Լուսանկարներ՝ Իննա Մխիթարեան
Հայաստանի ՀիւսիսԱրեւելեան շրջանի գիւղական համայնքներէն մէկն է Ենովականը, Իջեւանէն մօտաւորապէս վեց մղոն հեռու: Խիտ անտառներով շրջապատուած, այս գիւղը կը գտնուի հազար երեք հարիւր մեթր բարձրութեան վրայ: Մօտակայ անտառածածկ ձորը ունի չորս մղոն տարածութիւն: Քարքարոտ ճանապարհը մերթ լայն մերթ բարակ, բաւական կը յոգնեցնէ շարժավարը եւ յատկապէս ճամբորդը որ բազմիցս կը ցնցուի:
Այսպէս, ճամբաները հետզհետէ կը շփոթուին արահետներու հետ: Այնքան մը որ, կարելի չէ պարզ ինքնաշարժներով շարունակել բնութեան գիրկին մէջ ծայր առած առաքելութիւնը:
Քանի մը տարի առաջ, շրջանէն բժիշկ մը՝ Արտակ Չիբուխչեան, գաղափարը կը յղանայ իր ծննդավայրէն ներս զարկ տալու զբօսաշրջիկութեան, աւելի տալով արկածախնդրական բնոյթ: Այսպէս կարելի է յատուկ ձիերով կատարել պտոյտներ այս տեսարժան բնութեան մէջ:
«Ապագայ Թուր» կը կրէ Արտակ հիմնած ընկերութեան անունը: «Այցելուներին սպասում են աղբիւրներ, ջրվէժներ, անտառներ, յուշարձաններ, եւայլն: Արշաւների տեւողութիւնը տատանւում է երեքից մինչեւ տասնհինգ օրուայ սահմաններում: Մինչ այդ նորեկները ձիապանների հետ ձիարշաւարանում մէկէն երեք ժամ վարժւում են, պտտւում, ընտելանում կենդանուն եւ նոր խմբի հետ մեկնում արշաւի:…Այսպէս, այս տարածքը դարձել է զբօսաշրջիկական գօտի: Նախնական միջոցների փոխարէն, հիմա յարմարաւէտ, երկյարկանի գիւղական ոճով հանգստեան տնակներ են, ուր զբօսաշրջիկներին առաջարկում են Իջեւանի տեսարժան վայրերով զբօսանք՝ ձիով կամ պարզապէս քայլարշաւով: Բոլոր մասնակցողները վրաններ են վերցնում, ուտելիք, հագուստ ու ճամբայ ընկնում դէպի Սանահին, Հաղպատ, Հաղարծին: Ձիապաններն ամէն օր կապւում են կեդրոնակայան ու տեղեկացնում իրավիճակի մասին: Արշաւախումբը ճամբի գիւղերում կանգ է առնում, լողանում, գնումներ կատարում եւ կրկին ճամբան անցնում է անտառների միջոցով, իսկ գիշերում են վրաններում…» կը տեղեկացնէ ան:
Խոհանոցն ալ գիւղական է: Տեղւոյն վրայ կը թխուի քարի հաց կամ թոնրի լավաշ, կովի թարմ մածուն կամ պանիր կը հրամցուի, իսկ առաւօտեան թէյի հետ, կարելի է ճաշակել պտուղներով պատրաստուած պահածոյ անուշեղէններ:
Ահաւասիկ հրաշալի է շրջանի կանաչապատ եւ հրաշագեղ բնութիւնը՝ անտառներ, երկնաքար լեռներ, անդնդախոր ձորեր, կիրճեր, գետեր, մարգագետիններ, եւ այս բոլորին մէջ՝ հոյակերտ վանքեր, եկեղեցիներ ու բերդեր: Կը կարծուի թէ Լոռին է Հայաստանի ամէնէն կանաչ տարածքը, քաղցր ու բարի ժողովուրդով, պարզամիտ եւ հիւրասէր գիւղացիներով: Պարագան նոյնն է աւելի Հիւսիս Արեւելելք…այս շրջանէն ներս:
Կարելի է այս բոլորը նկարագրել, կրկնելով հայրենի բանաստեղծ Մատթէոս Զարիֆեանի մրոտած տողերը.
Ամէն կողմ դող, ամէն կողմ յոյզ, ամէն կողմ երգ,
Հոս կը սողան, հոն կը ծաղկին, հոն կը թռչին,
Ամէն կողմ բոյր, թոյր ու համբոյր,
Հոս կը ծնին, հոն կը ծլին, հոն կը սիրե¯ն…
Ահա տարմերն են ասոնք կեանքով արբշիռ թռչուններուն,
Որ, ալեւոր բայց ի¯նչ հզօր ծառերուն մէջ թաքնուած,
Սիրոյ տօնը կը տօնեն…
Իրենց գոյնգոյն փետուրներուն սարսուռն ահա կը տեսնեմ,
Մինչ, գաղջ սիւքին հմայքին տակ, լանջքերն իրենց սպիտակ
Կը յորդին լուռ հեշտանքով, այնպէ¯ս, այնպէ¯ս կը հեւան…
Օ¯ քերթուածը իրենց երգին…
Ահա շիւղերն աւշայեղց՝ մեղմ Օրրումով կը կքին,
Երբ սիրահար զոյգերն անոնց, թռիչքներով խօլական,
Սիրոյ ցաւը հեշտանքի վերածելու կը ճգնին…
Ու կը հեւա¯ն, ու կը հեւա¯ն, լանջքերն իրենց սպիտակ
Այնքան անզօր են՝ հզօր ցաւին համար վայելքին…
Սո¯ւրբ բնութիւն…
Մեռելներն իսկ պէտք է զգան, կը խորհիմ,
Լքումին մէջ իրենց տրտում գիշերին,
Ողջ տարրերուն այս պոռթկումը խելայեղ,
Այս լոյս համբո¯յրը երկնքին ու կեանքին…
Աստուածայի¯ն բնութիւն,
Կþուզեմ ըլլալ ես գերին քու հեթանոս քմայքին…
Քու բոյրերուդ, քու թոյրերուդ ծովին մէջ
Լողա¯լ, լողա¯լ, նոյնիսկ խեղդուիլ կը տենչամ.
Ա°ռ զիս, ա°ռ զիս.
Ահա քեզի կը յանձնեմ, քու սէրերուդ, սարսուռներուդ
Կեանքի տրտում գիշերներէն դատարկացած իմ հոգին…
Ա¯հ, թող նորէ°ն, ինչպէս հինհին օրերուն,
Լոյսով, յոյսով յորդի ան…: