ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄՕՏ Ա.Մ.Ն.-Ի ԴԵՍՊԱՆ ՀԵՖԸՐՆ` ԱՅՑԵԼԵՑ ՊՈՍԹԸՆ
Լոս Անճելըս եւ Սան Ֆրանսիսքօ կատարած այցելութիւններէն ետք, Հայաստանի մօտ Ա.Մ.Ն.-ի դեսպան Ճոն Հեֆըրն շարունակեց իր շրջապտոյտը եւ այցելեց Արեւելեան շրջանի երկու գաղթօճախներ` Պոսթըն եւ Նիւ Եորք:
Պոսթընի մէջ, ան հանդիպում ունեցաւ տեղւոյն գաղութին հետ, ժողովրդային բնոյթ ունեցող երկու հաւաքներու առթիւ, յաջորդաբար Սուրբ Յակոբ եւ Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցիներու (Ուաթըրթաուն) սրահներէն ներս: Նաեւ, ան հանդիպումներ ունեցաւ, շրջանէն ներս գործող կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ:
Դեսպան Հեֆըրն 10-15 վայրկեան տեւողութիւն ունեցող լսատեսողական ոճով իր զեկուցումը տուաւ: Ան լուսանկարներու ցուցադրութեամբ ընդհանուր գիծերու մէջ լուսաբանութիւններ տուաւ իր աշխատանքներուն եւ Հայաստանի տրամադրուած ամերիկեան օժանդակութիւններուն մասին:
Հեֆըրն յայտնեց թէ Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութիւնը հետզհետէ կը զօրանայ եւ աւելի արդիւնաւէտ գործունէութիւն կը տանի: Ան դիտել տուած է, որ քաղաքացիական աշխուժութիւնը կենսական կարեւոր տարր կը հանդիսանայ առողջ ժողովրդավարութեան զարգացման համար:
Ան զեկուցեց թէ, արդիւնաւէտ եղած են քանի մը նախաձեռնութիւններ, որոնք դրական փոփոխութիւններու պատճառ դարձած են: Ըստ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան (USAID) գնահատականին, Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութիւնը նախկին Խորհրդային Միութեան երկիրներու շարքին մէջ երկրորդ հզօրագոյնն է:
Անոր համաձայն` Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը կը փորձէ ամրապնդել Հայաստանի հետ համագործակցութիւնը` հասարակական կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ:
Ան յայտնեց թէ 2015ին Թուրքիան ու Հայաստանը կարելիութիւն պիտի ունենան կարգաւորելու յարաբերութիւնները եւ ատիկա կարեւոր տարի պիտի ըլլայ երկու կողմերուն համար եւ շեշտեց թէ այս մէկը հայ-թրքական արձանագրութիւններու վաւերացումն ու գործադրութիւնն է:
Հարց-պատասխաններու ժամանակ, բազմիցս արծարծուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը, զանազան դիտանկիւններէ դիտուած: Դեսպանը, շեշտեց.- “Լաւապէս կը հասկնամ եւ կը ցաւիմ թէ ինչ պատահած է 1915-ին: Անմեղներ սպաննուած են, սակայն այլ քաղաքական հաստատումներ Սպիտակ Տունն է որ կը կատարէ: Իբրեւ ամերիկացի քաղաքական գործիչ, իմ պարտականութիւնս է, կամակատարը դառնալ եւ կատարել պարտականութիւններս“:
Նաեւ, արծարծուեցան զանազան հարցեր, որոնց կարգին մարդասպան Սաֆարովի ազատ արձակումը, Արցախի հիմնահարցին գծով` Ատրպէյճանի հետեւողական ոտնձգումները, ընկերային հարցեր, եւայլն:
Դեսպանին կ՛ընկերանար իր կողակիցը եւ ձեռնարկներու աւարտին, կատարուեցաւ հիւրասիրութիւն եւ դեսպանը շարունեակեց իր զրոյցը, պատասխանելով զանազան հարցումներու: