Լրահոս

ՊԱՅԹՈՒՑԻԿ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆ ՀԱԼԷՊԻ ՀԱՅԱՀՈԾ ՇՐՋԱՆՆԵՐԷՆ ՆԵՐՍ

 Հալէպի մէջ ընդհարումները հասած են հայահոծ շրջաններ: Այս գծով, Հ.Յ.Դ. մամլոյ դիւանը կը տեղեկացնէ թէ, Լիբանանի մէջ լոյս տեսնողԱզդակօրաթերթը կապ հաստատած է Բերիոյ Թեմի Ժիրայր Ռէյիսեանի հետ, որ յայտնած է թէ.- “Այս պահուն վիճակը լաւ չէ: Նոր Գիւղ եւ Սուլէյմանիէ թաղերուն մէջ կան բախումներ: Ժողովուրդը ապահովական նկատառումով տուները կը լքէ եւ համեմատաբար աւելի ապահով վայր կ՛ապաստանի: Բնականաբար, գաղութի ղեկավարութիւնը իր պատասխանատուութեան վրայ է եւ ժողովուրդին տէր կանգնելու ճիգին մէջ:

Միւս կողմէ, անդրադառնալով, այն տարաձայնութիւններուն, որ հայութիւնը պետութեան կողքին Ազատ բանակի դէմ կը կռուի, Ռէյիսեան շեշտեց թէ այդ լուրերը բացարձակ իրականութեան չեն համապատասխաներ եւ սուտ են: “Հայութիւնը, իբրեւ համայնք, դէմ է եղբայրասպան կռիւի եւ ոչ մէկ ձեւով մասնակից չէ եւ չի կրնար ըլլալ: Մեր մտահոգութիւնը մեր ընտանիքներու ապահովութիւնը, մեր տուներու եւ հաստատութիւններու անվտանգութիւնն է: Այս մեր համայնքի պաշտօնական կեցուածքն է: Որեւէ այլ տեղեկատուութիւն իրականութեան չի համապատասխաներեզրակացուց Ռէյիսեան:

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button