Հայ հոգեւոր երաժշտութեան մէջ գոյութիւն ունին ութը ձայնեը, իրենց դարձուածքներով: ԱՁ որ կը նշանակէ առաջին ձայն, ԱԿ առաջին կողմ, եւ այսպէս յաջորդաբար ԲՁևԲԿ, ԳՁևԳԿ, ԴՁևԴԿ:
Հոգեւոր կամ եկեղեցական ձայներու տեսութեան վերաբերեալ թէեւ շարք մը տեղեկութիւններ կան, որոնք մեզի հասած են վաղ միջնադարեան շրջանէն, սակայն որեւէ յիշատակութեան մէջ տեղեկութիւն չկայ որեւէ ձայնի կամ մեղեդիական որեւէ տեսակի սկզբնաղբիւրի մասին: Յիշուած են միայն այն անձնաւորութիւնները, որոնք մշակած կամ կարգաւորած են ձայները:
Ըստ երեւոյթին, մեղեդին ծնունդ կ՛առնէ կեանքէն, եթէ եկեղեցական մը առաջին անգամ երգած է այսինչ մեղեդին այսինչ ձայնին մէջ, այդ կը նշանակէ, որ ան առաջինն է որ հոգեւոր երաժշտութեան ոճին յարմարեցուցած է որոշակի ձայնի պատկանող ժողովրդական կամ` գուսանական տուեալ մեղեդին:
Այսպիսով, վաղ ժամանակներու եկեղեցական երաժիշտևտեսաբաններու պարտականութիւնը եղած է, յարմար կերպով տեսակաւորել, կեանքին մէջ արդէն իսկ գոյութիւն ունեցած մեղեդիական ոճերը: Օրինակ “Խորհուրդ Մեծ“ շարականը:
Հոգեւոր կամ` եկեղեցական երաժշտութեան ձայները մշակած առաջին հոգեւորականները եղած են, 5րդ դարու մշակոյթի գործիչներ` Սահակ Պարթեւը, Մեսրոպ Մաշտոցը եւ Մովսէս Խորենացին: Սակայն ձայներու այս մշակուած օրինակները, կը կրեն յաջորդող դարերու ազդեցութիւնները:
Միջնադարեան պատմիչներու վկայութեամբ, եկեղեցական ութը ձայներու ուսմունքը մշակած է 8րդ դարու ականաւոր տեսաբան Ստեփանոս Սիւնեցին: Ձայներու ուսմունքը գործնական մեծ նշանակութիւն ունեցած է երաժիշտներուն համար, որովհետեւ կ՛օգնէր անոնց ոչ միայն եղանակները յօրինելու` այլեւ այդ եղանակները ուսուցանելու ժամանակ:
Ութը ձայներու էական նշանակութիւնն ի յայտ կու գայ հայկական խազագրութեան մէջ, այսինքն մեղեդին գրի առնելու համար իր ժամանակին ընդունուած յատուկ նշաններով: Ըստ կանոնի իւրաքանչիւր մեղեդիի ձայնագրութեան սկիզբը, կը նշուի այն ձայնը և հետեւաբար այն ձայնաշարըև որով պէտք է արտաբերուի այդ մեղեդին:
Այդ նշումը` կատարողին կը կողմնորոշէ թէ ինչպէս պէտք է հնչեցնէ տուեալ մեղեդին: Առանց այդ ձայնանշումին, երգը կը կորսնցնէ իր ճշգրտութիւնը: Այժմ` նշուած ձայնն ու անոր հետեւող շարականը:
Արդարեւ, հայկական եկեղեցական երաժշտութեան ութը ձայներն իրենց բոլոր օրինաչափութիւններով, կը ներկայացնեն ազգային ինքնուրոյն արուեստի յատկանիշները: