ՀԱՄԱ-Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ ԽՄԲԱՊԵՏԱԿԱՆ ՎԵՑԵՐՈՐԴ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ

0 0
Read Time:1 Minute, 34 Second

 Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ Սկաուտական Կեդրոնական Յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, Երկուշաբթի, Օգոստոս 20, 2012-ին, Հայաստանի մէջ սկիզբ առաւ Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական Խմբապետական 6-րդ Համագումարը, մասնակցութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի կազմակերպական 16 շրջաններու, Իրանի “Արարատ“, “Սիփան“ եւ “Նայիրի“ Միութիւններու բարձրաստիճան 28 խմբապետ-խմբապետուհիներու, Սկաուտական Կեդրոնական Յանձնախումբի ութ քոյրեր-եղբայրներու եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբայրներ` Կարպիս Գապասագալեանի եւ Բագրատ Եսայեանի:

 Հ.Մ.Ը.Մ.ի քայլերգ “Յառաջ Նահատակ“ի խմբերգումէն ետք` համագումարին մասնակիցները բարձրացան Ծաղկաձոր:

Յետմիջօրէին, Ծաղկաձորի “Կեչառիս“ պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական Խմբապետական վեցերորդ համագումարին պաշտօնական բացումը, ուր Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչը պաշտօնապէս բացուած յայտարարեց համագումարին աշխատանքները: Ան հակիրճ ակնարկ մը կատարեց նախորդ հինգ համագումարներու առաջադրանքներուն վրայ, ապա կանգ առաւ վեցերորդ համագումարի աշխատանքներուն վրայ, անդրադարձաւ մասնակցողներու երիտասարդ ու կորովի ըլլալու իրողութեան, զիրենք հրաւիրեց գիտակից յանձնառութեամբ եւ գործօն դերակատարութեամբ հետեւելու համագումարի աշխատանքներուն, յիշեցնելով որ իւրաքանչիւրը իր շրջանին մէջ ստանձնած է բազմահարիւր պատանիներու եւ երիտասարդներու դաստիարակութեան պատասխանատուութիւնը: Ան շեշտեց, որ իւրաքանչիւրէն կ՛ակնկալուի յաւելեալ յանձնառութիւն ներկայ մարտահրաւէրներուն դիմաց: Համագումարը հինգ օրերու ընթացքին վերատեսութեան պիտի ենթարկէ սկաուտական բոլոր կարգերու գիտելիքները ու անոնց գործադրութեան եղանակը, պիտի մշակէ դաստիարակչական ծրագիրներ` անոնց տալով նոր երանգ ու ոճ, պիտի զբաղի Շրջաններու խմբապետներու վերաորակաւորման ծրագիրներով` մնայուն մարդուժ պատրաստելու առաջադրանքով, պիտի պատրաստէ նաեւ տասերորդ ընդհանուր բանակումի նախածրագիրը: Համագումարը յատուկ օրակարգով կանգ պիտի առնէ Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկներուն Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտութեան ունենալիք ներդրումին, ինչպէս նաեւ պիտի անդրադառնայ  այժմէական հրատապ այլ հարցերու: 

 

Համագումարին մասնակցող Շրջաններու եւ Մեկուսի Շրջաններու բարձրաստիճան խմբապետ-խմբապետուհիները, Կեդրոնական Վարչութեան գլխաւորութեամբ եւ Սկաուտական Կեդրոնական Յանձնախումբի անդամներուն ընկերակցութեամբ, նախքան ժողովը, այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ, ուր զետեղուեցաւ ծաղկեպսակ մը: Ապա, ներկաները անմառ կրակին շուրջ երկիւղածութեամբ տեղադրեցին մեխակներ: Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ եղբայրը խօսք առնելով ներկաները հրաւիրեց երեք վայրկեան լռութեամբ յարգելու Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը, միաժամանակ մտային խորհրդածութեամբ, հաւատքով ու գիտակցութեամբ զինուելու եւ ազգային ինքնուրոյն դիմագիծի պահպանման պայքարը եւ Հայ Դատի պահանջատիրութիւնը անվհատ կամքով շարունակելու:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles