ԶԱՆԳՈՒԱԾՆԵՐԸ ԸՆԴՎԶԵՑՆՈՂ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԽՈՐՔԸ.- “ԱՆԵՐԵՒՈՅԹ“ ԳՈՐԾՕՆՆԵՐ, ԵՐԵՒՑՈՂ ԻՇԽԱՆԱՒՈՐՆԵՐ
Միացեալ Նահանգներու ընտրապայքարն ու անոր կապուած քովընտի-քողարկուած զարգացումները իւրայատուկ չեն գեր-հզօր այս երկիրն, այլ տարբերակները կը դրսեւորուին այլ ցամաքամասերու եւ երկիրներու մէջ, անոնք ըլլան հզօրներու թէ անոնց ազդեցութեան գօտիներուն մէջ (Խորհրդային Միութեան օրերուն, Արեւելեան Եւրոպայի անկախ երկիրները ունէին “արբանեակ“ որակումը…):
Փաստօրէն, ամերիկեան կամ այլ ցամաքամասերու երեւցող բեմերուն ետին, կ՛արձանգրուին այնպիսի՛ զարգացումներ, մարդկութեան բարօրութեան ներհակ այնպիսի՛ սադրանքներ, որոնց քողարկումին կը ծառայեն երեւցող բեմի իրադարձութեանց մէկ կարեւոր բաժինը: Եւ այդ յետին զարգացումները անկախ են այս կամ այն ընտրապայքարէ, կերտած են իրե՛նց “անկախ“ ուղիները, որոնք խորքին մէջ իրենցմէ կախեալ դարձուցած են թէ՛ ընտրապայքարները, թէ՛ մեծ ու փոքր դէպքերն ու իրադարձութիւնները, եւ թէ մարդկութեան մեծագոյն մասը: Ամերիկացի անուանի տնտեսագէտ մը` Նոպէլեան մրցանակի արժանացած Ճոզըֆ Սթիկլից, քանի մը տարի առաջ (2008ին պայթած տնտեսական տագնապէն ետք) հրապարակ նետեց բանաձեւում մը, որ շուտով նշանախօսքի վերածուեցաւ ընկերային արդարութիւն եւ հաւասարութիւն պահանջող աքթիւիսթներու կողմէ (Միացեալ Նահանգներու եւ անոր տրամաբանութեան ենթակայ աշխարհին, երկիրներուն մէջ արգիլուած է “յեղափոխական“ բառին գործածութիւնը, որովհետեւ անո՛ր ալ տրուած է զուտ բացասական գունաւորում, այնքան մը, որ յեղափոխականը կը հաւասարեցուի խռովարարի, ոճրագործ ահաբեկիչի. կը մոռցուի, թէ այս երկրին անկախութեան կերտիչները, ինչպէս աշխարհի մեծ բարեշրջումներու կերտիչները յեղափոխականներ էին, բառին ամէնէն ազնիւ ու մարդկային իմաստով): Այդ նշանախօսքն է “Մէկ առ հարիւրը ընդդէմ 99 առ հարիւրին“…
Այս բանաձեւումը թէեւ նորահնար է, սակայն իրականութեան մէջ կը բացատրէ զարգացում մը, որ մարդկութեան պարգեւ տրուած է արդի ու բարեշրջուած դրամատիրութեան կողմէ, վերջին աւելի քան երեք տասնամեակներուն, սկսեալ այն օրերէն, երբ իշխանաւորներուն թելադրուեցաւ ընթացք տալ օրէնք-ներու, ազատ շուկայի ըմբռնումն ու տնտեսական դրութիւններ մասնակի հաշիւներու լծող “գործարարական“ գործընթացներու, որոնք զարգացան անհակակշիռ ձգուելու տրամաբանութեամբ ու կամքով, զանգուածները հասցնելով ներկայ վիճակին:
ՅԵՏԻՆ ԲԵՄԸ
Եթէ պահ մը մենք մեզ անջատենք բեմին յառաջամասէն ու թափանցենք յետին ծալքերուն, դժուար չէ տեսնել, թէ տարբեր ցամաքամասերու, երկիրներու ժողովուրդները ի՛նչ պայմաններու մէջ եւ ինչպիսի՛ զարգացումներու հետեւանքով հասած են անկումային այն կացութեան, որուն հեղինակները կը կազմեն “մէկ առ հարիւրը“, անոնց ստեղծած չուանները հետզհետէ աւելի ուժեղ, համարձակ ու բացայայտ կերպով կը սեղմեն մնացեալ 99 առ հարիւրին կոկորդը, գրպանը, ապրուստի պայմաններն ու իրաւունքները: Եւ սա` ոչ միայն Միացեալ Նահանգներու մէջ, այլ աշխարհի ամբողջ տարածքին:
Իրաւամբ, 21րդ դարը տարիներու շերտերով կերտող մերօրեայ աշխարհը, Ծայրագոյն Արեւելքէն մինչեւ Միջին Արեւելք, Եւրոպա ու Ամերիկաներ, “զարդարուած“ է հետզհետէ բազմացող արիւնալի ռազմադաշտերով, որոնցմէ բարձրացող ծուխերը առաքելութիւնը ունին քողարկելու աւելի՛ ծաւալուն ու համատարած տագնապներ, որոնք, ինչպէս նշեցինք արդէն, մարդկութիւնը դրած են ընկերային-տնտեսական ճնշումներու տակ, որոնք պատմութեան մէջ քիչ նախընթացներ ունին:
Փաստօրէն, տնտեսական-ընկերային տագնապները չեն սահմանափակուած միայն արիւնահեղութեան դաշտերուն մէջ, այլ բռնած են կոկորդը մարդկութեան մեծամասնութեան, այն զանգուածներուն` որոնք չեն գտնուիր… իշխանաւոր դասակարգի փոքր օղակին մէջ: Թէեւ զանգուածային լրատուութեան միջոցները կը նախընտրեն առաւելաբար խօսիլ-արձագանգել զինեալ զարգացումներուն, այդ ալ` բացայայտ կողմնակալութեամբ (իրենց թելադրուած է այդպէս ընել, անոր համար կը վճարուին), սակայն ընկերային համատարած ճնշումին դէմ բարձրացող արդար աղաղակները երբեմն կը խզեն ծուխի ամպերն ու լրատու աղբիւրներու հաստատած աննշմարելի պարիսպները, պոռթկումի, ընդվզումի եւ արդար պահանջներու ձայներ լսելի կը դարձնեն այս կամ այն ցամաքամասին վրայ, հագուելով տարբեր անուանումներ: Յիշեցինք Միացեալ Նահանգներու պարագան, ուր շարժումը պահ մը դրսեւորուեցաւ “99 առ հարիւրը ընդդէմ 1 առ հարիւրին“ նշանախօսքի դրօշով, զուգահեռաբար նաեւ Ուոլ Սթրիթի կամ տարբեր քաղաքներու “գրաւում“ որակումներով: Եւրոպական ցամաքամասին վրայ եւս ժողովրդային ընդվզումի շարժումները ստացան նմանօրինակ որակումներ, անուանումներ, անոնք կ՛անցնին ամերիկեան քաղաքներու մէջ (այժմ գրեթէ խեղդամահ եղած) բաղդատաբար “քաղաքավար“ եւ “քաղաքակիրթ“ արտայայտչաձեւերէն անդին եւ հրապարակներ բեմ կը դարձնեն բիրտ ցոյցերու, արիւնահեղութեան հասնող բախումներու, կը պատճառեն մարդկային զոհեր (հոն ալ զգուշաւորութիւն կայ յեղափոխութիւն եզրին նկատմամբ):
ՇԱՆ ԳԼՈՒԽԻՆ
ԹԱՂՈՒԱԾ ՏԵՂԸ
Եթէ այս շարժումները` իշխանաւոր դասակարգին դէմ ընդվզումի ալիքները հաւաքենք նոյն հասարակ յայտարարին վրայ, անվարան կարելի է հաստատել (կրկնելու գնով ըսենք), թէ իշխող կառավարութիւններն ու անոնց վարիչները` նախագահ, վարչապետ, ու տակաւին`մինչեւ անգամ խորհրդարաններ կորսնցւոցած են ժողովուրդի ներկայացւոցիչները, անոնց շահերուն պաշտպանը ըլլալւո հանգամանքը, անկախ անկէ, թէ իշխանաւոր դասակարգը քաղաքացիներուն կը ներկայանայ ժողովրդավարի՞ թէ մենատիրական-բռնատիրականի պատմուճանով:
Մարդկութեան քաղաքական-քաղաքակրթական պատմութիւնը, որ յատկապէս միջին դարերէն սկսեալ, հանգրուան առ հանգրուան արձանագրած է իշխանութիւն-հպատակ հակամարտութեան բազում հանգրուաններ, ահագին պայքարներու շնորհիւ քայլ առ քայլ նուաճումներ արձանագրուած են ընկերային արդարութեան հաստատման ճամբուն վրայ, աշխատաւորներու իրաւունքներու պաշտպանութեան համար, իշխանութեանց ու զանգուածներուն միջեւ դար առ դար գոյացած են համաձայնութիւններ, պայմանագրութիւններ (քաղաքական գիտութեան բառամթերքով` Social Agreements), մշակուած օրէնքներու ճամբով զանգուածները շահած են համեմատաբար բարօր ու հանգստաւէտ ապրուստի պայմաններ: Հիմա, քանի մը տասնամեակի մէջ, տեղի կ՛ունենայ արագ նահանջ, բարեշրջումները գլխիվայր կը դառնան, երեւութական բարօրութեան քողը կ՛այրի ու աշխատող զանգուածները, տասնամեակներ առաջ իրենց ստացած օրապահիկէն շատ աւելի մեծ գումարներ ձեռք բերելով հանդերձ, իրողապէս կ՛ընկղմին թշուառութեան տիղմին մէջ, կը քերեն աղքատութեան սահմանները, իրենք զիրենք կը գտնեն այս իրականութեան դիմաց աչք-ականջ փակող իշխանաւորներուն դիմաց: Իշխանաւորները կա՛մ անդամ են “մէկ առ հարիւր“ (նոյնիսկ անկէ ալ նուազ) հաշուող խմբակի մը, կամ անոր կողմէ լիաբուռն վարձատրուող վարձկաններ, որոնք կրնան ժողովուրդին իրաւունքներուն եւ բարօրութեան նախանձախնդիր ըլլալու հազար ու մէկ խոստում տալ, սակայն այդ խոստումներէն ոչինչ իրականացնել, լաւագոյն պարագային, խաբկանքներ ստեղծել…:
Դժբախտութեան մէկ երեսն ալ այն է, որ ժողովրդավարութեան պատմուճանով ներկայացող երկիրներու մէջ, անոնք ըլլան մեծադիր թէ փոքր, քուէարկող ժողովուրդը կ՛ապրի այն խաբկանքը, որ ի՛նք կ՛ընտրէ իր ներկայացուցիչները, զանոնք խորհրդարանական, կառավարական ու մինչեւ իսկ նախագահական աթոռներու կը հասցնէ, հետեւաբար, զանոնք կը համարէ իրեն համարատու. մինչդեռ, իրողական պատկերը ցոյց կու տայ, որ ժողովուրդը կը մղուի ընտրելու մարդիկ, որոնց մեծ մասը երբեք ալ պիտի չըլլայ, եւ չէ՛, ժողովուրդին շահերուն, իրաւունքներուն պաշտպանը, այլ` պիտի լծուի անտեսանելի մեքենայի մը, որ տիւ եւ գիշեր կ՛աշխատի մշակել զանգուածներուն համար ցանկալիին հակադիր օրէնքներ, անոնց ի նպաստ կ՛ապահովէ զանգուածներուն քուէն, կը հաստատէ, պարզ բառերով, այդ զանգուածները տնտեսապէս ճնշելու, զանոնք օրէնքի ճամբով կողոպտելու դրութիւններ: Իրական վարողները` ընտրեալներն ալ իրենց կամակատարները դարձնողները կը կոչուին աշխարհածաւալ ընկերութիւններ, ծանօթ, Corporations անունով, որոնց համար միակ արժէքը` նիւթական միջոցներն ու կարողութիւններն են, Դրամը. անոնց տրամաբանութիւնը ծիծաղելի կը գտնէ խիղճ, մարդկային կեանք, աշխատաւորի արդար հատուցում ու նման “ապրանք“ներ: Մէկ առ հարիւր որակումով ներկայացող այդ խքբակը “թափանցիկ“ է, դիւրաւ չի տեսնուիր, սակայն նաեւ տէրն է իսկական մականին, այդ մականին շարժումները կը տնօրինեն մեծ ու փոքր դէպքերն ու զարգացումները, ուր նախագահական ընտրութիւն մը յաճախ ստորակէտի արժէքն իսկ չունի, այլ կը ծառայէ “աւելի բարձր“ հաշիւներու եւ նպատակներու:


