ երթալ, եւ ոստիկանները փակեցին անոնց ճամբան, բախում տեղի ունեցաւ ոստիկաններուն եւ ցուցարարներուն միջեւ: Ոստիկանները փորձեցին մահակներով ցրուել ցուցարարները: Ըստ “Երկիր“-ի թղթակիցին, այդ ընթացքին բաւական շատ հարուածներ ստացաւ Ժառանգութիւն կուսակցութեան փոխնախագահ Արմէն Մարտիրոսեան: Արիւնլուայ վիճակի մէջ Արմէն Մարտիրոսեան կալանքի տակ առնուեցաւ ոստիկանութեան կողմէ: Ձերբակալուեցան նաեւ բազմաթիւ այլ ցուցարարներ, որոնցմէ մաս մը ուշ գիշերին ազատ արձակուեցան:
Կալանաւորուեցաւ նաեւ նախագահի նախկին թեկնածու Անդրէաս Ղուկասեան:
Երթին մասնակից ցուցարարները բաժնուեցան երկու մասի‘ ոստիկանութեան արգելքին պատճառով: Մաս մը մնաց Բաղրամեան պողոտային վրայ, իսկ միւս մասը Րաֆֆի Յովհաննէսեանին եւ ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեանի ուղեկցութեամբ շարունակեց իր ճամբան դէպի Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, ուր կատարուեցաւ աղօթք եւ մոմավառութիւն:
Մոմավառութենէն ետք Յովհաննէսեան վերադարձաւ Բաղրամեան պողոտայ` իմանալով, որ Անդրէաս Ղուկասեան ձերբակալուած է: Ան բանակցեցաւ ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեանի հետ: Յովհաննէսեան նշեց, որ իրենք պիտի չընկրկին, պիտի չյուսահատին եւ պիտի շարունակեն պայքարը, ինք թոյլ պիտի չտայ, որ որեւէ մէկը իր անձնական հաշիւներուն համար օգտագործէ շարժումը: Ան խոստացաւ հրաժեշտ տալ ժողովուրդին, դարձեալ հանդիպելու համար Ուրբաթ Ապրիլ 12-ին:

