ՅԱ­ՆՈՒՆ ՍՈՒՐ­Ի­Ա­ՀԱՅ ԿՐԹՕ­ՃԱԽ­ՆԵ­ՐՈՒՆ

0 0
Read Time:3 Minute, 13 Second

 ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Խմբազրական

Օգոստոս 10, 2012

Ճգնա­ժա­մա­յին եւ վտան­գա­ւոր օրեր կ՛ապ­րինք մենք բո­լոր հա­յոր­դի­ներս, սկսե­լով Հա­յաս­տա­նէն մին­չեւ հե­ռա­ւոր Ամե­րի­կա­ներ, Աւստ­րալ­իա եւ ան­շուշտ յատ­կա­պէս` Սփիւռ­քա­հա­յու­թեան սիր­տե­րէն մէ­կը նկա­տուող Հա­լէ­պը, որ յատ­կա­պէս անց­եալ դա­րաս­կիզ­բին, Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ճո­ղոպ­րած հա­զա­րա­ւոր հա­յոր­դի­նե­րու հա­մար եղած էր փրկու­թեան լաստ:

Աւե­լի քան տարիէ մը ի վեր ներ­քին քա­ղա­քաց­ի­ա­կան պա­տե­րազմն ու խռո­վու­թիւն­նե­րը այն­պի­սի մա­կար­դա­կի հա­սած են, որ եր­կիր Սուր­ի­ան կ՛ուղ­ղուի դէ­պի անդն­դա­յին անո­րո­շու­թիւն: Սա­կայն դեռ աւե­լին այս ապառնիի մտա­հո­գու­թեան կող­քին, ներ­կան է որ ահա­զան­գի կը մատ­նէ հա­յոր­դին: Ահա­ւա­սիկ շա­բաթ­նե­րէ ի վեր, բա­խում­նե­րը հա­սած են հա­յա­հոծ Հա­լէպ եւ հայ­կա­կան շրջան­նե­րէն հա­զիւ քա­նի մը թաղ ան­դին կը կա­տար­ուին կոյր ռմբա­կո­ծում­ներ:

Մտա­հոգ ենք, սա­կայն եր­բե՛ք յու­սալք­ուած եւ յու­սա­խաբ…: Ար­դէն իսկ, չա­փա­զանց­ուած լու­րեր սկսած են տա­րած­ուիլ թէ մաս­սա­յա­կան գաղթ մը կրնայ կա­տար­ուիլ, յատ­կա­պէս Հա­յաս­տան եւ այ­լուր: Նմա­նօ­րի­նակ “այ­սօր“եա­կան կար­ծիք­ներ եւ մտայ­ղա­ցում­ներ կրնան նկատ­ուիլ ոչ թէ միայն ան­հիմն, այլ  նա­եւ չա­փա­զանց­ուած:  Բնա­կան է որ, երբ խիտ բնակ­չու­թիւ­նով քա­ղա­քի մը ան­դոր­րու­թիւնը կը խախ­տի, շրջա­նի ան­մեղ բնակ­չու­թեան մեծ մա­սը կը նա­խընտ­րէ խոյս տալ այդ իրա­վի­ճա­կէն, մի՛շտ վե­րա­դառ­նա­լու մի­տու­մով: Բնա­կանա­բար, կը պա­տա­հին բա­ցա­ռու­թիւն­ներ եւ փոքր մաս­նիկ մը, կ՛ո­րո­շէ առ յա­ւէտ հե­ռա­նալ շրջա­նէն անձ­նա­կան եւ բա­նա­ւոր պատ­ճառ­նե­րով:

Ճա­կա­տա­գիրն ու պայ­ման­նե­րը այն­պի­սի կա­ցու­թիւն մը ստեղ­ծե­ցին որ, կրթա­կան բնա­գա­ւա­ռէն ներս, ար­դէն իսկ տա­րեշր­ջա­նը աւար­տած էր, երբ բա­խում­նե­րը բա­խե­ցին մայ­րա­քա­ղաք Դա­մաս­կո­սի, ապա տնտե­սա­կան մայ­րա­քա­ղաք Հա­լէ­պի դռնե­րը:

Սա­կայն ամառ­նա­յին ար­ձա­կուր­դէն ետք ալ, անո­րոշ կա­ցու­թիւնը կրնայ ու­ղղակի­օ­րէն իր ազ­դե­ցու­թիւնը ու­նե­նալ կրթա­կան տա­րեշր­ջա­նին, եւ առ հա­սա­րակ կրթա­կան ոլոր­տին վրայ:

Տնտե­սա­կան դա­ժան պայ­ման­նե­րը սկսած են մէկ առ մէկ, ազ­դել հա­յոր­դի­նե­րու եր­դիք­նե­րէն ներս: Դադ­րած է սո­վո­րա­կան կեան­քը…եւ փո­խա­րէն ար­տա­սո­վոր պա­տե­րազ­մա­կան մթնո­լորտն է որ կը տի­րա­պե­տէ:

Բա՛յց…հոս կա­րե­ւոր եւ ան­յե­տաձ­գե­լի պար­տա­կա­նու­թիւն մը ու­նինք կա­տա­րե­լիք մենք հա­յոր­դի­ներս: Պէտք է որ շտա­պօ­րէն օժան­դա­կենք հայ­պահ­պան­ման կռուան հան­դի­սա­ցող Սուր­իոյ եւ յատ­կա­պէս Օշա­կան­նե­րու, գթա­սիրտ Քա­րէն Եփ­փէ­նե­րու եւ այ­լոց դա­սա­ւան­դած, հիմ­նած ու թրծած կրթօ­ճախ­նե­րուն:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles