Լրահոս

Վ. ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ ԿԸ ՆՇԷ ԹԷ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՆԱԽԸՆՏՐԱԿԱՆ ԾՐԱԳՐԻՆ ՄԷՋ, ՈՉ ՄԷԿ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆ ՀՈՅՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻ

p1 vh ԵՐԵՒԱՆ (“Լրագիր“).- Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան, յայտնեց թէ, նախագահ Սերժ Սարգսեանի` “Դէպի ապահով Հայաստան“ խորագիրով նախընտրական ծրագիրին մէջ որեւէ նորութիւն չկայ: Ըստ Յովհաննիսեանի, թերեւս այսպիսի յայտարարութիւններ ընելու պահուն անոնք կը հաւատան, որ այդ խոստումները կարելի է իրագործել, սակայն լուրջ բարեփոխումներու իբրեւ արդիւնք նախագահները պէտք է պատրաստ ըլլան կորսնցնելու իրենց իշխանութիւնը: “Եթէ դուն ամէն բարեփոխում եւ փոփոխութիւն կը յարմարցնես քու իշխանութիւնդ յաւերժացնելու ծրագիրին հետ, եթէ դուն բոլոր բարեփոխումները այնպէս կը կատարես, որ քու անձնական իշխանութեանդ ոչինչ սպառնայ, ոչ մէկ բարեփոխում յաջողի: Եւ մինչեւ հիմա ոչ մէկ բարեփոխում յաջողած է այդ պատճառով“, նշեց ան:

Սերժ Սարգսեանի ընտրուելու պարագային յառաջիկայ հինգ տարիներուն ժողովուրդը խաբուա՞ծ պիտի ըլլայ, Վահան Յովհաննիսեան նշեց, որ չ՛ուզեր այսօրուընէ կանխատեսումներ ընել: Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամը ընդգծեց, որ յոյս չունի, որ Սարգսեանի տուած խոստումները պիտի իրականանան, քանի որ իշխանութիւնը պիտի ստանձնէ նորէն անոնց օգնութեամբ, որոնցմէ ձերբազատուելով միայն պիտի յաջողի իրականացնել փոփոխութիւնները:

 

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button