ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ

0 0
Read Time:39 Second

 Գրեթէ շաբաթէ մը ի վեր, Հալէպի մէջ բախումներ տեղի կ՛ունենան ընդդիմադիրներուն եւ բանակին միջեւ: Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան կը յայտնէ թէ բախումներ կը կատարուին Ժիտէյտէ թաղամասէն ներս, ուր կը գտնուի տեղւոյն Ազգային առաջնորդարանն ու պատմական Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցին եւ »Կիլիկեան« վարժարանը, հայ ոսկերիչներու եւ արծաթագործներու պատկանող բազմաթիւ խանութներ: Այս շրջանը ժամանակին հայահոծ եղած է: Բախումներ տեղի ունեցած են նաեւ այլ հայահոծ շրջաններ` Սուլէյմանիյէ, Միտան եւայլն: Ցարդ, համայնքէն ներս զոհեր եւ վիրաւորներ չկան, նաեւ չէ վնասուած որեւէ ազգային կառոյց:

Ճակատումներ կատարուած են նաեւ Ազգային »Սահակեան«  վարժարանի մօտակայքը, եւ այդ շրջանէն ներս է, որ սպաննուած է ճափոնցի լրագրող մը:

Թուրքիոյ սահմանակից Քեսապ գիւղաւանին մէջ ալ, կացութիւնը կը մնայ լարուած, իսկ Քամիշլիի Սեւան փողոցին մէջ ալ պայթում մը պատահած է որ ոչ մէկ զոհ խլած է:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles