Հարցազրոյցներ

“ՍՈՒՐ­Ի­Ա­ՀԱ­ՅՈՒ­ԹԻՒՆԸ ԱՄ­ԲՈՂ­ՋԱ­ԿԱՆ ՀԱՅ ՄԱՐԴ ԱՐ­ՏԱԴ­ՐՈՂ ՀԱ­ՄԱՅՆՔ ՄԸՆ Է“, ԿԸ ՅԱՅՏ­ՆԷ ԴԱ­ՄԱՍ­ԿՈ­ՍԻ ՀԱ­ՅՈՑ ԱՌԱՋ­ՆՈՐԴ ԱՐ­ՄԱՇ ԵՊՍ. ՆԱԼ­ՊԱՆՏ­ԵԱՆ

p6-7 aratchnort damascus ՅԱ­ԿՈԲ ՎԱՐ­ԴԻ­ՎԱՌ­ԵԱՆ

Ամե­րի­կա­հա­յու­թիւնը չէր կրնար ան­տար­բեր մնալ Սուր­իոյ հա­յու­թեան ապ­րած ճգնա­ժա­մէն: Ինք որ հա­սած էր հայ­րե­նի­քի եւ մանա­ւանդ Հայ Սփիւռ­քի բիւր կա­րիք­նե­րուն, իրեն հա­մար աւագ պար­տա­կա­նու­թիւն կը սե­պէ օգ­տա­կար ըլ­լա­լու Մի­ջին Արե­ւել­քի այս պատ­ուա­կան Մայր գա­ղու­թին: 

Մաս­նա­ւոր առա­քե­լու­թեամբ Հիւ­սի­սա­յին Ամե­րի­կա­յի հա­յա­շատ հա­մայնք­նե­րը այ­ցե­լե­լու եւ Սուր­իոյ տագ­նա­պին հե­տե­ւան­քով հա­յու­թեան մա­սին ամե­րի­կա­հա­յու­թիւնը վե­րա­հա­սու դարձ­նե­լու նպա­տա­կով, նախ` Գա­լի­ֆորն­իա, ապա` Գա­նա­տա­յի Մոնթ­րէ­ալ եւ Թո­րոն­թօ եւ վեր­ջա­պէս Մե­ծա­գոյն Նիւ Եորք այ­ցե­լու­թեան եկաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմ­ի­ած­նի երի­տա­սարդ մի­ա­բան­նե­րէն եւ Դա­մաս­կո­սի Հա­յոց Թե­մի առաջ­նորդ Ար­մաշ եպս. Նալ­պանտ­եան:

Դիւ­րա­հա­ղորդ իր ան­մի­ջա­կա­նու­թեամբ, քա­ղա­քա­կան դէպ­քե­րու զար­գաց­ման հո­լո­վոյ­թին հետ լա­ւա­տեղ­եակ, հան­դար­տա­բա­րոյ իր նկա­րագ­րով եւ սուր­ի­ա­հա­յու­թեան տագ­նա­պին հետ ու անոր ապա­գա­յով լուրջ մտա­հոգ սրբա­զան հայ­րը գտաւ լայն ժո­ղովր­դա­կա­նու­թիւն մեր բո­լոր շրջա­նակ­նե­րէն:  Տրուած հար­ցե­րուն հա­տու իր պա­տաս­խան­նե­րը եւ մա­նա­ւանդ պա­տաս­խա­նա­տուու­թեամբ եւ շրջա­հա­յե­ցո­ղու­թեամբ ար­տա­յայ­տած իր մտքե­րը եկան ապա­ցու­ցա­նել թէ ան ճիշդ մարդն է ճիշդ պա­հուն“ եւ որուն կա­րե­լի է վստա­հիլ:

Բա­ցի պաշ­տօ­նա­կան իր հան­դի­պում­նե­րէն թե­մա­կալ առաջ­նորդ սրբա­զան հայ­րե­րու, եկե­ղե­ցա­կան տար­բեր խոր­հուրդ­նե­րու, ազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու եւ բա­րե­րար­նե­րու հետ, Ար­մաշ Սրբա­զան ու­նե­ցաւ սրտբաց զրոյց տեղ­ւոյն հայ հա­մայն­քի ազ­գա­յին­նե­րուն հետ եւս:

Այս­պէս, անոնց վեր­ջի­նը եղաւ Նո­յեմ­բեր 30, Ուր­բաթ օր երե­կոյ­եան ժա­մը 7:00ին, Ֆէյր Լո­նի (Նիւ Ճըր­զի) Սրբոց Ղե­ւոնդ­եանց եկե­ղեց­ւոյ սրա­հին մէջ:  Լե­ցուն սրա­հին մէջ, օր­ուան հիւ­րը ներ­կա­յաց­ուե­ցաւ Առաջ­նորդ Խա­ժակ արք. Պար­սամ­եա­նի փո­խա­նորդ Սի­մէ­ոն Վրդ. Օտա­պաշ­եա­նը:

Ար­մաշ Սրբա­զան նախ տուաւ Հա­լէ­պի հայ կեան­քին հետ կապ­ուած պատ­մա­կան կարգ մը ծա­նօ­թու­թիւն­ներ: Այ­նու­հե­տեւ, սեղմ գի­ծե­րու մէջ ներ­կա­յա­ցուց Սուր­իոյ տագ­նա­պին ոչ քա­ղա­քա­կան պատ­կե­րը` ազ­գա­յի­նը, եւ խնդրեց հե­ռու մնալ քա­ղա­քա­կան հար­ցադ­րում­նե­րէ, թո­ղե­լով զա­նոնք քա­ղա­քա­կան մեկ­նա­բան­նե­րու: Մա­նա­ւանդ նկա­տի առ­նե­լով Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու բա­ցա­յայտ դիր­քա­ւո­րու­մը սուր­ի­ա­կան այ­սօր­ուան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն, խո­հե­մու­թիւնը կը պա­հան­ջէր զերծ պա­հել օր­ուան հա­ւա­քին խոր­հուր­դը քա­ղա­քա­կան նկրտում­նե­րէ:  Թէ­եւ դժուար եղաւ, բայց Սրբա­զան Հօր ճկուն եւ փոր­ձա­ռու ան­հա­տա­կա­նու­թեամբ, հար­ցե­րը կեդ­րո­նաց­ուե­ցան միայն ազ­գա­յին կճե­պի մէջ:

Ցու­ցադր­ուե­ցաւ վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէն մը Սուր­իոյ հա­յու­թեան կրած վնաս­նե­րը նկա­րագ­րող:

Սրտա­բուխ նուի­րա­տուու­թիւն­ներ մաս­նա­ւոր պա­հա­րան­նե­րու մէջ յանձն­ուե­ցան Արե­ւել­եան Ամե­րի­կա­յի Առաջ­նոր­դա­րա­նին փո­խանց­ուե­լու Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմ­ի­ա­ծին:

Առաջ­նոր­դա­րա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ այս հան­դի­սու­թեան կազ­մա­կեր­պու­մին հա­մար բե­րին առաջ­նոր­դա­րա­նի մօ­տիկ քոյր կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը` Հ.Բ.Ը.Մ.-ը, Թէ­քէ­եան Մշա­կու­թա­յին Միու­թիւնը, Վար­դա­նանց Աս­պետ­նե­րը, Էսա­եան-Կեդ­րո­նա­կան Սա­նուց Միու­թիւնը, Պոլ­սա­հայ Բա­րե­սի­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւնը: Ստո­րեւ, հար­ցազ­րոյց մը, Առաջ­նոր­դին հետ.-

 

Հ. – Բա­րիգա­լուստմերափե­րը: Այ­սօրամ­բողջաշ­խար­հիհա­յու­թեանհայ­եաց­քըուղղ­ուածէդէ­պիՀայՍփիւռ­քիմայրգա­ղու­թին` Սուր­իոյհա­յու­թեանվրայ: Ցա­ւովէորմերբո­լո­րինսրտե­րըկըբա­բա­խենայսօրե­րուն: Կ՛ու­զէիորհա­կիրճկեր­պովներ­կա­յաց­նէ­իքայսվեր­ջինօրե­րուքա­ղա­քա­կանտագ­նա­պըՁերթե­մէններս:

Պ. – Շատ դժուար է գնա­հա­տան­քի տակ դնել, մօ­տա­ւո­րա­պէս քսան ամիս­նե­րէ ի վեր շա­րու­նա­կուող հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րու իս­կա­կան պատ­կե­րը, որով­հետեւ իս­կա­պէս ալ դժուար է ճշդել թէ ո՞ւր է հա­կա­մար­տու­թեանց առանց­քը:  Թէ ի՞նչ­պէս սկսաւ եւ թէ ի՞նչ կը կա­տար­ուի եւ ի՞նչ պի­տի պա­տա­հի չեմ գի­տէր … այդ կը թո­ղում քա­ղա­քա­կան մեկ­նա­բան­նե­րուն եւ վեր­լու­ծա­բան­նե­րուն. թող իրենք ճշդեն, թող իրենք քննար­կեն այդ հար­ցե­րը:

Հիմ­նա­կա­նը, որ մեզ կը յու­զէ, այս բո­լոր հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րուն մէջ, այ­սօր­ուան սուր­ի­ա­կան ճգնա­ժամի­ն մէջ, ան­շուշտ սուր­ի­ա­հա­յու­թեան վի­ճակն է:

Շատ յստակ է, որ այս հա­կա­մար­տու­թիւնը կրօ­նա­կան չէ, չնա­յած որ ոմանք կը փոր­ձեն անոր կրօ­նա­կան զգեստ հագց­նել: Այս հա­կա­մար­տու­թիւնը ուղղ­ուած չէ քրիս­տոն­եա­նե­րու դէմ, եւ հե­տե­ւա­բար, ուղղ­ուած չէ հա­յե­րու դէմ: Սա­կայն, այս կամ այն ձե­ւով, մենք ալ իրենց հետ, կը ցա­ւինք բո­լոր անոնց հետ, որոնք հա­կա­մար­տու­թեան մէջ են: Սուր­իոյ ցա­ւը, մեր ցա­ւը դար­ձու­ցած ենք:

Մենք հա­կա­մար­տու­թեան ոչ կողմ կը կազ­մենք, ոչ ալ մաս կը կազ­մենք. բայց մենք եւս այդ նոյն դժուա­րու­թեան մէջ ենք:  Այդ քսան ամիս­նե­րու ըն­թաց­քին ու­նե­ցանք բա­ւա­կան վնաս­ներ: Մեր երեք եկե­ղե­ցի­նե­րը վնաս­ուած են. Հոմ­սի եկե­ղե­ցին բռնագ­րաւ­ուած է, Հա­լէ­պի Ս. Գէ­որգ եկե­ղե­ցին ներ­սէն այ­րած են եւ Տէր Զօ­րի մեր Նա­հա­տա­կաց մա­տու­ռը սրբապղ­ծած են:  Ու­նինք վար­ժա­րան­ներ, մշա­կու­թա­յին կեդ­րոն­ներ, ազ­գա­յին այլ շէն­քեր եւս վնաս­ուած:

Ասոր հետ մէկ­տեղ, մեր գա­ղու­թի հո­գե­ւոր եւ մշա­կու­թա­յին կեան­քը սա­ռած է, որով­հե­տեւ մեր մի­ակ մտա­հո­գու­թիւնը եւ մեր աշ­խա­տան­քի մի­ակ առանց­քը դար­ձած է զգուշ ըլ­լալ, ար­թուն ըլ­լալ, զուսպ ըլ­լալ եւ մեր բո­լոր ու­ժե­րը դնել ժո­ղո­վուր­դին օգ­նու­թեան հաս­նե­լու ի խնդիր:

 

Հ. – Սրբա­զանհայր, սուր­ի­ա­հայգա­ղու­թըու­նիեր­կուտար­բերթե­մա­կալառաջ­նոր­դու­թիւն­ներ. Բեր­իոյ (Հա­լէպ) թե­մըեւԴա­մաս­կո­սիթե­մը: Ի՞նչ­պի­սիփոխյա­րա­բե­րու­թիւնկըտի­րէայսեր­կութե­մա­կալառաջ­նորդ­նե­րունմի­ջեւ, ինչ­պէսնա­եւ` եր­կուպատ­կանմար­մին­նե­րումի­ջեւՈրով­հե­տեւ, այնօգ­նու­թիւնըորպի­տիգայհայ­րե­նի­քէնթէՍփիւռ­քէնհաս­նե­լուէբո­վան­դակսուր­ի­ա­հա­յու­թեան:

Պ. – Ըսեմ հե­տեւ­եա­լը, որ ճիշդ է սուր­ի­ա­հայ գա­ղու­թը կազմ­ուած է եր­կու թե­մե­րու մի­ջո­ցաւ. Հա­լէ­պի կամ` Բեր­իոյ թե­մը եւ Դա­մաս­կո­սի թե­մը: Ես այ­սօր առաջ­նորդն եմ Դա­մաս­կո­սի հա­յոց թե­մին եւ ին­ծի հետ գոր­ծա­կից ու­նիմ մեր սի­րե­լի եղ­բայ­րը` Շա­հան եպս. Սար­գիս­եա­նը, որ առաջ­նորդն է Բեր­իոյ հա­յոց թե­մին:

Մենք ու­նինք շատ մտեր­միկ յա­րա­բե­րու­թիւն եւ այդ զգա­լի եւ երե­ւե­լի է ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ եւ որ կ՛ակն­կա­լէ նման յա­րա­բե­րու­թիւն: Ըսեմ նա­եւ, որ ոչ թէ այ­սօր, այ­լեւ` անց­եա­լին ալ ու­նե­ցած ենք սի­րա­լիր յա­րա­բե­րու­թիւն: Եւ դժբախ­տա­բար, այս ցա­ւը մեզ նա­եւ մղեց աւե­լի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան. մեր այս ցա­ւին մէջ ալ մեր հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւնը տի­րա­կան է:

Մի­աս­նա­բար խորհր­դակ­ցե­լով մենք ստեղ­ծե­ցինք Սուր­ի­ա­հայ Շտապ Օգ­նու­թեան Մար­մին մը իր մաս­նա­ճիւ­ղե­րով, ըլ­լայ Դա­մաս­կո­սի եւ ըլ­լայ Հա­լէ­պի մէջ, նկա­տի առ­նե­լով որ մեր առաջ­նոր­դա­կան աթոռ­նե­րը այս եր­կու քա­ղաք­նե­րու մէջ հաս­տատ­ուած են:  Այս Շտապ Օգ­նու­թեան Մար­մի­նը կը վա­յե­լէ բո­լոր հա­մայն­քա­պե­տե­րուն` հայ առա­քե­լա­կան, կա­թո­ղի­կէ թէ աւե­տա­րա­նա­կան առաջ­նորդ­նե­րուն եւ վե­րա­պատ­ուելի­ի հո­վա­նա­ւո­րու­թիւնը: Կը վա­յե­լէ նա­եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւնը բո­լոր մեր աւան­դա­կան կա­ռոյց­նե­րուն: Հոն մի­ակ հիմ­նա­կան աշ­խա­տանքն ու ծա­ռա­յու­թիւնը այն է` հա­մա­կար­գել բո­լոր օգ­նու­թիւն­նե­րը, որոնք կը կա­տար­ուին, կը հան­գա­նակ­ուին աշ­խար­հի չորս կող­մե­րը` Հա­յաս­տա­նի թէ Սփիւռ­քի մէջ, ըն­դու­նե­լու եւ առա­ւել ար­դիւ­նա­ւէտ կեր­պով օգ­տա­գոր­ծե­լու զա­նոնք ժո­ղո­վուր­դին օգ­նու­թեան հա­մար:

Այս բո­լոր հան­գա­նա­կու­թիւն­նե­րը, որոնք կը կա­տար­ուին, մեր պա­րա­գա­յին` նուի­րա­պե­տա­կան զոյգ աթոռ­նե­րու` Մայր Աթո­ռի թէ Կի­լիկ­եան, մի­ջո­ցաւ հա­ւաք­ուած դրա­մը մէկ տեղ կը հա­ւաք­ուին եւ պար­բե­րա­բար կը տրա­մադր­ուին այդ մարմ­նին:

 

Հ. – Արդ­եօքսուր­ի­ա­կանզա­նա­զանկող­մե­րէհայհա­մայն­քինմե­ղադ­րանք­ներկըհաս­նին, հա­յու­թեանայսդրա­կանչէ­զո­քու­թեանքա­ղա­քա­կա­նու­թեանպատ­ճա­ռով: Ինչ­պէսըսիքթէհա­յերամ­բող­ջու­թեամբչեններգ­րաւ­ուածքա­ղա­քա­կանդաշտեւորո­շա­կիկեր­պովկողմչենբռնածՀա­կադ­րում­ներկա՞նայսուղ­ղու­թեամբ:

Պ. – Մենք որե­ւէ մե­ղադ­րան­քի հա­մար պա­տաս­խա­նա­տու չենք,  հաշ­ուե­տու չենք: Մենք ներ­կայ պայ­ման­նե­րէն ել­լե­լով, մեր դիր­քը որո­շած ենք:  Մեր ներ­կայ կեց­ուած­քը հե­տեւ­եալն է, որ հայ գա­ղու­թը դիր­քա­ւո­րում չու­նի:  Հայ գա­ղու­թը դիրք պի­տի չու­նե­նայ եւ պէտք չէ ու­նե­նայ: Հե­տեւ­եալ հիմ­նա­ւո­րու­մով. մենք չենք ու­զէր առանձ­նա­նալ ընդ­հան­րա­կան Սուր­իոյ հա­սա­րա­կու­թե­նէն եւ ըլ­լալ դի­տոր­դի դիր­քե­րու վրայ եւ ապա որո­շել թէ կը յա­րինք այս կամ այն կող­մին:

Մենք մեզ կը նկա­տենք Սուր­իոյ ժո­ղո­վուր­դին կա­րե­ւոր եւ ան­բա­ժա­նե­լի մէկ մաս­նի­կը: Ուս­տի, մենք Սուր­իոյ հետ ենք: Այ­սինքն` եթէ մեր սի­րե­լի եր­կի­րը, իս­կա­պէս վտան­գի մէջ է, իս­կա­պէս ցա­ւի մէջ է, մենք եւս պի­տի ցա­ւինք: Սա մե­զի տրուած պար­տա­կա­նու­թիւնն է, եւ մեր պա­տիւն է իբ­րեւ քա­ղա­քա­ցի­ներ Սուր­իոյ: Եւ եթէ Սուր­ի­ան իս­կա­պէս բար­գա­ւա­ճի ու այս սեւ ամ­պե­րը հե­ռա­նան եւ խա­ղա­ղու­թիւն ու բա­րօ­րու­թիւնը վե­րա­հաս­տատ­ուի Սուր­իոյ մէջ, մենք եւս պի­տի ըլ­լանք վա­յե­լող­նե­րը այս բա­րե­բեր երկ­րին:

Ու­րեմն, մեր կեց­ուած­քը այս է:  Այս չի նշա­նա­կէր թէ ընդ­հան­րա­պէս մենք ան­հոգ ենք, կամ ընդ­հան­րա­պէս ան­տար­բեր ենք Սուր­իոյ մէջ կա­տար­ուա­ծին մա­սին: Սա մեր կեց­ուածքն է. մենք Սուր­իոյ հետ ենք, մենք սուր­ի­ա­ցի ենք եւ ըստ այնմ կը ցա­ւինք, կ՛ու­րա­խա­նանք Սուր­իոյ հետ եւ Սուր­իոյ հա­մար:

Ասոր հետ մէկ­տեղ, իս­կա­պէս մե­զի հա­մար դժուար է լսել մե­ղադ­րանք­ներ, թէ մենք որ­դեգ­րած ենք չէ­զոք դիրք: Միայն կ՛ու­զեմ որ մէկ բան յստակ ըլ­լայ. մենք շատ յստակ տար­բե­րու­թիւն կը դնենք վա­խի եւ զգու­շու­թեան մի­ջեւ:  Մենք շատ զգուշ ենք, շատ զուսպ ենք եւ մենք շատ գի­տա­կից ենք կա­տար­ուա­ծին, ամէ­նօր­եայ խնդիր­նե­րուն եւ ըստ այնմ ալ կը գոր­ծենք:  Սա­կայն, մենք եր­բեք չենք վախ­նար, չնա­յած այ­սօր­ուայ դէպ­քերն ու առօր­եայ ապ­րում­նե­րը, որոնք իս­կա­պէս վախ կը թե­լադ­րեն: Բայց ոչ, մենք կա­րո­ղա­ցանք մեր ժո­ղո­վուր­դին մէջ այդ քա­րո­զել եւ սեր­մա­նել թէ մենք չենք վախ­նար, այլ մենք զգուշ ենք ու` զուսպ: Ու ատ­կէ ալ ար­դէն կը բխի մեր կեց­ուած­քը:

 

Հ. – Մերհայ­րե­նի­քը` Հա­յաս­տա­նիՀան­րա­պե­տու­թիւնը (Հ.Հ.) եղաւառա­ջի­նը, որիրօգ­նու­թեանձեռ­քըեր­կա­րեցՍուր­իոյմերհա­յու­թեան. այդեկաւնա­եւՀ.Հ. Սփիւռ­քինա­խա­րա­րու­թե­նէն: Հայ­րե­նի­քը, որ­քանգի­տենք, իրու­նե­ցածբո­լորմի­ջոց­ներնուկա­րե­լիու­թիւն­նե­րըդրաւսուր­ի­ա­հա­յու­թեանօգ­տա­կարըլ­լա­լուաշ­խա­տան­քին: Այսկ՛ըլ­լայառա­ջինան­գամ, ան­կա­խա­ցու­մէնիվեր, երբՀ.Հ. կըգտնուինմանփոր­ձա­ռու­թեանմըդէմհան­դի­մանԻ՞նչ­պէսկըգնա­հա­տէքհայ­րե­նի­քիայդհո­գա­տարվե­րա­բե­րու­մըմերմայրգա­ղու­թինեւժա­մա­նա­կա­ւո­րա­պէսհայ­րե­նիքհաս­տատ­ուածսուր­ի­ա­հա­յու­թեաննկատ­մամբ:

Պ. – Իս­կա­պէս. գի­տէք, կ՛երե­ւի մեր պատ­մու­թեան մէջ, եւ մա­նա­ւանդ ար­դի պատ­մու­թեան մէջ, առա­ջին ան­գամն է որ կը դրսե­ւոր­ուի Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ուժն ու հզօ­րու­թիւնը: Դժբախ­տա­բար, այս պա­րա­գա­յին եղաւ սուր­ի­ա­հա­յու­թեան այս ցա­ւին ժա­մա­նակ: Բայց մենք այդ հզօ­րու­թիւնը կը զգանք գործ­նա­կան ձե­ւով եւ ոչ թէ` երա­զա­յին, ոչ թէ տես­լա­կան, այլ` իրա­կան:

Կան տար­բեր օրի­նակ­ներ. ինչ­պէս դուք ըսիք, կո­չը յայ­տա­րար­ուե­ցաւ, օգ­նու­թիւն­ներ եղան, նա­եւ Հ.Հ. պե­տու­թիւնը գրկա­բաց ըն­դու­նեց իւ­րա­քան­չիւր սուր­ի­ա­հա­յու: Վեր­ջա­պէս Հա­յաս­տան իր գիր­կը բա­ցաւ իր ժո­ղո­վուր­դին: Այ­սօր Հա­յաս­տա­նի մէջ ժա­մա­նա­կա­ւոր կամ եր­կար ժամ­կէ­տով հաս­տա­տու­թիւն  կազ­մած մեր հա­յոր­դի­նե­րը կը վա­յե­լեն պե­տու­թեան ամէն աջակ­ցու­թիւնը, տուր­քե­րէ ազա­տած վի­ճա­կով, ըն­կե­րա­յին եւ հա­սա­րա­կա­կան ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րով:

Անոր կող­քին, Հ.Հ. սուր­ի­ա­հա­յու­թեան խնդրան­քին ընդ առաջ, Երե­ւա­նի մէջ սուր­ի­ա­կան եւ արա­բա­կան ու­սում­նա­կան ծրագ­րով դպրոց ու­նե­նա­լու հա­մար կա­ռա­վա­րու­թիւնը տրա­մադ­րեց Նար Դո­սի ան­ուան դպրո­ցը, որ Հա­լէ­պի Կի­լիկ­եան վար­ժա­րա­նի ջան­քե­րով, առա­ւե­լա­բար, հաս­տատ­ուե­ցաւ: Այս ու­րեմն Հա­յաս­տա­նի տուած օգ­նու­թիւնն է:

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թիւնը նա­եւ տար­բեր մա­կար­դակ­նե­րու վրայ իր օժան­դա­կու­թիւնը կը բե­րէ: Քա­ղա­քա­կան գետ­նի վրայ, այ­սօր բո­լո­րը գի­տեն թէ Սուր­իա այս ճգնա­ժա­մի պատ­ճա­ռով կը գտնուի պատ­ժա­մի­ջոց­նե­րու տրա­մադ­րու­թեան տակ եւ երկ­րա­գուն­դի, մա­նա­ւանդ Արեւ­մուտ­քի եւ արա­բա­կան բո­լոր եր­կիր­նե­րու դես­պա­նա­տու­նե­րը գո­ցե­ցին իրենց ներ­կա­յաց­չու­թիւն­նե­րը Սուր­իոյ մէջ եւ հե­ռա­ցան:  Հ.Հ. իր դես­պա­նու­թիւնը բաց կը պա­հէ եւ պի­տի շա­րու­նա­կէ պա­հել: Այս շատ յստակ է մէկ պատ­ճա­ռով. ուղ­ղա­կի թի­կունք կանգ­նե­լու տեղ­ւոյն սուր­ի­ա­հա­յու­թեան:

Ասոր կող­քին, այն ալ ըսեմ որ, անց­եալ ամիս­նե­րուն, Մ.Ա.­Կ.-ի հա­մա­ժո­ղո­վին, Հ.Հ. ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րը իր ելոյ­թի ժա­մա­նակ հան­դէս եկաւ Հա­յաս­տա­նին յու­զող տար­բեր հար­ցե­րը ներ­կա­յաց­նե­լով եւ ի շարս այլ հար­ցե­րուն, նա­եւ բարձ­րա­ցուց Սուր­իոյ հա­յու­թեան վի­ճա­կը:  Այս մե­զի հա­մար, եթէ կ՛ու­զէք ըսեմ, մի­ջազ­գա­յին գետ­նի վրայ, բարձ­րա­ցու­ցած մեր քա­ղա­քա­կան ձայնն էր, թէ Հա­յաս­տա­նը դի­կունք է սուր­ի­ա­հա­յու­թեան:

 

Հ. – Յու­սա­խա­բու­թեաննշոյլ­ներկա՞նարդ­եօքսուր­ի­ա­հայգա­ղու­թինմէջ, կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րութէան­հատ­նե­րումօտդա­սալ­քու­թիւնկըտի՞­րէՍուր­իոյմէջ, անց­եա­լինեւսեղածէիններ­քինյե­ղա­փո­խու­թիւն­ներ, քա­ղա­քա­կանտագ­նապ­ներ, սա­կայնմիշտհա­յու­թիւնըմնա­ցածէրիրսուր­ի­ա­կանհայ­րե­նի­քինեւկրցածէրիրառօր­եայբար­ւօքկեան­քըշա­րու­նա­կել: Ան­շուշտ, այ­սօր­ուանպատ­կե­րըշատաւե­լիտար­բերէանց­եա­լիեղա­ծէն: Նա­եւ` հարցկուտամ, մանա­ւանդերի­տա­սարդ­նե­րումօտի՞նչ­պէսկըտես­նէք  անոնցՍուր­իամնա­լուորո­շու­մը: Ար­դա­րու­թեանհա­մարպէտքենքըսելթէանց­նողաւե­լիքան 25 տա­րի­նե­րուն, սուր­ի­ա­կանայսիշ­խա­նու­թեանօրով, սուր­ի­ա­հա­յու­թիւնըապ­րե­ցաւխա­ղաղ, տնտե­սա­պէսհա­րուստեւապա­հով, ինչ­պէսնա­եւ` ազ­գա­յինուըն­կե­րա­յինզար­թօնքմը:

Պ. – Ոչ թէ միայն վեր­ջին եր­կու տաս­նամ­եակ­նե­րուն, այ­լեւ` աւե­լի տա­րի­նե­րուն, որով­հե­տեւ սուր­ի­ա­հա­յու­թիւնը կը վա­յե­լէ արաբ հիւ­րըն­կալ ժո­ղո­վուր­դին սէրն ու յար­գան­քը եւ եղ­բայ­րու­թիւնը:  Այն­պէս ինչ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թեան հե­տե­ւան­քով երբ մեր գաղ­թա­կան­նե­րը հա­սան Տէր Զօ­րի անա­պատ­նե­րը, ան­մի­ջա­պէս իբ­րեւ մարդ­կա­յին արարք, սուր­ի­ա­ցի մեր ասպն­ջա­կան արաբ ժո­ղո­վուր­դը ըն­դու­նեց մեզ եւ հոս է որ վե­րագ­տանք մեր կեան­քը: Հոս դար­ձու­ցինք մեր սուր­ի­ա­կան հայ­րե­նի­քը:

Այս է որ այ­սօր մենք կը քա­րո­զենք ու կը խօ­սինք, թէ՛ երի­տա­սար­դին եւ թէ՛ տա­րե­ցին:  Այս իրա­կա­նու­թիւնը եւ այս գի­տակ­ցու­թիւնը կայ եւ կը մնայ …, որով­հե­տեւ մենք այ­սօր կը զգանք մեր պաշտ­պան­նե­րը այն հարս­տու­թիւն­նե­րու եւ սրբու­թիւն­նե­րու, որոնք ստեղ­ծած ենք մեր երկ­րին մէջ: Եւ մա­նա­ւանդ, մենք մեզ կը զգանք պա­հա­պան­նե­րը մեր նա­հա­տակ­նե­րու աճիւն­նե­րուն եւ նշխար­նե­րուն, որոնք այս­տեղ են:

Ասոր հետ մէկ­տեղ, մենք ալ Սուր­իոյ տուած ենք շատ բան:  Մենք Սուր­իոյ տուած ենք իւ­րա­յատ­կու­թիւն մը, այ­սինքն` Սուր­ի­ան այ­սօր հարս­տա­ցած է, եւ այդ­պէս է իրա­կա­նու­թիւնը, իր գու­նա­գեղ հա­սա­րա­կու­թեամբ, ծաղ­կե­փուն­ջի մը պէս:  Մենք իս­կա­պէս հպարտ ենք այդ ծաղ­կե­փուն­ջի մէջ դառ­նա­լու  բու­րում­նա­ւէտ վար­դե­րէն մէ­կը:

Այդ­պէս ալ, մեր աշ­խա­տան­քով, մեր նուի­րու­մով, մեր շի­նա­րար բնա­ւո­րու­թեամբ եւ մեր արա­րում­նե­րով հպարտ ենք: Այս գի­տակ­ցու­թեամբ է, որ մենք կը փոր­ձենք սկսուած գոր­ծը շա­րու­նա­կել, այդ հա­մա­րե­լով մեր պա­պե­րուն հրա­մա­յա­կա­նը, այդ հա­մա­րե­լով Սփիւռ­քի միւս գա­ղութ­նե­րուն հրա­մա­յա­կա­նը. տէր ըլ­լա­լու մեր ու­նե­ցած հարս­տու­թիւն­նե­րուն եւ սրբու­թիւն­նե­րուն:

Այ­սօր վի­ճա­կը քիչ մը աւե­լի ցա­ւօտ է: Մենք կը ցա­ւինք իս­կա­պէս, երբ մեր երկ­րին բնա­կիչ­նե­րուն առ­ջեւ կը դրուի “մահ ու կե­նաց“ի խնդիր:  Եւ ահա այդ է որ այս աշ­խար­հա­տա­րած հայ­կա­կան օգ­նու­թիւն­նե­րը, որոնք կը կա­տար­ուին, թող վստահ ըլ­լան որ կը հաս­նին իրենց նպա­տա­կին, տէր ըլ­լա­լով այս հա­յա­բոյր մայր գա­ղու­թին:

 

Հ. – Եթէսուր­ի­ա­հայգաղ­թըհա­յա­թա­փէոչամ­բող­ջու­թեամբնոյ­նիսկ, ի՞նչկո­րուստ­ներդարձ­եալու­նե­ցածպի­տիըլ­լանք:

Պ. – Այն ինչ որ թուե­ցի. ամ­բողջ մեր հարս­տու­թիւն­նե­րը` վար­ժա­րան­նե­րը, միու­թիւն­նե­րը, ազ­գա­յին մեր միւս կա­ռոյց­նե­րը: Գա­ղու­թին այդ հա­յա­շունչ ոգին, արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը, մեր մա­մու­լը, մեր թատ­րո­նը, մեր եկե­ղե­ցին, մեր նա­հա­տակ­նե­րու աճիւն­նե­րը եւ այս­պէս կրնամ շա­րու­նա­կել:

Սփիւռ­քի մեր այս ար­ժէ­քա­ւոր գա­ղու­թը` սուր­ի­ա­հա­յու­թիւնը միայն սո­վո­րա­կան գա­ղութ մը չէ, որ իր առօր­եան կը կեր­տէ …:  Սուր­ի­ա­հա­յու­թիւնը միայն հա­մայնք մը չէ, որ իր մշա­կու­թա­յին, կրթա­կան ու կրօ­նա­կան կեան­քը կը շա­րու­նա­կէ, այլ նա­եւ` սուր­ի­ա­հա­յու­թիւնը ամ­բող­ջա­կան “Հայ Մարդ“ ար­տադ­րող հա­մայնք մըն է: Այ­սինքն, ոչ թէ միայն մենք մեր կրօ­նա­կան արա­րո­ղու­թիւն­նե­րը եւ մշա­կու­թա­յին ձեռ­նարկ­նե­րը կը կազ­մա­կեր­պենք, այլ անոնց մի­ջո­ցաւ նա­եւ նոր սե­րունդ կը պատ­րաս­տենք: Այդ բո­լոր պայ­ման­նե­րը տրուած են մե­զի մեր արաբ հիւ­րըն­կալ ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ: Այդ պայ­ման­նե­րը ստեղ­ծած ենք մեր յա­մառ ջան­քե­րով, մեր դպրոց­նե­րուն թէ հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն մէջ:

Ամե­նա­մեծ կո­րուս­տը պի­տի ըլ­լայ նա­եւ “Հայ Մարդ“ կեր­տող կա­ռոյ­ցին յանձ­նու­մը պատ­մու­թեան:

Բայց, ինչ­պէս ըսի. “Աստ­ուած չ՛ընէ“: Մենք վստահ ենք ու մեր ամէն ջան­քը, աշ­խա­տան­քը, մեր ծա­ռա­յու­թիւնը պի­տի տա­նինք հոն, որ­պէս­զի չկորսնց­նենք:  Այս դէպ­քը միայն սուր­ի­ա­հա­յու­թեան գերխն­դի­րը պէտք չէ մնայ:

Սուր­ի­ա­հա­յու­թիւնը սփիւռ­քի մէջ գոր­ծող եւ գո­յա­տե­ւած ամե­նէն օրի­նա­կե­լի գա­ղութն է, նա­եւ այն իմաս­տով որ մենք հայ­րե­նի բնու­թեան մէկ մասն ենք, հա­յե­լին մեր մշա­կոյ­թին ու ժա­ռան­գու­թեանց:

Սուր­իոյ մէջ, մեր դրա­ցի ժո­ղո­վուր­դը Հա­յաս­տա­նը կը ճանչ­նայ մե­զի նա­յե­լով, մեզ տես­նե­լով: Եւ ու­րեմն մենք ենք հա­յե­լին:

Իս­կա­պէս ես հպարտ եմ սուր­ի­ա­հայ ըլ­լա­լուս, այս առու­մով:

 

Հ. – Ու­նի՞քդի­տար­կում­ներայսհա­կա­մար­տու­թեանցեւապա­գայըն­թաց­քինմա­սին:

Պ. – Դի­տար­կում­ներ, ինչ­պէս ըսի, ես կը թո­ղում բո­լոր քա­ղա­քա­կան մեկ­նա­բան­նե­րուն, վեր­լու­ծա­բան­նե­րուն եւ պատ­մա­բան­նե­րուն:  Թող իրենք ըսեն:  Իմ մտա­հո­գու­թիւնս այս բո­լոր ճգնա­ժա­մին մէջ մեր ժո­ղո­վուր­դին ապա­գան է:  Եւ կը մաղ­թեմ միայն որ այս հա­կա­մար­տու­թիւնը, տայ Աստ­ուած, որ շուտ աւար­տի:  Այս բռնու­թիւնը շուտ աւար­տի, որով­հե­տեւ որ­քան եր­կա­րի, այն­քան մեր գա­ղու­թին ու­ժէն է որ կ՛եր­թայ:

Այո` մեր ժո­ղո­վուր­դը զօ­րա­ւոր է, ինչ­պէս ըսիք մենք չենք վախ­նար:

 

Հ. – Լի­բա­նա­նի տագ­նա­պը տե­ւեց մօտ քսա­նամ­եակ մը, ան­շուշտ մեր ալ մաղ­թանքն է որ Սուր­իոյ տագ­նա­պը շու­տով գտնէ իր լու­ծու­մը: Ան­հատ­ներ, ազ­գա­յին մեր բա­րե­րար­նե­րէն ոմանք եթէ ու­զեն սուր­ի­ա­հա­յու­թեան օգ­տա­կար ըլ­լալ, իրենց նուէր­նե­րը առանց մեր աւան­դա­կան կա­ռոյց­նե­րուն ղրկե­լու, ո՞ւր կը թե­լադ­րէք որ անոնք ղրկեն:

Պ. – Ապա­հո­վու­թեան նկա­տում­նե­րով, ամե­նա­յար­մարն է դի­մել նուի­րա­պե­տա­կան մեր աթոռ­նե­րուն, թե­մա­կան մար­մին­նե­րուն եւ ազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րուն: Ստեղ­ծած ենք Սուր­ի­ա­հայ Շտապ Օգ­նու­թեան Մար­մին­ներ, որոնք կը հա­մախմ­բեն այդ հա­սած օգ­նու­թիւն­նե­րը եւ իրենց մի­ջոց­նե­րով կը բաշ­խեն: Ան­հա­տա­կան նուէր­ներ, եթէ նոյ­նիսկ ըլ­լան, նոյն այս ճամ­բով պէտք է կա­տար­ուին:

Միւս կող­մէ, նախ­կին սուր­ի­ա­հա­յեր, որոնք կ՛ու­զեն իրենց հա­րա­զատ­նե­րուն հա­մար կատ­արել նիւ­թա­կան օժան­դա­կու­թիւն, ու­նինք նա­եւ այդ կա­րե­լիու­թիւնը:

 

Հ. – ՆախքանՆիւԵորքՁերայ­ցը, գտնուե­ցաքԳա­լի­ֆորն­իաեւԳա­նա­տա: Ի՞նչ­պէսկըգնա­հա­տէքմերայդգա­ղութ­նե­րունմաս­նակ­ցու­թիւնըեւվե­րա­բեր­մուն­քըսուր­ի­ա­հայգա­ղու­թինօգ­տա­կարըլ­լա­լու:

Պ. – Վե­րա­բեր­մուն­քը տպա­ւո­րիչ եւ շի­նիչ էր:  Արե­ւել­քէն եկած ամե­րի­կա­հա­յե­րու մօտ որո­շա­կի կապ մը կը շա­րու­նակ­ուի մնալ:  Ըսեմ նա­եւ որ արա­բա­կան եր­կիր­նե­րէն հա­յեր եւս կը ցու­ցա­բե­րեն իրենց հե­տաքրք­րու­թիւնը սուր­ի­ա­հա­յու­թեան ճա­կա­տագ­րով: Կը զգամ, որ կայ գի­տակ­ցու­թիւնը թէ սուր­ի­ա­հայ մեր գա­ղու­թը իս­կա­պէս կա­րե­ւոր է եւ անոր ճգնա­ժա­մը` ճա­կա­տագ­րա­կան մեզ բո­լո­րիս հա­մար:

Զգա­ցած եմ այն հա­մա­տա­րած պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւնը եւ օժան­դա­կու­թիւնը, որոնք կը կա­տար­ուին տար­բեր գա­ղութ­նե­րու մէջ:

Այս ճամ­բոր­դու­թիւնս կը կա­տա­րեմ նա­եւ յա­նուն իմ եղ­բօր` Շա­հան եպս. Սար­գիս­եա­նի` Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Առաջ­նոր­դին: Մի­աս­նա­բար, մեր կո­չե­րով կը յոր­դո­րենք հա­յու­թիւնը սուր­ի­ա­հա­յու­թեան օգ­տա­կար դառ­նա­լու:

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button