ՖԻԼԱՏԵԼՖԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ 42ՐԴ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍԸ

0 0
Read Time:2 Minute, 17 Second

P12 LOGOԿիրակի, Յունիս 2009, երջանիկ օր մըն էր Հայ Քոյրերու Վարժարանի աշակերտութեան եւ իրենց ծնողաց համար: Ոչ միայն դպրոցի տարեշրջանին վերջաւորութիւնը մօտ է, այլ նաեւ, ըստ սովորութեան, Ամավերջի Հանդէսին օրն է: Օդը համագործակցեցաւ ու եղաւ գարնան եղանակի նման շատ գեղեցիկ օր մը ու այդ պատճառաւ հանդիսականներու բազմութիւնը սրահը լեցուց:
Այս տարի, Հանդէսի թեման էր, »Զօրացնել Հայկական Ոգին աշակերտներուն սրտին ու հոգիին մէջ«:  Նշմարելի էր թէ այս հանդէսը մասնայատուկ էր, որովհետեւ աշակերտները ցոյց տուին իրենց ճշգրիտ ու հարազատ մասնակցութիւնը:

ASA Hantes_020

  Բոլոր մանուկները, Մոնթեսորի մինչեւ ութերորդ դասարանի աշակերտները հպարտ էին իրենց կատարած յաջողութիւններով:  Ներկաները վկայեցին անոնց խանդավառութիւնն ու ուրախութիւնը իրենց անհամար ծափահարութիւններով:

ASA Hantes_021
Ինչպէս ամէն արարողութիւններուն, հանդէսը սկսաւ Տէրունական աղօթքով, Ամերիկեան եւ Հայկական քայլերգներով, յետոյ, երկու Աւարտական աշակերտներ Հայերէն եւ Անգլերէն լեզուով բարեգալուստ մաղթեցին ներկաներուն: 
Յայտագրին առաջին մասը սկսաւ Մանկապարտէզի մանուկներով »Յունիս Է Եկել« երգով, որմէ ապա մուտք գտաւ աղջիկներու խումբ մը, հագած հրեշտակի նման, երգելով եւ պարելով »Հրեշտակներու Խումբի« երգին վրայ: Ճերմակ տարազներով զարդարուած, թեւերով ու փետուրէ լուսապսակներով, աղջիկները կը նմանէին իրական երկնքէն իջած հրեշտակներու:  Հրեշտակները իրենց ընկերներուն   միացան ու շարունակեցին երգել »Հայ Հօ« երգը, մինչ այդ  »Ձիւնաթոյրը« պարելով ընդ առաջ բերաւ եօթն թզուկները բեմին վրայ:

Խումբ մը մանուկներ զգեստուած բզզամեղուի նման, երգեցին »Մեղուի« երգը, թեւահարելով իրենց թեւերը եւ պարելով մացառներու ծաղիկներուն շուրջ անոնց անուշ հոտը հոտոտալով: »Մի Հայ Պատանիի« երգով եւ »Խըլ Բանէ« պարով փակեցին իրենց քնքուշ  ու անուշիկ բաժինը:

ASA Hantes_031
Յայտագրին երկրորդ մասը կատարուեցաւ առաջինէներրորդ   դասարանի աշակերտներու կողմէն: Անոնք »Պարծենկոտ Օփերայէն« անտառէն տեսարան մը ներկայացուցին: Բոլոր աշակերտները իրենց շքեղ տարազներով կը նմանէին իրենց կատարած դերերուն: Ոմանք ծառեր էին, ուրիշներ ծաղիկներ ինչպէս մանուշակ, շուշան, կակաչ եւ մարգարտածաղիկ: 
Չորրորդէն մինչեւ ութերորդ դասարանի աշակերտները զանազան Հայկական աւանդական ու նազելի պարերով բեմ եկան, »Շալախօ«, »Գետաշէն«, »Կիլիկիա«, »Կինտոս եւ Հովիւներ« եւ »Տըլէ Եաման«: Ներկաները հիացումով, արցունքոտ աչքերով եւ զարմանքով կը դիտէին աշակերտներուն նազելի պարերը եւ կը սքանչանային անոնց շքեղ տարազներուն վրայ: Ոմանք հագած էին ճերմակագոյն տարազներ, կարմիր, կապոյտ ու նարնջագոյն քօղերով, ուրիշներ՝ դեղին, մանիշակագոյն եւ ծաղկաւոր. ամէնքն ալ իրենց յատուկ քօղերը ունէին: Հանդիսականները երկար ժամանակ ծափահարեցին ու գնահատեցին իրենց զաւակներուն կատարեալ դերակատարութիւնները:

ASA Hantes_097
Յայտագրին փակման եօթանասունէ աւելի աշակերտ աշակերտուհիներ միասին »Երեւան Էրեբունի« ոգեւորող երգը երգեցին խլելով արցունք եւ երկար ծափահարութիւններ բոլոր ներկաներուն     կողմէն: Յայտագիրը վերջ գտաւ երբ Տնօրէնուհի Քոյր Լուիզան իր շնորհակալութիւնը յայտնեց նախ աշակերտներուն իրենց բացառիկ դերակատարութեան, յետոյ, շնորհակալ եղաւ երաժշտութեան ուսուցչուհիին՝ Մարուշ Նայկոնին, պարի ուսուցիչներուն՝ Ֆրան Թորգոմեանին, Լօրըն Երեմեանին, Կարինէ Շամլեանին եւ Ովսաննա Սաճոնեանին: Յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Ովսաննա եւ Թերեզ Սաճոնեաններուն իրենց շատ խնամքով եւ բծախնդրութեամբ կարած տարազներուն:  Քոյր Լուիզան շնորհակալ եղաւ նաեւ բոլոր ուսուցիչներուն եւ ինչու չէ, բոլոր ներկաներուն իրենց քաջալերանքին եւ խանդավառութեան: Հրաւիրեց բոլոր ներկաները Դաշտահանդէսին որ տեղի ունեցաւ Վարժարանին հողին վրայ   Հանդէսէն անմիջապէս վերջ:
Անոնք որ կը մտահոգուին մեր ապագայ երիտասարդութեան, վստահ թո°ղ ըլլան թէ Հայ Լեզուն, Մշակոյթը ողջ եւ առողջ է Հայ Քոյրերու Վարժարանէն ներս:  Յաջորդ Յունիսին մեզ ընկերակցեցէք ու դուք ալ անձամբ ձեր աչքերով տեսէք:

ՎԱՀԱՆ ՊՈՂԱՐԵԱՆ

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles