“ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆ Է ՕԺԱՆԴԱԿԵԼ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅԵՐՈՒՆ“ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ
ԵՐԵՒԱՆ.- Հ.Հ. նախագահ Սերժ Սարգսեան, ընդունեց Հայաստան տեղափոխուած տարբեր ոլորտներ ներկայացնող սուրիահայ շարք մը գործարարներ: Հանդիպման մասնակցած են նաեւ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան, սփիւռքի եւ տնտեսութեան նախարարները, կառավարութեան առնթեր պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահը, պետական մարմիններու այլ պատասխանատուներ:
“Հայաստանում ինչպիսի իշխանութիւններ էլ լինեն, բոլորն էլ այս խնդիրներին հոգատարութեամբ կը վերաբերեն: Այստեղ որեւէ կասկած չկայ: Այլ կերպ լինել չի կարող, ուղղակի չի՛ կարող: Դա Հայաստանի իշխանութիւնների պարտականութիւնն է, եւ որքան լաւ կատարենք մեր պարտքը, մեր պարտականութիւնը, այնքան բոլորիս համար էլ լաւ կը լինի: Մի՛ համարէք, որ ձեզ լաւութիւն են անում: Գոնէ, նուազագոյնը բոլորը պարտաւոր են անել: Ես չեմ պատկերացնում, որ Հայաստանում երբեւէ կարող են իշխանութիւններ լինել, որ այդ նուազագոյնն էլ չանեն:…Մենք այդպիսի ճանապարհով վերջին 20-25 տարիների ընթացքում անցել ենք, անցել ենք շատ աւելի ցաւոտ ճանապարհներով: Ամէն ինչ լաւ է լինելու: Եւ իւրաքանչիւրը, ով կը մնայ կամ չի մնայ Հայաստանում, միեւնոյն է, որքան հնարաւորութիւն ունենք օգնելու, օժանդակելու ենք:… “Այս փորձութիւնն էլ է անցնելու, պէտք է կարողանալ մեր ժողովրդին իւրայատուկ կամք ցուցադրել եւ ցուցաբերել, իսկ մենք` ձեզ բոլորիդ օգնական“, ըսաւ նախագահ Սարգսեան եւ կոչ ուղղեց չյուսահատելու եւ փորձելու միասին դիմակայել այդ փորձութիւնն ու դժուարութիւնները, որոնց մէջէն կ’անցնին Սուրիոյ մեր հայրենակիցները:
Հանդիպման սկիզբը նախագահը նշեց, որ տեղեակ է մինչեւ հիմա Հայաստանի տարբեր պետական հաստատութիւններուն մէջ սուրիահայ գործարարներու ունեցած հանդիպումներուն մասին, այդուհանդերձ, նպատակայարմար գտած է անձամբ հանդիպիլ անոնց եւ անմիջականօրէն ու եւս մէկ անգամ ներկայացնել տարբեր առիթներով հնչեցուցած մեր երկրի մօտեցումները Սուրիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակին, սուրիահայ մեր հայրենակիցներուն աջակցութեան վերաբերեալ, նաեւ գործարարներէն լսել իրենց ծրագիրներուն, առաջարկներուն, մտահոգող խնդիրներուն մասին, պատասխանել զանոնք հետաքրքրող հարցումներուն: Գործարարները Հայաստանի նախագահէն հետաքրքրուած են Սուրիայէն իրենց գործարարութիւնները Հայաստան տեղափոխելու կամ հայրենիքի մէջ նոր գործ սկսելու կարելիութիւններուն, Հայաստանի տնտեսական վիճակին, ներդրումային միջավայրի եւ առկայ խնդիրներուն վերաբերեալ: Գործարարներու կողմէ բարձրացուած շարք մը հարցերու լուծման վերաբերեալ հանրապետութեան նախագահը յանձնարարականներ տուած է համապատասխան պետական մարմիններուն եւ պատրաստակամութիւն յայտնած այսուհետեւ եւս անոնց աջակցութեան ուղղուած իւրաքանչիւր առաջարկ քննարկելու: