ԱՄԱՆՈՐԵԱՅ ՏՕՆԱԾԱՌ

0 0
Read Time:49 Second

 

p1 xmas-tree Գոյնզգոյն լոյսերն ու եղեւնին կը տիրապետեն Երեւանի վրայ: Արդարեւ, Հինգշաբթի Դեկտեմբեր 20-էն ի վեր, ձեռամբ Երեւանի քաղաքապետին, ազդանշանը տրուեցաւ տօնական օրերուն: Վառ են ամանորեայ կեդրոնական տօնածառի լոյսերը եւ լուսաւոր` մայրաքաղաքի տարբեր շրջաններէն ներս, տեղադրուած տօնական ծառերն ու զարդերը:

armenia-winter-snow Այս տարուայ Երեւանի Կեդրոնական հրապարակի տեղադրուած գլխաւոր տօնածառի բարձրութիւնը 32 մեթր է: Անիկա պատրաստուած է վեց հազար ճիւղերէ, որոնք տեղափոխուած են տարբեր մարզերէ: Տօնածառի լուսային ձեւաւորման համար օգտագործուած են աւելի քան յիսուն հազար լոյսեր, որոնց երկարութիւնը գրեթէ 11 մղոն (17 քիլոմեթր) է:

yerevan xmasf Երեւանի զանազան շրջաններէ ներս լուսաւոր ձեւաւորում ստացած են ընդամէնը 450 ծառ, եւ տեղադրուած են աւելի քան տասը ձեւաւոր մոմեր եւ մսուրներ: Տարբեր այլ վայրերու մէջ եւս ուրախ երեկոներ պիտի կազմակերպուին:

yerevan-christmas Այսպէս, փառատօնի բոլոր օրերուն Ազատութեան հրապարակին վրայ պիտի կազմակերպուին անհատական եւ խմբային բազմազան խաղեր` ուրախ փինկուիններ, պոուլինկ, նկարչական պատ, լապիրինթ եւ այլն: Երեխաներու համար պիտի կատարուին  հեքիաթային ներկայացումներ:

snow-yerevan-santa-children Դեկտեմբեր 28ին` Այսօր…նախատեսուած է Կաղանդ Պապերու մրցավազքը, ուր կրնան մասնակցիլ մեծ թէ փոքր բոլոր փափաքողները: Միակ պայմանը` կրել կարմիր զգեստ, գլխարկ եւ մօրուք:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles