Յօդուածներ

ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ԿԼՈՐ ՍԵՂԱՆԻՆ ԱՌԹԻՒ.- ԱՐՈՒԵՍՏ ՅԱՉՍ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱ՞Ն ԹԷ…ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ ՅԱՉՍ ԱՐՈՒԵՍՏԻ

“Հայրենիք“

Դեկտեմբեր 15, 2012

Պաղեստինցի Ժուպրան եղբայրները իրենց ուտով, յաճախ ելոյթներ կ՛ունենան ամէնուրէք, մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծելով: Անոնց հրամցուցած գործերուն կողքին, նոյնքան հաճելի են, իրենց կատարած արտայայտութիւններն ու մէջբերումերը: Անոնք միշտ ալ կը յայտնեն թէ, համոյթի ժամանակ… պարտաւորութիւն եւ պարտականութիւն է, քանի մը տողով նկարագրել իրենց պատկանելիութիւնն ու անոր հետեւանք` ստեղծուած խոչընդոտները, աւելցնելով թէ օրինակի համար շուէտացի կամ այլ երկրէ մը ժամանած երաժիշտի համար երբեք կարեւոր չէ այս ազգային պատկանելիութիւնը:

Այս գծով, Ժուպրան եռեակէն եւ ընդհանրապէս Պաղեստինէն աւելի բախտաւոր են հայ երաժիշտներն ու Հայաստանը…ահաւասիկ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն աւելի քան քսան տարի ետք:

Սակայն հայէն աւելի անբախտը գոյութիւն կամ նկատի ունենալով, “այրած սրտի մխիթարանք“ի մտածումով չբաւարարուինք: Ժուպրան եղբայրներու արտայայտածը տեղին պոռթկում մըն է, յաչս արդարութեան եւ այդ ալ արուեստի եւ մշակոյթի բեմահարթակէն: Միեւնոյն ժամանակ, սակայն հոս տեղին է նշել թէ այս եղբայրներուն համար, քանի մը խօսքով իրենց կացութիւնը ներկայացնելը շատ պարզ ու դիւրին է, մինչդեռ երեւակայեցէք հայ երաժիշտ մը, կամ բեմադրիչ մը, Պանքոքի մէջ կամ այլուր…փորձէ քանի մը տողով ներկայացնել Հայոց Ցեղասպանութիւնը, գէթ նոյնիսկ եթէ իր պատրաստած գործին նիւթն ալ նոյնինքն Ցեղասպանութիւնն է:

Եթէ քաղաքականութիւնը ունի իր սահմանները…թէ յարաբերական եւ թէ աշխարհագրական դիտանկիւնով դիտուած, արուեստի բնագաւառէն ներս ոչ մէկ արգելք եւ սահման գոյութիւն ունի: Այս պարագային, ժողովրդավարութիւնն ու ազատօրէն արտայայտուելու կամեցողութիւնը անսահման են: Պատահած է որ պաղեստինցի եւ հրեայ երաժիշտներ միասնաբար բեմ բարձրանան եւ յանուն արդարութեան նուագեն: Պատահած է որ ազերի եւ հայ երաժիշտներ միասնաբար ելոյթ ունեան յանուն հանրածանօթ թաւջութակահար Եօ Եօ Մայի ստեղծած “մետաքսեայ ճամբու“ գաղափարին, սակայն զգոյշ այս բոլորը չեն եզրակացնէր թէ բոլոր հարցերը լուծուած են եւ արուեստի միջոցով ստեղծուած է ճամբու քարտէս մը:

Քիչ կը պատահի որ հայ արուեստագէտներ խոր քննարկումներ կատարեն եւ ներակայացնեն երկերեսանի այն կացութիւնը, որ կը տիրէ Հայաստան-Թուրքիա սահմանին առնջութեամբ կամ Արցախի գծով թափուած արիւնը …եւ կամ Նախիջեւանի մէջ շարունակաբար սրբապղծուած եւ քանդուած խաչքարերը, որոնք միջազգային նշանակութիւն ունին (կամ ունէին… նկատի ունենալով որ գրեթէ ոչինչ մնացած է):

Այս մտահոգութիւնները արտայայտելու եւ արուեստի ու մշակոյթի բնագաւառ փոխադրելու փորձերը այնքան մը սկաւաթիւ են, որ անտեղի է բաղդատական մը ընել Հրեաներու Ողջակիզման եւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին գրուած գիրքերու, գեղարուեստական գործերու եւ պատրաստուած ժապաւէններու միջեւ: Հայ արուեստագէտը նոյնքան գործ ունի տանելիք, որքան Հայ Դատի համար պայքարող քաղաքագէտը…

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button