Յօդուածներ

ՀԱ­ՄԵ­ՄԱ­ՏԱ­ԿԱՆ ԱԿ­ՆԱՐԿ.- ԵՐԷԿ ԻՐԱ­ՔԱ­ՀԱ­ՅԵ­ՐԸ, ԱՅ­ՍՕՐ ՍՈՒՐ­Ի­Ա­ՀԱ­ՅԵ­ՐԸ

 p5 ՆԱՅԻՐԻ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ-ՏԱՂԼԵԱՆ

1980-ական թուա­կան­նե­րուն Իրա­քի մէջ հա­յու­թեան թիւը կը կազ­մէր 25.000: Հա­յե­րու ար­տա­գաղ­թը երկ­րէն սկսաւ Իրան-Իրաք պա­տե­րազ­մի օրե­րուն, իսկ երբ իրաք­եան քա­րիւ­ղի բուր­մուն­քին չդի­մա­ցող տէ­րու­թիւնը ներ­խու­ժեց եր­կիր, իրա­քա­հա­յե­րը` դարձ­եալ կորսնց­նե­լով իրենց ան­դոր­րը, այս ան­գամ (2003 թուա­կա­նին) տար­բեր եր­կիր­ներ գաղ­թե­լու կող­քին, անոնց մէկ մա­սը, շուրջ հա­զար հայ, բռնեց հայ­րե­նիք տա­նող ու­ղին, որոնց­մէ ոմանք ճամ­բայ ելան Հա­յաս­տան մնա­լու յոյ­սով, իսկ ոմանք ալ այն­տե­ղէն Եւ­րո­պա անց­նե­լու հա­մար: Այ­սօր, Իրա­քի մէջ հա­յու­թեան թիւը կը կազ­մէ ըն­դա­մէ­նը 5000:

2009 թուա­կա­նին, Հա­յաս­տան հա­սած իրա­քա­հա­յե­րու թիւը կտրուկ նուա­զե­ցաւ` հաս­նե­լով 600-ի: Հա­յաս­տա­նէն Եւ­րո­պա մեկ­նե­լու նպա­տա­կով հայ­րե­նիք ժա­մա­նած իրա­քա­հա­յե­րէն զատ, Հա­յաս­տան մնա­լու մտադ­րու­թիւն ու­նե­ցող­ներն ալ բռնե­ցին նոյն ճա­նա­պար­հը` Հա­յաս­տա­նի մէջ նպաս­տա­ւոր պայ­ման­ներ չգտնե­լու պատ­ճա­ռով եւ այլ եր­կիր­նե­րու մէջ աւե­լի լաւ կեանք ու­նե­նա­լու յոյ­սով:

Հա­յաս­տա­նի մէջ մնա­յուն բնա­կու­թիւն հաս­տա­տե­լու գծով հիմ­նա­կան չլու­ծուող խնդիր­նե­րը ան­գոր­ծու­թիւնն ու կա­ցա­րան­ներն են: Այ­սօր Հա­յաս­տա­նի մէջ կը բնա­կի իրա­քա­հայ 100 ըն­տա­նիք (450 անձ): Հա­յաս­տան հաս­տատ­ուած իրա­քա­հա­յե­րը հիմ­նե­ցին “Իրա­քա­հա­յե­րու Միու­թիւն“ հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւնը, որ գրանց­ուե­ցաւ եւ օրի­նա­կան կար­գա­վի­ճակ ստա­ցաւ, հո­գա­լու հա­մար իրա­քա­հա­յե­րու կա­րիք­նե­րը եւ լու­ծե­լու անոնց ըն­կե­րա­յին, կրթա­կան եւ առող­ջա­պա­հա­կան խնդիր­նե­րը:

Իրա­քա­հա­յե­րու ներ­գաղ­թի օրե­րուն Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թիւնը ձե­ւա­ւոր­ուած չէր, ուս­տի գաղ­թա­կան­նե­րուն կը դի­մա­ւո­րէր ար­տա­գաղ­թի պե­տա­կան վար­չու­թիւնը եւ անոնց ապաս­տան կը տրա­մադ­րէր Մա­սի­սի շրջա­նի Դարբ­նիկ գիւ­ղին մէջ: Այդ գիւ­ղին մէջ, Մ.Ա.Կ.-ի կող­մէ վե­րա­նո­րոգ­ուած 46 բնա­կա­րան­նե­րէն միայն 26-ի մէջ բնա­կու­թիւն հաս­տա­տե­ցին իրա­քա­հայ ըն­տա­նիք­նե­րը, մնաց­եա­լը` չկա­րե­նա­լով ըն­տե­լա­նալ այն­տեղ ապ­րե­լու մտքին հետ, տու­ներ վար­ձե­ցին Երե­ւա­նի մէջ, իսկ գաղ­թա­կան­նե­րու հինգ տո­կո­սը ու­նէր սե­փա­կան բնա­կա­րան:

Իրա­քա­հա­յե­րուն շօ­շա­փե­լի օգ­նու­թիւն ցու­ցա­բե­րեց միայն Մ.Ա.Կ.-ը, սահ­մա­նա­փակ­ուե­լով պե­տու­թեան կող­մէ տրա­մադր­ուած կա­ցա­րան­նե­րու նո­րո­գու­թեամբ:

Այժմ Դարբ­նիկ գիւ­ղի իրա­քա­հայ բնա­կիչ­նե­րուն թիւը նուա­զած է 16 ըն­տա­նի­քի, իսկ ազատ բնա­կա­րան­նե­րէն վե­ցը տրա­մադր­ուած են սուր­ի­ա­հայ ըն­տա­նիք­նե­րու:

Հայ­կա­կան “Կար­միր Խաչ“ի եւ “Առա­քե­լու­թիւն Հա­յաս­տան“ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու օգ­նու­թեամբ, իրա­քա­հա­յե­րուն հա­մար կազ­մա­կերպ­ուե­ցան հա­յոց լեզ­ուի, հա­մա­կարգ­չա­յին եւ այլ դա­սըն­թացք­ներ, մին­չեւ որ շա­տեր ըն­տե­լա­ցան տե­ղի կեան­քին եւ աշ­խա­տանք գտան:

Պէտք է նշել, որ Իրա­քի մէջ հա­յե­րէն լեզ­ուի իմա­ցու­թիւնը բարձր մա­կար­դակ չէ ու­նե­ցած, ոչ բո­լոր իրա­քա­հա­յե­րը լա­ւա­պէս կը տի­րա­պե­տեն մայ­րե­նի լեզ­ուին: Անոնց­մէ Հա­յաս­տան հաս­տատ­ուած­նե­րէն միայն տա­սը ան­հատ ու­նին բարձ­րա­գոյն կրթու­թիւն, աշ­խա­տող ու­ժի մեծ մա­սը ար­հես­տա­ւոր­ներ են:

Հա­յաս­տա­նի մէջ առայ­սօր ապ­րող 450 իրա­քա­հա­յե­րէն միայն 300 հո­գի ու­նի Հ.Հ. քա­ղա­քա­ցիու­թիւն, իսկ մնա­ցա­ծը կը պա­հէ փախս­տա­կա­նի իր կար­գա­վի­ճա­կը` մտա­ծե­լով այդ­պէս կրնան օգտ­ուիլ այլ իրա­ւունք­նե­րէ: Յիշ­եալ թիւէն միայն 24-ը հա­մալ­սա­րա­նի ու­սա­նող­ներ են, որոնք կը դժուա­րա­նան իրենց ուս­ման թո­շա­կը վճա­րե­լու: Այս տա­րի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան տրա­մադ­րած 1 միլի­ոն դրա­մը յատ­կաց­ուե­ցաւ այդ նպա­տա­կին ծա­ռա­յե­լու հա­մար:

Այ­սօրմերխնդիր­նե­րովգլխա­ւո­րա­բարկըզբա­ղիՀ.Հ. Սփիւռ­քինա­խա­րա­րու­թիւնը: Բո­լորհար­ցե­րովկըդի­մենքանոնց, եւիրենքմե­զիկ՛օգ­նենիրենցհնա­րա­ւո­րու­թեանսահ­ման­նե­րէններս,- ըսաւ իրա­քա­հա­յե­րու միու­թեան նա­խա­գահ Վի­գէն Կէ­տիկ­եան, իրա­քա­հա­յե­րու մա­սին բո­լոր տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը մե­զի փո­խան­ցե­լու զրոյ­ցի ըն­թաց­քին: Կէ­տիկ­եա­նի կար­ծի­քով` իւ­րա­քան­չիւր հա­յու հա­մար ամե­նէն ապա­հով վայ­րը Հա­յաս­տանն է:

 

***

 

Սուր­իոյ հա­յու­թեան թիւը, մին­չեւ 2010 թուա­կան, պաշ­տօ­նա­կան եւ ոչ պաշ­տօ­նա­կան տու­եալ­նե­րով կազ­մած է 60-80 հա­զար: Ամե­նա­հա­յա­շատ քա­ղա­քը Հա­լէպն է, անոր կը յա­ջոր­դեն Գամիշ­լին, Դա­մաս­կո­սը, Լա­թաք­ի­ան եւ Քե­սա­պը:

Վեր­ջին մէկ տար­ուան ըն­թաց­քին, Հ.Հ. Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան փո­խան­ցած վեր­ջին տու­եալ­նե­րուն հա­մա­ձայն (8-11-2012թ.) Սուր­իա­յէն Հա­յաս­տան եկած է 9500-10.000 հայ` տար­բեր նպա­տակ­նե­րով. զբօս­նե­լու, նոր կեանք սկսե­լու, քա­ղա­քա­ցիու­թիւն ստա­նա­լու, այլ եր­կիր մեկ­նե­լու կամ ժա­մա­նա­կա­ւոր ապա­հով ապաս­տան գտնե­լու հա­մար: Յիշ­եալ թիւէն 5500-6000-ը տա­կա­ւին կը մնայ Հա­յաս­տա­նի մէջ, ըն­տա­նիք­նե­րէ բա­ցի զգա­լի թիւ կը կազ­մեն առան­ձին երի­տա­սարդ­ներ, որոնք կը խու­սա­փին դարձ­եալ բա­նակ զօ­րա­կոչ­ուե­լէն: Մօտ 30 ըն­տա­նիք եւ որոշ թիւով երի­տա­սարդ­ներ ան­ցած են Եւ­րո­պա եւ այլ եր­կիր­ներ, մնա­ցա­ծը` մօտ 4000-ը, վե­րա­դար­ձած է Սուր­իա:

Երե­ւա­նի սուր­ի­ա­հա­յե­րու յա­տուկ “Կի­լիկ­իա“ դպրոց կը յա­ճա­խեն 270 աշա­կերտ, այն­տեղ կը պաշ­տօ­նա­վա­րէ սուր­ի­ա­հայ 18 ու­սու­ցիչ-ու­սուց­չու­հի: Երե­ւա­նի այլ դպրոց­ներ կը յա­ճա­խեն 222 աշա­կերտ: Երե­ւա­նի աւագ դպրոց կը յա­ճա­խեն 165 աշա­կերտ, Հա­յաս­տա­նի շրջան­նե­րու մէջ ման­կա­պար­տէզ եւ դպրոց յա­ճա­խող­նե­րուն թիւը կը կազ­մէ մօտ 90 երե­խայ: Հա­մալ­սա­րան կը յա­ճա­խէ 120 ու­սա­նող:

Փախս­տա­կա­նի կար­գա­վի­ճակ ու­նի 50 ըն­տա­նիք (80 հո­գի), որոնց­մէ 30 ըն­տա­նիք կա­ցա­րան ստա­ցած է, իսկ քսա­նը իրենց ցան­կու­թեամբ կ՛ապ­րին վար­ձով տու­նե­րու մէջ:

Հ.Հ. Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան աջակ­ցու­թեամբ եւ միջ­նոր­դու­թեամբ աշ­խա­տան­քի տե­ղա­ւոր­ուած է մօտ 100 սուր­ի­ա­հայ:

Վեր­ջերս ստեղծ­ուած է “Սուր­ի­ա­հա­յե­րու հիմ­նախն­դիր­նե­րը հա­մա­կար­գող կեդ­րոն“ հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւնը, որուն նա­խա­գահն է սուր­ի­ա­հայ Լե­նա Հա­լաճ­եա­նը:

Հա­յաս­տա­նի մէջ գոր­ծող տար­բեր կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ կ՛աջակ­ցին Հա­յաս­տան բնա­կող սուր­ի­ա­հա­յե­րուն կա­րիք­նե­րը հո­գա­լու` Հ.Բ.Ը.Մ.-ը բնա­կա­րան վար­ձե­լու հա­մար ըն­տա­նիք­նե­րուն կը տրա­մադ­րէ 60 հա­զար դրամ: Առող­ջա­պա­հա­կան խնդիր­նե­րը լուծ­ուած են պե­տու­թեան կող­մէ, դար­մա­նա­տու­նե­րէն ներս սուր­ի­ա­հա­յե­րու բու­ժու­մը անվ­ճար է: Առող­ջա­կան խնդիր­նե­րու լուծ­ման կ՛աջակ­ցի նա­եւ Գարա­կէ­օզ­եան հաս­տա­տու­թիւնը, Ա.Մ.Ն. Հայ Աւե­տա­րան­չա­կան միու­թիւնը կ՛օգ­նէ դե­ղո­րայ­քով եւ ատամ­նա­բու­ժա­կան ծի­րէն ներս օգ­նու­թեամբ, իսկ Հ.Օ.Մ.-ը` տաք հա­գուստ, ձմրան անհ­րա­ժեշտ այլ կա­րիք­ներ եւ սնունդ կը տրա­մադ­րէ:

Սուր­ի­ա­հա­յե­րուն հայ­րե­նիք ժա­մա­նու­մի առա­ջին օրէն, օդա­կա­յա­նէն սկսեալ, գլխա­ւոր աջակ­ցու­թիւն ցու­ցա­բե­րող կա­ռոյ­ցը եղած է Հ.Հ. Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թիւնը, որուն մի­ջո­ցով ու միջ­նոր­դու­թեամբ լուծ­ուած են կրթա­կան, առող­ջա­պա­հա­կան, կեն­ցա­ղա­յին, ըն­կե­րա­յին եւ օրէնսդ­րա­կան բազ­մա­թիւ խնդիր­ներ:

Սուր­ի­ա­հա­յե­րու հիմ­նա­կան խնդի­րը Հա­յաս­տա­նի մէջ կը մնայ աշ­խա­տան­քի եւ բնա­կա­րան­նե­րու խնդի­րը:

Ըսել, որՀա­յաս­տա­նիիշ­խա­նու­թիւնըոչինչըրածէսուր­ի­ա­հա­յե­րունհա­մար` ապե­րախ­տու­թիւնէ, Հա­յաս­տանմե­զիօգ­նու­թիւնցու­ցա­բե­րածէկրթա­կան, առող­ջա­պա­հա­կան, ըն­կե­րա­յին, օրէնսդ­րա­կանտար­բերխնդիր­ներլու­ծե­լովեւիրենցկա­րո­ղու­թեանսահ­ման­նե­րէններս, օգ­նու­թեանձեռքմեկ­նածեննա­եւտար­բերկազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներեւմիու­թիւն­ներ,- կը հաս­տա­տէ Լե­նա Հա­լաճ­եան:

Թէ 5500-6000 սուր­ի­ա­հա­յե­րէն որ­քա­նը կը մնայ Հա­յաս­տա­նի մէջ, ցոյց պի­տի տան ժա­մա­նակն ու Սուր­իոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցող իրա­դար­ձու­թիւն­նե­րը: Սուր­ի­ա­հա­յե­րու հայ­եացք­նե­րը միշտ ուղղ­ուած են Սուր­իա, ուր ձգած են իրենց ողջ ու­նեց­ուած­քը, կեան­քի պատ­մու­թիւնը, որ ժամ առ ժամ կը փլուզ­ուի:

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button