ԿիզակէտՅօդուածներ

ԶԱՆԳ­ՈՒԱԾ­ՆԵ­ՐԸ ԸՆԴՎ­ԶԵՑ­ՆՈՂ ԶԱՐ­ԳԱ­ՑՈՒՄ­ՆԵ­ՐՈՒՆ ԽՈՐ­ՔԸ.- ԻՐՈ­ՂԱ­ԿԱՆ ԻՇ­ԽՈՂ­ՆԵ­ՐԷՆ ՔԱ­ՆԻ ՄԸ ՕՐԻ­ՆԱԿ

Ս. ՄԱՀ­ՍԷ­ՐԷՃ­ԵԱՆ

Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու վեր­ջին տա­րի­նե­րու զար­գա­ցում­նե­րը հետզ­հե­տէ աւե­լի բա­ցա­յայտ կը դարձ­նեն այն դառն իրա­կա­նու­թիւնը, թէ նա­խա­գահ­ներ կամ իշ­խա­նա­ւոր դա­սու ան­դամ­ներ չեն ներ­կա­յաց­ներ մե­ծա­մաս­նու­թեան շա­հե­րը, պաշտ­պա­նը չեն ժո­ղո­վուր­դին իրա­ւուք­նե­րուն, մաս­նա­կից են ան­հա­ւա­սա­րու­թեան խո­րաց­ման եւ ըն­կե­րա­յին անար­դա­րու­թեան ծա­ւա­լու­մին:

Ար­ձա­նագ­րենք քա­նի մը ման­րա­մաս­նու­թիւն, նկա­տո­ղու­թիւն, նա­եւ նշենք, որ զար­մա­նա­լի չէ որ այս իրա­դար­ձու­թեանց նմա­նակ­նե­րը, ար­ձա­գանգ­նե­րը կ՛երե­ւին այլ եր­կիր­նե­րու, ցա­մա­քա­մա­սե­րու մէջ. յե­տոյ անց­նինք աւե­լի ան­դին:

Իրո­ղա­կան, հետզ­հե­տէ աւե­լի՛ տե­սա­նե­լի եւ հա­մար­ձակ դար­ձող իշ­խա­նա­ւոր­նե­րը կը կոչ­ուին քա­րիւ­ղի, զէն­քի, ար­դի ար­հես­տա­գի­տու­թեան կալ­ուա­ծի ար­տադ­րանք­նե­րու, դե­ղե­րու, ապա­հո­վագ­րու­թեան, դրա­մա­կան-դրա­մատ­նա­յին կալ­ուա­ծի հզօր­նե­րը, որոնց մէկ մա­սը ան­ուա­նի է, իսկ ու­րիշ­ներ` նուազ ծա­նօթ:

Խօ­սինք “բա­ղադ­րիչ­ներ“ուն օրի­նակ­նե­րով.-

– Քա­րիւ­ղի, առօր­եայ գոր­ծա­ծու­թեան վա­ռե­լա­նիւ­թե­րու սա­կե­րը հրթի­ռա­յին սլացք­ներ կ՛ար­ձա­նագ­րեն (միշտ դէ­պի վեր). սպա­ռող­ներ, այ­սօր, բաղ­դատ­մամբ 10-15 տա­րի առաջ իրենց վճա­րա­ծին` գրե­թէ քա­ռա­պա­տիկ աւե­լի՛ կը վճա­րեն ան­խու­սա­փե­լի փո­խադ­րա­ծախ­սե­րու սիւ­նա­կին մէջ: Քա­րիւ­ղի ըն­կե­րու­թիւն­ներ հպարտ-հպարտ կը ծա­նու­ցա­նեն, թէ իրենց շա­հե­րը բազ­մա­պա տկ­ուած են, ու այս բո­լո­րը կը կա­տար­ուին պաշ­տօ­նա­կան մի­ջոց­նե­րով, “ազատ շու­կայ“ի սկզբուն­քին վա­հա­նին տակ. ոչ ոք հարց կու տայ, թէ սա­կե­րու բարձ­րա­ցու­մը ին­չո՞ւ նման ան­հա­մե­մատ սահ­ման­նե­րու պէտք է հաս­նի (եթէ տեղ մը սահ­մա­նի հաս­կա­ցու­թիւնը ի զօ­րու է տա­կա­ւին), որ­քա­նո՞վ հիմ­նա­ւոր­եալ են սա­կե­րու բարձ­րա­ցու­մը, կա­մա­յա­կան ելե­ւէջ­նե­րը: (Չենք ու­զեր եր­թալ քա­նի մը տաս­նամ­եակ ետ, երբ տա­կառ մը քա­րիւ­ղի սա­կը քա­նի մը տո­լար էր, իսկ այօր 100 տո­լա­րէն վեր է առանց ամ­պար­կո­յի եւ այլ բե­մադ­րու­թիւն­նե­րու): Տա­կա­ւին, մար­դիկ, ու առա­ջին հեր­թին` եր­բեմ­նի հզօր մա­մու­լը հրա­ժա­րած են իրա­կա­նու­թիւն­նե­րը հար­ցա­կա­նի են­թար­կե­լու իրենց իրա­ւուն­քէն, անի­մաստ կը գտնեն հարց տալ, թէ պե­տա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ին­չո՞ւ պէտք չէ իրա­ւունք ու­նե­նան մի­ջամ­տե­լու ի նպաստ սպա­ռող զանգ­ուա­ծին: Սա­կե­րու բարձ­րաց­ման հա­մար, հրա­պա­րակ կը նետ­ուին ան­հե­թեթ բա­ցատ­րու­թիւն­ներ. օր մը մաս­նա­կի հրդեհ մը, ու­րիշ օր մը` մրրիկ մը, ցուր­տը կամ տա­քը, զտա­րա­նի մը ան­կակն­կալ կամ ծրագր­ուած` բա­նե­լէ դադ­րու­մը եւայլն: Ու զանգ­ուած­ներ, մոռ­ցած իրենց տար­րա­կան իրա­ւունք­նե­րը, հլու կը վճա­րեն պա­հանջ­ուա­ծը (“մեր ձեռ­քէն ի՞նչ կու գայ որ“ ու­ղե­ղալ­ուաց­քի հե­տե­ւան­քով ներ­մուծ­ուած մտա­ծու­մով): Իսկ իշ­խա­նա­ւոր­նե­րը, այ­սինքն` ժո­ղո­վուր­դի իրա­ւունք­նե­րուն ու շա­հե­րուն իս­կա­կան պաշտ­պան­նե­րը, կը մնան ան­տար­բեր, կը ձայ­նակ­ցին հրա­պա­րակ նե­տուող ան­հե­թե­թու­թեանց, որով­հե­տեւ անոնք իրո­ղա­պէս իրենց աթոռ­նե­րուն նստեց­ուած են յիշ­եալ­նե­րուն շա­հե­րը պաշտ­պա­նե­լու լուռ կամ բա­ցա­յայտ խոս­տում­նե­րով: Մին­չեւ վեր­ջերս, արա­բա­կան եր­կիր­նե­րը կամ ՕՓԷ­Քը կ՛ամ­բաս­տան­ուէ­ին իբ­րեւ ելե­ւէջ­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու, հի­մա այդ “մար­տա­վա­րու­թիւնն“ ալ դար­ձած է հնա­մե­նի, չա­րա­շա­հու-թիւնն ու շա­հա­մո­լու­թիւնը կը դիտ­ուին իբ­րեւ… նուա­ճում:

– Դրա­մատ­նա­յին ու անոնց գոր­ծա­կից կալ­ուա­ծա­յին ըն­կե­րու­թիւն­ներ բա­ցա­յայտ խար­դա­խու­թիւն­նե­րով տնա­զուրկ կը դարձ­նեն քա­ղա­քա­ցի­ներ, շին­ծու սնան­կու­թիւն­ներ կը յայ­տա­րա­րեն ու պաշ­տօ­նա­կան կո­ղո­պու­տի այլ հնարք­ներ կը պար­տադ­րեն իշ­խա­նա­ւոր­նե­րուն, որոնք բազ­մա­միլ­ի­առ տո­լար­նե­րու ներդ­րում­ներ կը կա­տա­րեն դրա­մատ­նա­յին-բնա­կա­րա­նա­յին կալ­ուա­ծին մէջ, առանց փոխ-հա­տուց­ման ակն­կա­լու­թեան. կարճ ատեն ետք, դրա­մա­տու­ներ կը հպար­տա­նան, որ իրենց տա­րե­կան շա­հե­րը բազ­մա­միլ­ի­առ տո­լար­նե­րու հա­սած են, տնտե­սա­կան ան­կու­մին պա­տաս­խա­նա­տու վա­րիչ­նե­րը հսկա­յա­կան վար­ձատ­րու­թիւն­նե­րու կ՛ար­ժա­նա­նան, իսկ իշ­խա­նա­ւոր­նե­րը չեն մտա­ծեր այդ կալ­ուա­ծին տրա­մադր­ուած փրկա­գի­նին փոխ-հա­տուց­ման մա­սին, ընդ­հա­կա­ռակն, միշտ կը թուին պատ­րաս­տա­կամ ըլ­լալ հսկա­յա­կան գու­մար­նե­րով օգ­նու­թեան փու­թա­լու… զի­րենք աթոռ­նե­րու հասց­նող­նե­րուն: Լա­ւա­գոյն պա­րա­գա­յին, խօսք կ՛ըլ­լայ թէ որոշ փոխ-հա­տու­ցում կ՛ըլ­լայ կամ… պի­տի ըլ­լայ: Տնտե­սա­գէտ­ներ վի­ճա­կագ­րու­թեանց աշ­խար­հը կը հարս­տաց­նեն նո­րա­նոր ուս­ումնասի­րու­թիւն­նե­րով, ցոյց տա­լու, թէ “վե­րին դա­սա­կար­գը“ մի­ջին (եթէ դեռ տեղ մը մի­ջին որա­կու­մը իմաստ ու­նի) կամ ստո­րին “դա­սա­կար­գեր“էն քա­նի հա­րիւ­րա­պա­տիկ եկա­մուտ կ՛ապա­հո­վեն, ինչ­պի­սի հսկա­յա­կան գու­մար­ներ իւ­րա­ցու­ցած են ու “բան­տար­կած“ իրենց տրա­մադ­րու­թեան տակ, պե­տա­կան մե­քե­նա­ներ կը մատն­ուին նիւթա­կան ահա­ւոր դժուա­րու­թիւն­նե­րու, օրի­նա­կի հա­մար` կրթա­կան մար­զը յան­ձան­ձե­լու ճի­գե­րուն մէջ: Այդ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րը կը լեց­նեն պա­հա­րան­ներ ու հա­մա­կար­գիչ­ներ, իրո­ղա­կան կա­ցու­թիւնը կը շա­րու­նա­կէ ան­կու­մի ու­ղին:

– Դար­մա­նու­մի, հիւան­դա­նոց­նե­րու, դե­ղե­րու սա­կե­րը ոչ մէկ ատեն հար­ցա­կա­նի տակ կ՛առն­ուին, որով­հե­տեւ սպա­ռող­նե­րուն “պար­տադր­ուած“ է ապա­ւի­նիլ ապա­հո­վագ­րու­թեան ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու: Մե­ծադ­ղորդ բա­նա­վէ­ճե­րու նիւթ կը դառ­նան, թէ առող­ջա­պա­հա­կան ապա­հո­վագ­րու­թիւնը ինչ­պի­սի՞ “տան­ջանք­նե­րէ“ պէտք է անց­նի, ապա­հո­վագր­եա­լը ինչ­պի­սի՛ գին պէտք է վճա­րէ ապա­հո­վագ­րու­թիւն ձեռք բե­րե­լու հա­մար, որով­հե­տեւ ան­դին կայ այն սար­սա­փը, որ չա­պա­հո­վագ­րուո­ղը, հիւան­դա­նոց իյ­նա­լու պա­րա­գա­յին, կրնայ մատն­ուիլ այն­պի­սի հսկա­յա­կան պարտ­քե­րու, որոնց պար­տա­մուր­հակ­նե­րը կրնան զինք հետպն­դել նա­եւ… յետ մա­հու, “Վե­րին Երու­սա­ղէմ“ի մէջ: (Ձայ­նասփռ­ուած զրոյ­ցի մը պա­հուն, 70ի սե­մին հաս­նող կին մը վեր­ջերս կը գան­գա­տէր, որ չի կրնար հո­գալ իր տար­րա­կան ապ­րուս­տը, տան վար­ձը, մին­չեւ իսկ… թաղ­ման ծախ­սե­րը. Can not afford my funeral expenses, կ՛ըսէր խեղ­ճը): Մար­դիկ չեն մղուիր մտա­ծե­լու, թէ արդ­եօք քա­նի մը տասն­եակ տա­րի առաջ, երբ չկար պաշ­տօ­նա­կան, օրէն­քով նուի­րա­գործ­ուած  կո­ղո­պու­տի այժ­մու դրու­թիւնը, մար­դիկ ինչ­պէ՞ս կրնա­յին, իրենց սահ­մա­նա­փակ եկա­մու­տով, հո­գալ իրենց ապ­րուս­տի ու դար­մա­նու­մի ծախ­սե­րը, առանց մտա­տան­ջու­թիւնը ապ­րե­լու, թէ վի­րա­բու­ժու­թե­նէ մը, քա­նի մը կեղծ ատա­մի տե­ղադ­րու­մէն, կամ` ծանր հիւան­դու­թե­նէ մը դար­ման­ուե­լէ ետք, կրնան… սրտի տագ­նա­պէ մա­հա­նալ` ի տես հիւան­դա­նո­ցա­յին ան­մատ­ջե­լի հաշ­ուե­ցոյ­ցի մը: Այ­սօր, մար­դոց անուղ­ղակի­օ­րէն, իրո­ղա­կան ու­ղե­ղալ­ուաց­քի ճամ­բով, ներ­մուծ­ուած է այն հո­գե­բա­նու­թիւնը, թէ ար­գիլ­ուած է անդ­րա­դառ­նա­լը, որ ապա­հո­վագ­րու­թեան ու յա­րա­կից “տուր­քե­րը“ իրե՛նք է որ կը վճա­րեն` նմա՛­նա­պէս պար­տադր­ուած սա­կա­գի­նե­րով: Ար­գիլ­ուած է մտա­ծել-քննար­կել, թէ որոշ դեղ մը ին­չո՞ւ պէտք է ար­ժէ բազ­մա­տասն­եակ կամ հա­րիւ­րա­ւոր տո­լար­ներ (ան­շուշտ մեծ մա­սը վճա­րե­լի ապա­հո­վագ­րու­թեան ըն­կե­րու­թեան կող­մէ), մին­դեռ անոր իս­կա­կան սա­կը քա­նի մը սենթ է, կամ սեն­թի մը կո­տո­րա­կը` միայն…

– Հետզ­հե­տէ ան­հա­սա­նե­լի կը դառ­նան կրթա­թո­շակ­նե­րը. հա­մալ­սա­րան­ներ կը վե­րած­ուին դրա­մատ­նա­յին հիմ­նարկ­նե­րու պէս հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու, ուր մտնո­ղը սկսած է ի սկզբա­նէ հա­մոզ­ուիլ, թէ պէտք է պարտ­քե­րու տակ թաղ­ուի, հսկա­յա­կան փո­խա­ռու­թիւն­ներ կնքէ, որ­պէս­զի վկա­յա­կան մը ձեռք ձգե­լէ ետք, տա­րի­ներ շա­րու­նակ աշ­խա­տի (եթէ գործ գտնէ) պարտ­քը մա­րե­լու հա­մար, մտա­ծէ, թէ իր կար­գին` օրի­նա­կան կո­ղո­պու­տի ի՞նչ մի­ջոց­նե­րու պէտք է դի­մէ` պարտ­քե­րէն փրկուե­լու հա­մար: Մար­դոց յի­շո­ղու­թեան դաշ­տէն դուրս մղուած են այն պարզ իրա­կա­նու­թիւն­նե­րը, որ քա­նի մը տաս­նամ­եակ առաջ, բարձ­րա­գոյն ուս­ման հա­մար տրա­մա­բա­նա­կան ու տա­նե­լի կրթա­թո­շակ­ներ կը գանձ­ուէ­ին: Իսկ մե­տա­լին միւս երե՞­սը. իշ­խա­նա­ւոր­ներ ու թեկ­նա­ծու­ներ իրո­ղա­կան մրցակ­ցու­թեան մէջ են, թէ դպրո­ցա­կան մար­զին տրա­մադր­ուած պիւտ­ճէ­նե­րը ինչ­պէ՞ս պի­տի կրճա­տեն եւ զեղչ­ուած գու­մար­նե­րը ի՞նչ մի­ջոց­նե­րով զի­րենք հո­վա­նա­ւո­րող­նե­րուն (օրի­նա­կի հա­մար, զէն­քի ար­տադ­րիչ­նե­րուն) պի­տի հայ­թայ­թեն…

– Զէն­քե­րու շու­կան կը մնայ ան­հա­կակ­շիռ. սահ­մա­նադ­րա­կան յօդ­ուած­նե­րու կը դիմ­ուի զէն­քի առեւ­տու­րը ազատ պա­հե­լու հա­մար, հոգ չէ թէ խե­լա­գար­ներ ազա­տօ­րէն ոճիր­ներ կը գոր­ծեն ու ահա­գին աղ­մուկ կը բարձ­րաց­նեն… իրենց մարդ­կա­յին իրա­ւունք­նե­րուն պաշտ­պա­նու­թեան հա­մար: Իսկ այ­սինչ կամ այ­նինչ հա­րուստ երկ­րին զէնք-ռազ­մամ­թերք ծա­խե­լու գոր­ծառ­նու­թիւն­նե­րը կ՛ար­ժա­նա­նան հպան­ցիկ ակ­նար­կու­թիւն­նե­րու, մի՛շտ յա­ռաջ քշե­լով այն տրա­մա­բա­նու­թիւնը, թէ եր­կի­րը տնտե­սա­կան բա­րե­լա­ւում կ՛ապ­րի զէնք ծա­խե­լով, ան­գոր­ծու­թիւնը կը դար­ման­ուի զէն­քի ար­տադ­րու­թեան յա­ւե­լու­մով: Պէտք կա՞յ խօ­սիլ բազ­մա­պատ­կուող պա­տե­րազմ­նե­րուն մա­սին, որոնք աշ­խար­հա­մար­տերն ան­գամ կը նսե­մաց­նեն…

– Ար­դի ար­հես­տա­գի­տու­թեան վա­ճառ­քը կը մնայ հա­կակ­շի­ռէ դուրս. կա­տար­ուած հնարք մը շու­կայ կը հան­ուի` զայն գնորդ­նե­րուն (մաս­նա­ւո­րա­բար պա­տա­նի­նե­րուն ու երի­տա­սարդ­նե­րուն) բարձր սա­կե­րով պար­տադ­րե­լու տրա­մա­բա­նու­թեամբ. յա­ճա­խորդ­նե­րուն կը ներ­մուծ­ուի մա­տուց­ուա­ծը ան­մի­ջա­պէս գնե­լու, “ար­դի աշ­խար­հին հետ քայլ պա­հե­լու“ հո­գե­բա­նու­թիւնը, “տրա­մա­բա­նու­թիւնը“: Մի­ջո­ցը կը շփոթ­ուի նպա­տա­կին հետ, գնոր­դը` պա­տա­նի կամ որե­ւէ տա­րի­քի, անուղ­ղակի­օ­րէն ետ կը պահ­ուի մտա­ծե­լէ, թէ տու­եալ սար­քին քա­նի՞ տաս­նոր­դը իս­կա­պէս պի­տա­նի ու անհ­րա­ժեշտ բան է իրեն հա­մար (արդ­ի­ա­կա­նա­ցու­մի դէմ չենք, խօս­քը ար­դի ար­հես­տա­գի­տու­թեան չա­րա­շա­հու­մին մա­սին է…): Այս մօ­տե­ցու­մով, կա­րե­լի է կար­կի­նը տա­րա­ծել նա­եւ ինք­նա­շարժ­նե­րու կամ այլ պի­տա­նի սար­քե­րու կալ­ուա­ծին վրայ եւ հարց տալ, թէ պարզ (ոչ թէ պեր­ճա­շուք) նոր ինք­նա­շար­ժի մը հա­մար ին­չո՞ւ պէտք է վճա­րել այն­պի­սի գու­մար մը, որ ոչ հե­ռա­ւոր անց­եա­լին բա­ւա­րար էր… բնա­կա­րան մը գնե­լու:

Կա­րե­լի է շա­րու­նա­կել թուու­մը այն իրո­ղու­թեանց, որոնք ուղ­ղա­կի եւ անուղ­ղա­կի դեր ու­նին ըն­կե­րա­յին տագ­նապ­նե­րու ծան­րաց­ման, ապ­րուս­տի պայ­ման­նե­րու դժուա­րաց­ման մէջ, վի­ճակ­ներ` որոնց ի տես, պե­տա­կան իշ­խա­նա­ւոր­ներ պար­տա­ւոր են մտա­ծել հա­կակշ­ռու­մի մի­ջոց­նե­րու մա­սին, անոնք ըստ այդ պաշ­տօն­նե­րուն կը կոչ­ուին ըն­կե­րա­յին հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն պաշտ­պա­նե­լու հա­մար, մինչ­դեռ, բա­նիւ եւ գոր­ծով կը կանգ­նին զանգ­ուած­ներ հարս­տա­հա­րող­նե­րու պաշտ­պա­նի խրա­մատ­նե­րուն մէջ, մաս­նա­կից են ըն­կե­րա­յին ան­հա­ւա­սա­րու­թեան խո­րաց­ման, իրո­ղա­պէս կը պաշտ­պա­նեն շա­հե­րը անոնց` որոնք զի­րենք նստե­ցու­ցած են այդ աթոռ­նե­րուն վրայ:

 

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button