ԴԱՆԻՈՅ ՄԷՋ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵԼԱՆ ԿԸ ՀՈՍԵՑՆԷ
ՔՈՓԵՆՀԱԿԸՆ (“Տը Քոփենհակըն Փոսթ“).- Դեկտեմբերի ամսուան սկիզբէն ի վեր, մայրաքաղաք Քոփենհակընի Արքայական Գրադարանէն ներս, Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ցուցահանդէս մը սկսած էր, որ սկսած էր գործի լծել տեղւոյն թրքական լոպպին: Այս պատճառով, Դանիոյ մօտ Թուրքիոյ դեսպանը առաջարկած էր, միեւնոյն Թագաւորականէն ներս, կազմակերպել Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրացող այլ ցուցահանդէս մը` “Այսպէս կոչուած Հայկական Ցեղասպանութիւնը“ խորագիրով:

Դանիոյ մտաւորական ու քաղաքական շրջանակները դէմ են այս նախաձեռնութեան: Դանիոյ Ժողովրդական կուսակցութեան ներկայացուցիչ Սեօրէն Էսպերսըն յայտնեց թէ, նման առաջարկ մը կրնայ առիթ ստեղծել որ օրինակի համար, գերմանացի ծայրայեղ ազգայնամոլները ցուցահանդէս մը կազմակերպեն, դրական նկատելով Հրեաներու ողջակիզումը:
Դանիոյ Ողջակիզման եւ Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւններու հիմնարկի պատասխանատու Սեսիլ Պանքը, այս մասին անդրադառնալով շեշտեց թէ կարելի չէ աղաւաղել պատմութեան մութ էջերը, իսկ տեղացի այլ հանրածանօթ ցեղասպանագէտ Մաթիաս Պիէօրնլունտ նշեց թէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը պատմական իրականութիւն մըն է, եւ այդ մասին որեւէ այլ մեկնաբանութիւն գիտական չի կրնար ըլլալ:

Այս որոշումին լոյսին տակ, խումբ մը թուրք մտաւորականներ, խորհրդարանի նախկին անդամներ եւ քաղաքապետներ բողոք-նամակ մը յղած են թանգարանին, որ չարտօնէ Ցեղասպանութիւնը ուրացող ցուցահանդէսի մը կազմակերպումը:
Մօտաւորապէս քառասուն ստորագրեալներուն մէջ կան պատմաբաններ` Թաներ Աքչամ ու Հալիլ Պերքթայ, նախկին երեսփոխաններ Սըրրը Սաքըք եւ Ուքուֆ Ուրաս, Տիգրանակերտի քաղաքապետ Օսման Պէյտեմիր, յօդուածագիրներ Այշէ Հիւր եւ Ռոնի Մարկուսլիս, Գերմանիոյ “Կանաչներ“ու համանախագահ Ճեմ Էօզտեմիր եւ այլ դասախօսներ եւ մտաւորականներ: