ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ
Հալէպ
Մարդկային կեանքի ընթացքին յաճախ կ’ապրինք պահեր, որոնք անջնջելի կը մնան մեր յիշողութեան մէջ մինչեւ գերեզման:
Ուրախ եւ տխուր առիթներ շարժապատկերի նման կը կրկնուին մեր մտքի պաստառին վրայ: Այսպէս, ուրախ պահեր են, երբ առաջին անգամ կը հանդիպիս կեանքի ընկերոջդ հետ, որ հետագային պիտի դառնայ կողակիցդ, որուն հետ պիտի ծերանաս մէկ բարձի վրայ: Յետոյ, նոյնքան ուրախ պահ է, երբ կը լսես առջինեկիդ ճուըլոցը, որուն կը յաջորդէ անոր դպրոց երթալու առաջին օրը ու ապա վկայուիլը:
Յառաջացած տարիքի ուրախ պահեր են, երբ Ս. խորանին առջեւ կը գտնուիս զաւակներուդ Ս. պսակին կամ թոռներուդ մկրտութեան, իսկ եթէ Աստուած երկար եւ առողջ կեանք շնորհէ՝ թոռներուդ հարսանիքին ալ շուրջպարի կը մասնակցիս:
Նոյնքան տպաւորիչ եւ անջնջելի են նաեւ կեանքի ընթացքին տխուր յիշատակները, որոնք ընդհանրապէս կը յիշուին հարազատներու կորուստով, մանաւանդ՝ երիտասարդ եւ անակնկալ պարագաներուն:
Սակայն կեանքը չ’իմաստաւորուիր միայն ուրախ եւ տխուր առիթներով կամ հանդիսաւոր առիթներու ներկայութեամբ: Երբեմն մարդ արարածը իր ասպարէզի կամ պաշտօնի բերումով կ’ունենայ յիշարժան հանդիպումներ եւ մեծերու հետ յարաբերութեան ընթացքին՝ այնպիսի տպաւորութիւններ, որոնք իր մտապաստառին վրայ եւ յիշողութեան մէջ կը մնան մինչեւ իր վերջին շունչը:
Մեծ էր ան մեծերու կարգին՝ Գարեգին Ա. Ամենայն հայոց հայրապետը, որ արժանաւորապէս բազմեցաւ Լուսաւորիչի աթոռին վրայ, Շնորհալիներու եւ Խրիմեաններու պանծալի շարքին:
Բախտաւոր են բոլոր անոնք, որոնք իրենց կեանքի ընթացքին գէթ շօշափած են այդ մեծութեան Աջը կամ ստացած են անոր օրհնութիւնը:
Ինքզինքս գերբախտաւոր զգացած եմ, երբ հրատարակչական ասպարէզի առաջին օրհնութիւնս ստացած եմ Երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Ամենայն հայոց կաթողիկոսէն (այդ օրերուն Գարեգին Բ. կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ):
1992ին, իբրեւ հայ գիրքի հրատարակիչ, »Կիլիկիա« մատենաշարի առաջին երկու հատորները՝ անմահն Յ. Պարոնեանի »Քաղաքավարութեան վնասները« եւ Երուանդ Օտեանի »Ազգային բարերարը եւ այլ պատմուածքներ« ձեռքիս՝ ուղղուեցայ Անթիլիասի մայրավանքի վեհարանը, մատուցելու զանոնք գիրքի եւ մշակոյթի սիրահար հայրապետին եւ ստանալու համար անոր հայրական օրհնութիւնը:
Առաջին անգամը չէր, որ կը հանդիպէի նորին սուրբ օծութեան: Ընտանեկան եւ ազգային շրջանակի մէջ բազմաթիւ առիթներով ծանօթ էի իրեն, զանազան հանդիսութիւններու եւ տօնախմբութիւններու առիթով լսած էի իր անմոռանալի պատգամները:
Այդ օր սակայն տարբեր եղաւ մեր հանդիպումը:
Աջահամբոյրի պատշաճութենէն ետք, հազիւ մօտեցայ կաթողիկոսի գրասեղանին եւ ներկայացուցի զոյգ հատորները, որոնք իմ առաջին հրատարակութիւններս էին, ան անմիջապէս ոտքի ելաւ, ուղղուեցաւ դէպի ինծի՝ ըսելով.
Եկո’ւր, տղաս, համբուրեմ քու ճակատդ՝ այս ազնիւ ասպարէզը ընտրելուդ առիթով: Մեր ազգը շատ կարիք ունի հայ գիրք հրատարակողներու եւ տարածողներու: Կը շնորհաւորեմ եւ կ’օրհնեմ քեզ եւ որպէս հայոց հայրապետ՝ կը թելադրեմ, որ մէկ կողմ թողուս ազգային եւ միութենական այլ զբաղումներ եւ ամբողջութեամբ նուիրուիս հրատարակչական գործին:
Յուզումը կը խեղդէր կոկորդս: Զգացի, որ աչքերս տամկացած էին, նոյնպէս կը փայլէին իր աչքերը, երբ կրկին անգամ ուզեցի Աջը համբուրել: Արդէն անզգալաբար մենք հարազատներու զգացումէ մղուած գիրկընդխառնուած էինք:
Գարեգին Ա. կաթողիկոսի այդ օրուան թելադրութիւնը պատգամ մը եղաւ հրատարակչական ասպարէզի շուրջ քսանամեայ կեանքիս ընթացքին, իր շնորհած օրհնութիւնը կը զգամ, երբ ամէն անգամ լոյս աշխարհ կու գայ նոր գիրք մը՝ աւելնալու գրացուցակիս արդէն իսկ երկու հարիւրի հասնող հատորներուն:
Նախքան մեկնիլս՝ նորին սրբութիւնը յիշեցուց, որ երբ ամէն անգամ նոր գիրք մը հրատարակեմ եւ Պէյրութ այցելեմ, իր դուռը բաց պիտի գտնեմ՝ գիրքը մատուցելու եւ օրհնութիւնը ստանալու համար:
Դժբախտաբար այդ հանդիպումը եղաւ վերջինը, որովհետեւ Գարեգին կաթողիկոսը յաջորդ տարի արդէն մեկնեցաւ Էջմիածին՝ դառնալու համար հայոց պատմութեան 131րդ Ամենայն հայոց Գարեգին Ա. կաթողիկոս:
***
Պատմական յիշարժան օր մը ղօղանջեցին հայ եկեղեցւոյ զանգերը, 1977 Մայիս 22ին, երբ ընտրուեցաւ աթոռակից կաթողիկոս Կիլիկիոյ դարաւոր Աթոռին:
Սուրիահայութիւնը բախտաւորուեցաւ 1983ի ԱպրիլՄայիս ամիսներուն, երբ Գարեգին Բ. հայրապետ իր անդրանիկ հովուապետական այցելութիւնը շնորհեց Բերիոյ թեմի իր հօտին: Աննախընթաց էր հալէպահայութեան դիմաւորութիւնը: Հալէպահայ ազգային կեանքի քաջածանօթ վկաներ կը հաստատեն, թէ այդ դիմաւորութիւնը չունէր իր նմանը անցեալին, ոչ ալ ունեցաւ հետագային:
Այդ օրերուն Համազգային մշակութային միութեան կազմակերպած կաթողիկոսի դասախօսական ելոյթը բնորոշուեցաւ իր արտայայտած հանրածանօթ լոզունգով, որ հետագային Համազգայինի վարչութիւնները որպէս նշանաբան ընտրեցին՝ »Մշակոյթը ճանապարհ յաղթանակի«:
Յատկանշական էր վեհափառին այցելութիւնը իր հայրենի գիւղի ընտանեկան այգին, ուր անցուցած էր մանկութեան եւ պատանեկութեան օրերը, երբ պատանիի մը ճարտարութեամբ, մոռնալով իր հանգամանքը, ինքզինք պահ մը հին օրեր տանելով, հօրենական հողին վրայ ծառ բարձրացաւ:
Գիւղի իր հասակակիցները կը վկայեն, թէ Նշանը, որ փաղաքշականօրէն կը կոչուէր »Նշիյկ«, ամրան արձակուրդի օրերուն, երբ լեռ կը բարձրանար արածելու համար իր ընտանիքին կարգ մը անասունները, թեւին տակ կþունենար գիրքեր, զորս կը կարդար փոքրիկ հովիւի իր պարտականութեան ընթացքին, մինչ իր ընկերները պարսատիկով կը խաղային կամ այլ զբաղումներով ժամանակ կþանցընէին:
Երջանկայիշատակ Գարեգին կաթողիկոս իր հայրենի գիւղին մէջ գիրքերը ձեռք կը ձգէր »գրադխանայ«էն: Այս մասին ան յիշած է մեծ հօրս՝ Մատթէոս Էպլիղաթեանին (որուն անունը կրելու պատիւը ունիմ) »Ազգային խնամատարութեան ընդհանուր տեղեկագիր« գիրքի Բ. տպագրութեան յառաջաբանին մէջ, թէ՝ հանդիպումի մը ընթացքին ըսած է իրեն.
Տղա°ս, Նշա°ն, իմացայ, որ Անթիլիաս դպրեվանքը կþերթաս: Լաւ կþընես, այդ ճամբով քալէ:
Հիմա կը մտաբերեմ իմ հանդիպումս Գարեգին կաթողիկոսին հետ եւ Նշանին հանդիպումը՝ մեծ հօրս հետ, զուգահեռ մը գծելով երկու դէմքերու պատգամներուն միջեւ:
Իր զրոյցներէն մէկուն ընթացքին ան կը պատմէ, թէ 14 տարեկանին, երբ առաջին անգամ մուտք կը գործէ Անթիլիասի դպրեվանք, զարմանքով կը կարդայ մարմարեայ արձանագրութիւնը »Խորհէ եւ մտիր« …Ան յատուկ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան նկատմամբ, յատկապէս մեր Ոսկեդարի (Ե. դար), ինչպէս նաեւ Արծաթէ դարի (ԺԲ. դար) եւ Արմաշի (ԺԹ. դար) աստուածաբանական դպրոցի հայրերով:
Իսկ 1952ին, 20 տարեկանին, երբ աբեղայ կը ձեռնադրուի, այդ առթիւ ան կþարտայայտուի՝ ըսելով. »Մեր եկեղեցւոյ ծառայութեան ցանկութիւնս այնքան զօրեղ էր, որ վարդապետութենէ բացի՝ չէի կրնար ուրիշ ճանապարհ պատկերացնել կեանքիս համար«:
***
1985: Եղեռնի եօթանասունամեակ…
Հայոց Գողգոթան հանդիսացող Տէր Զօրը, որպէս վայր, անհրապոյր եւ լքեալ էր մինչեւ ութսունական թուականները: Եղեռնի 70ամեակին, 1985ին, ընթացք առաւ Նահատակաց մատրան հիմնարկէքը: Այս առիթով Գարեգին կաթողիկոս յատուկ ուխտագնացութիւն մը կատարեց Բերիոյ թեմ, նախ Հալէպ, ապա Տէր Զօր, Մայիս 12, 1985ին:
Տէր Զօր…
Առաջին հայրապետն էր, որ ժողովրդային ուխտագնացութեամբ մը իր ոտքը կը դնէր անապատի սրբացած աւազներուն վրայ:
Պահը յուզիչ էր, երբ ուխտաւոր վեհափառ հայրապետը ծնրաքայլ յառաջացաւ եկեղեցւոյ բակէն ու մուտք գործեց գաղթական հայերու կերտած Ս. Հռիփսիմէ կիսաքանդ եկեղեցւոյ խորանը:
Բերիոյ թեմին շնորհած իր հովուապետական այս երկրորդ ուխտաւորի այցելութեան նախօրեակին Հալէպի եկեղեցիներուն մէջ ան իր քարոզներու ընթացքին հետեւեալ յորդորը փոխանցեց.
»Սիրելինե°ր, մեզմէ չի պահանջուիր, որ մենք այսօր այդպէս ապրինք. այսինքն չարչարանքով, տառապանքով ու մահուամբ վկայենք. բայց պէտք է այդ օրը, Մայիսի 12ին, ոչ մէկ հայ Հալէպի մէջ կամ Բերիոյ թեմին մէջ բերանը ումպ մը ջուր դնէ, պատառ մը հաց ուտէ: Կոչ կþուղղեմ ձեզի, ո°ւխտ ըրէք: Երթանք, տառապինք եւ երկիւղածութեամբ, հոգեկան նորոգումով, զօրացեալ կամքով ստանանք սուրբ հաղորդութիւն:
»Աշխարհի մէջ բոլոր հայերը ձեզի կը նային. եւ՝ »նախանձ«ով. բախտաւոր էք, որ այդ օրը պիտի ապրիք դո°ւք եւ Տէր Զօրի հողին վրայ սուրբ հաղորդութիւն պիտի ստանաք եւ երթաք ու պատմէք ձեր թոռներուն, որ այդ պահը Բերիոյ թեմի հայութեան եւ Սփիւռքի հայութեան համար հոգեկան նուիրումի, ջրդեղումի, սնուցումի, ծլարձակումի, նոր հորիզոններու բացուելու պահն է, պրկում է եւ յառաջխաղացք այնքան, որքան՝ անցեալի յարգանք:
»Հետեւաբար, եկէ°ք այս ուխտով այս իրիկուն մենք ջանանք մեր պատրաստութիւնը տեսնել վաղուան ուխտագնացութեան համար. կարգապահ, երկիւղած, յարգալից, առանց շռայլութեան, առանց ուրախութեան, որպէսզի հոգեկան ըլլայ մեր ուրախութիւնը՝ ի փառս Աստուծոյ եւ ի պայծառութիւն ազգիս հայոց«:
Յատկանշական էր Տէր Զօրի իր պատմական ճառին վերջաբանը, երբ ուխտի հրաւիրեց ներկաները, որուն վերջին բաժինը այսպէս էր.
»Կþուխտենք Տէր Զօրը միշտ կեանքով առլցուն պահել մեր ապրումներուն մէջ, եւ որպէս վկայութիւն մեր այս ուխտին՝ ահա կը կանգնինք գեղակերտ մատուռն այս Նահատակաց, որպէս համբոյր երկնի եւ երկրի, որպէս դաշինք անխախտ ընդմէջ Աստուծոյ եւ հայութեան, անբեկանելի ուխտ սիրոյ, հաւատարմութեան, նուիրումի եւ զոհողութեան, եւ որպէս աչք մշտարթուն եւ պայծառատես՝ բացուած դէպի ապագայ«:
***
Հալէպի Ազգ. Քարէն Եփփէ ճեմարանի տարեգրութեան մէջ ամէնէն յիշարժան ամավերջի հանդէսներէն մէկն է 1991ի 39րդ հունձքի վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը Յունիսի 22ին: Այդ օր Գարեգին Բ. կաթողիկոս Հայաստան իր ուղեւորութենէն վերադարձի ճամբուն վրայ կþանցնէր Հալէպէն:
Արցախեան գոյապայքարի ամէնէն դժնդակ օրերն էին եւ այդ օրուան 99 շրջանաւարտները մկրտուեցան »Արցախեան սերունդ«: Օրուան Հուսկ Բանքը արտասանեց լուսահոգի կաթողիկոսը, դիտել տալով, որ 14 տարուան կաթողիկոսական իր կեանքին մէջ առաջին անգամն է, որ դպրեվանքէն տարբեր վարժարանի մը ամավերջի հանդէսին ներկայ կþըլլայ եւ խօսք կþուղղէ ժողովուրդին: Անդրադառնալով դէպի Հայաստան ուղեւորութեան՝ կեդրոնացաւ յատկապէս Գորիսի շրջանի Խնձորեսկ գիւղի իր այցելութեան, այնտեղի իր հանդիպումին Հադրութի շրջանէն վտարուած արցախցիներուն հետ, ակնարկեց Ճեմարանի տնօրէնութեան գաղափարին, դիտել տուաւ, թէ՝ »… ծանր յանձնառութիւն մըն է այս ճակատագրական օրերուն արցախեան սերունդ դառնալ, երբ հայրենիքը կþապրի իր պատմութեան բախտորոշ մէկ շրջանը…
»Այս անունը կրելով՝ անոնց հոգին պէտք է ճառագայթէ ձեր վրայ«, ըսաւ ան:
***
Գարեգին կաթողիկոսը յատուկ սէր եւ հետաքրքրութիւն ունէր Թէոդիկի եւ անոր տարեցոյցներուն նկատմամբ: 1985ին, Եղեռնի 70 ամեակի առիթով իր նախաձեռնութեամբ եւ յառաջաբանով հրատարակուեցաւ »Ազգը չէ մեռած եւ անհնար է, որ մեռնի« անուան տակ հատոր մը, ուր մէկտեղած էին տարեցոյցներու մէջ Եղեռնի եւ գաղթականութեան առնչուող սրտաճմլիկ էջեր:
Այժմ, տարեցոյցներու վերահրատարակութեան առիթով կþօգտագործեմ Կիլիկիոյ մատենադարանի կարգ մը հատորները, յուզումի եւ երանութեան պահեր կþապրիմ, երբ կը շօշափեմ այն թերթերը, որոնք ինձմէ առաջ բախտը ունեցած էին Գարեգին կաթողիկոսի ակնարկներուն եւ մատներու հպումներուն արժանանալու:
Թէոդիկի տարեցոյցներու իւրաքանչիւր հատորի լոյս ընծայման առիթով կը հաւատամ, թէ լուսահոգի կաթողիկոսի հոգին կը խայտայ անդենականին մէջ:
Կասկած չունիմ, որ իր տեսիլքն էր վերահրատարակել Թէոդիկի տարեցոյցներու 19 հատորները, սակայն այս հրատարակութիւնը կը նկատեմ ինծի ուղղած իր պատգամին իրագործումը:
Բազմակողմանի շնորհներով առլցուն ՇՆՈՐՀԱԶԱՐԴ հայրապետին ամէնէն հիմնական յատկանիշը մշակոյթի եւ գիրի հանդէպ իր արտակարգ հետաքրքրութիւնն էր: Ան իր գահակալութեան առաջին օրէն իսկ ընթացք տուաւ հայ գիրքի տարեկան ցուցահանդէսի կազմակերպման մայրավանքի շրջափակին մէջ եւ իւրաքանչիւր տարուան համար կարգախօս մը ընտրեց որպէս բնաբան իր պատգամին:
Իր վախճանման քառասունքին առիթով Արամ Ա. սրբազնագոյն կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ հիմնուեցաւ »Գարեգին Ա. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի հրատարակչական հիմնադրամ«ը՝ ի յիշատակ եւ ի պանծացումն լուսահոգի կաթողիկոսին:
Իր ծննդավայրի՝ Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ իր հօրենական տան շատ մօտիկ կը կանգնի իր կիսանդրին:
Պատմական Կիլիկիոյ ծայրամասի՝ Քեսապ գաւառի մէջ իր աչքերը լոյս աշխարհ բացաւ Նշան Սարգիսեան, 1932 թուականին:
Մայր հայրենիքի սրտին՝ Ս. Էջմիածնի հողին յանձնուեցաւ Ամենայն հայոց Գարեգին Ա. կաթողիկոսը, Յուլիս 4, 1999ին: