Մուսա Լերան հովիտներու վրայ, Արեւուն ճառագայթներով փայփայուած շերտ մը հողի վրայ կը գտնուի փոքրիկ գիւղ մը, ուր կեանքը դեռ կը շարունակուի բնութեան իր նախկին կշռոյթով, խանդավառուած ժողովրդական փառատօներով ու շրջապատուած նարինջի անտառներով: Համայնքային կեանքի համերաշխութիւնը գիւղի բնակիչները առանձին չի ձգեր թերեւս, բայց միեւնոյն ատեն նոր սերունդին ապագայ մը չի խոստանար:
Վաքըֆլը Գիւղ, Թուրքիոյ մէջ ոտքի մնացած վերջին հայկական գիւղն է որ ունի հազիւ 135 հոգինոց համայնք մը, որ բոլոր երկրին մէջ մնացած քանի մը տասնեակ հազար հայ բնակչութեան փոքրիկ մէկ մասը կը ներկայացնէ: Ասիկա շատ փոքրիկ թիւ մըն է, նկատի առած որ հազիւ դար մը առաջ նոյն տարածաշրջանի վրայ կ’ապրէին շուրջ երկու միլիոն հայեր: Մուսա Լեռ այսինքն Մովսէսի Լեռը իր շուքին տակ կը պարունակէր այլ հինգ գիւղեր եւս, որոնք կարողութիւնը չունեցան դիմանալու պատմութեան կատաղութեան դիմաց ու ջնջուեցան 1900-ի սկիզբի Հայոց Ցեղասպանութեան աղիտալի օրերուն: Վերապրողներէն շատեր փոխադրուեցան Լիբանան, միայն այս փոքրիկ գիւղի ժողովուրդը, լերան ստորոտը կը շարունակէ իր գոյատեւման պայքարը` զինուած մէկ ձեռքին ունենալով նարինջ մը, իսկ միւսին մէջ` բաժակ մը օղի:
Այս փոքրիկ համայնքը, իր առօրեայ աշխատանքով մեզ ցոյց կուտայ այն եռանդը եւ ուժը որ կը գտնուի իրենց հոգիներուն մէջ: Աշխատանքով լեցուն կեանք մը, կէս մնացած երազներ, ուսանելու կամ աւելի լաւ ապրուստ ապահովելու համար իրենց տունը ձգելով հեռանալու ու իրենց բոլոր կեանքը իրենց գիւղէն հեռու ապրելու ստիպողականութիւն: Բայց այդ հողերը, իրենց խորքին մէջ կը պարունակեն այդպէս ուժ մը, որ իր բոլոր որդիները առաջին առիթով ետ դէպի Մուսա Լեռ կը կանչէ, ուր որ ալ ըլլան անոնք: Մուսա Լերան զաւակները կրնան հաստատուած ըլլալ զանազան քաղաքներ, անոնք կրնան ապրիլ այլ վայրերու մէջ, բայց անոնց իսկական տունը ի վերջոյ Վաքըֆլը Գիւղի մէջ կը գտնուի:
Բնակչութեան իմաստութիւնը եւ իրենց աւանդութիւններու հանդէպ անոնց ունեցած յարգանքը, զանոնք շղթայի օղակներու նման զիրար կը միացնէ եթէ նոյնիսկ իրենց մէջ գտնուին մշակութային, կրօնական ու մտայնութեան տարբերութիւններ: Ասոր ամենալաւ օրինակն է Մէհմէտը, որ իսլամ կրօնքի պատկանող թուրք մըն է, որ կ’աջակցի թուրք ազգայնական կուսակցութեան մը, բայց ծնած է հոս` Վաքըֆլը, ուր կը բնակի մինչեւ այսօր: Իր մանկութեան բոլոր ընկերները հայ են, ուստի կը խօսի հայերէն:
Վաքըֆլըի մէջ երկու յարկանի տուներուն դռները, որոնց մէջ կը բնակին երեք չորս զաւակի տէր ընտանիքներ` միշտ բաց են բոլոր հիւրերուն առջեւ, ըլլան անոնք զբօսաշրջիկ, լրագրող կամ բնակիչ: Նոր սերունդները, անոնք որքան որ ալ հպարտ ըլլան իրենց արմատներէն ու իրենց պատկանած մշակոյթէն, ստիպուած են գաղթելու: Ոմանք աւելի լաւ ապագայ մը ապահովելու, ոմանք աւելի լաւ ուսում մը ստանալու, իսկ ոմանք ալ իրենց մայրենի լեզուն սորվելու համար, որովհետեւ միայն Պոլսոյ հայկական վարժարաններու մէջ է, որ անոնք կրնան հայերէն լեզուի դասաւանդութիւն ստանալ:
Վաքըֆլը գիւղի հայերէն բարբառը, նկատի առնելով որ իր բնակիչներուն տարիքը օր է օր կը յառաջանայ, անհետացման վտանգի տակ կը գտնուի: Դժբախտաբար միայն լեզուն չէ որ կը նուաղի Վաքըֆլըի մէջ, այլ կը նուաղին նաեւ հին աւանդութիւնները ու անոնց կը գերազանցեն նոր սերունդներու սովորութիւնները: Ճանիք կը բացատրէ թէ 1950-ական թուականներուն, իրենց գիւղի մէջ ժողովուրդը լաւ չէր ընդուներ եթէ զոյգ մը հասարակութեան մէջ իրարու հետ տեսնուէր: Նոյնիսկ երբ ինք զինուորութեան պարտականութեան համար պիտի հեռանար իր գիւղէն, վերջին օրը հրաժեշտի պահուն երբ ան բռնած էր իր կնոջ ձեռքը, ասիկա անհանգստութիւն պատճառած էր ժողովուրդին: Հիմա 12 տարիներ են որ գիւղին մէջ նոր ամուսնութիւն մը չէ իրականացած :
Ապագան յոյս չի տար: Երիտասարդները վերականգնումի օդը կը շնչեն: Անոնք մշակոյթ, ուսում, լաւ ապագայ կը ցանկան բայց լաւ ապրուստ կը փափաքին ու այս նպատակով կը ձգեն իրենց գիւղը եւ կը հեռանան, իրենց մէջ կրելով այն յոյսը, որ օր մը իրենց մեծ հայրերուն նման պիտի վերադառնան գիւղ: Այսպէս Վաքըֆլը գիւղը օրէ օր կը պարպուի:
Տասնըհինգ տարեկան մանկամարդ աղջնակ մը` Մելինէ, որ ապագային կը փափաքի հոգեբան ըլլալ, կը գանգատի ըսելով թէ ժամանակը որքան արագ կ’անցնի գիւղէն ներս, համեմատած Պոլսոյ, ուր հոն ինք կ’ուսանի: Գիւղին մէջ գործի հնարաւորութիւնները սահմանափակուած են: Նարնջենիներով լեցուն հովիտները զիրենք կը հպարտացնեն թերեւս, բայց բաւարար չեն անոնց բոլորին համար եկամուտ ապահովելու: Վաքըֆլըի մէջ մարդիկ բոլոր օրը կ’աշխատին բայց այդ դժուար աշխատանքի փոխարէն անոնց շահած դրամը հազիւ կը բաւէ իրենց առօրեայ հացը ապահովելու համար:
“Եթէապրուստիեւդրամշահելուհամարպայքարելուստիպուածչէք, Վաքըֆլը գիւղը շատգեղեցիկվայրմընէ“, կ’ըսէ Թորոս, որ տեղացի համեստ մարդ մըն է: Ան Շիրին անունով սիրուն շուն մը ունի:
Վիգէն որ իր ուսումը նոր աւարտած երիտասարդ մըն է եւ երբեք չի ցանկար մեծ հաստատութիւններու մէջ աշխատիլ: Ան որոշած է հոն մնալ ու իր պտուղները ցանել, բայց հակառակ ասոր քաջատեղեակ է թէ գիւղը օրէ օր կը պարպուի:
“Յիսու՜նտարիներյետոյ“ նախադասութիւն մըն է, որ վախ կը պատճառէ բոլորին: Երիտասարդները կը մեկնին, նոր ընտանիքներ չեն կազմուիր, այդպէս կը թուի թէ Մուսա Լերան քաղցր բլուրները կը դատարկուին:
“ԿըյուսամթէՎաքըֆլըշարունակէըլլալԹուրքիոյմիակհայկականգիւղը, բայցտարիներետք, անիկապիտիկորսնցնէիրյատկութիւններէնշատերը: Ի՜նչ կրնանքընել…այսպէսէկեանքը“, կ’ըսէ երիտասարդ Անուշ, իր դէմքին վրայ պարզելով դառնութեան ծանր արտայայտութիւն մը: Իսկ Մելինէ, մեզ կը բացատրէ թէ ինք կ’ուսանի Պոլսոյ մէջ ուր պիտի մնայ երկար տարիներ. բայց կ’աւելցնէ թէ 2062 թուականին երբ ան հանգստեան կոչուի, կը յուսայ Վաքըֆլը վերադառնալ: Այդպէս ինչպէս ըրած են իր մեծ հայրը եւ բոլոր անոնք, որոնք որոշ շրջանէ մը վերջ վերադարձած են իրենց գիւղը: Բոլորը կ’երազեն այդ օրը, յուսալով որ այս ժամանակամիջոցի մէջ ան վերածուած ըլլայ վերածաղկած ու բարգաւաճ գիւղի մը: Իրենք յոյս ունին որ զբօսաշրջութիւնը զարգանայ իրենց գիւղին մէջ, հաւատալով այդպէս իրենց գիւղի բնակչութիւնը կրնայ աճիլ, իրենց պարտէզները կրնան դարձեալ ծաղկիլ եւ իրենց տուները կրնան դարձեալ լեցուիլ: