Հարցազրոյցներ

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ.- “ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ՏԱՐԻՆԵՐՈՒՆ ԿԸ ՓԱՓԱՔԻՆՔ ԱՒԵԼԻ ՄԵԾ ԹԻՒՈՎ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ ԸՆԴՈՒՆԻԼ…“, ԿՒ ՅԱՅՏՆԷ ՊՈՍԹԸՆԻ ՍՈՒՐԲ ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ` ՀՈՒՐԻ ՊՈՅԱՄԵԱՆԻ ՀԵՏ

 Ստորեւ, լոյս կ՛ընծայենք հարցազրոյց մը, որ խմբագրութիւն կատարեց Սուրբ Ստեփանոսի տնօրէնուհի Հուրի Պոյամեանի հետ.-

 Հ.- Կարելի՞ է քանի մը տողով, տեղեկացնել 25 տարուայ պատմութիւն ունեցող այս կրթօճախին մասին: Նաեւ յաւելեալ տեղեկութիւն կարելի՞ է փոխանցել մանկամսուրին մասին:

Պ.- 1984ին Պոսթընի համայնքի պահանջին ընդառաջելով, Սբ. Ստեփանոս եկեղեցին սկսած է Ուաթըրթաունի Հայ Մշակութային եւ Կրթական Կեդրոնին մէջ Մանկամսուրի ութը աշակերտներով եւ տարուէ տարի դասարան մը աւելցնելով հասած է նախակրթարանի 5րդ կարգի:

Հ. – Ձեր տեսութեամբ, ինչպէ՞ս կրնաք վերլուծել անցնող 25 տարիները: Ի՛նչ յառաջդիմութիւններ արձանագրուած են: Առաջնահերթ հարցեր գոյութիւն ունի՞ն:

Պ.- Անցնող 28 տարիներու ընթացքին վարժարանը արձանագրած է շարունակական աճ եւ նորանոր յաջողութիւններ:  1998ին աշակերտներու թիւի յաւելումի պատճառով, դպրոցը նորոգեց Սբ. Ստեփանոս եկեղեցւոյ պատկանող մօտակայ շէնքը եւ վերածեց հինգ դասարաններով արդիական Մանկամսուրի, այնտեղ փոխադրելով 3և5 տարեկան աշակերտները, Հայ Կեդրոնի մէջ աւելի տեղ բանալու Նախակրթարանի աշակերտներուն: Քանի մը տարի ետք պէտք եղաւ վեցերորդ դասարան մը աւելցնել Մանկամսուրի շէնքին վրայ: 2003ին Սուրբ Ստեփանոս Ազգ. Վարժարանը դարձաւ առաջին եւ միակ որակաւորուած հայ վարժարանը Նիւ Ինկլընտի Անկախ Վարժարաններու Կազմակերպութեան կողմէ եւ դասուեցաւ շրջանի լաւագոյն դպրոցներու կարգին: 2004ին վարժարանը կազմակերպեց Աւարտական Դասարանի Առաջին Հայաստան այցելութիւնը, որը աւանդութիւն դարձաւ: Անկէ ի վեր ամէն տարի մեր աւարտական դասարանը կ՛այցելէ Հայաստանմեր դպրոցէն ներս իրենց ստացած հայեցի ուսումը լաւապէս ամբողջացնելով: 2010ին Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարութիւնը Սուրբ Ստեփանոս Ազգային Վարժարանը ճանչցաւ իբրեւ “Լաւագոյն Կրթօճախ“:

Հ.-Ի՛նչ են այս կրթօճախին հիմնական հարցերը, որոնք ցայսօր գոյութիւն ունին:

Պ.- Կրթօճախի հիմնական հարցը եղած է տեղի սահմանափակ ըլլալը, որը պիտի լուծուի մեր նոր ընդարձակման ծրագրով:

Հ.- Վերջին քանի մը ամիսներուն, ժրաջան աշխատանք տարուած եւ կարելի եղած է շօշափելի գումար ապահովել, այս դպրոցի ընդարձակման աշխատանքներուն գծով; Կարելի՞ է յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալ:

Պ.- Այս ծրագիրը պիտի արժէ 1.3 միլիոնէն աւելի: Վերջին քանի մը ամիսներուն մեծ աշխատանք տարինք եւ ուրախ եմ ըսելու, որ դրամահաւաքը շատ յաջող կ՛ընթանայ:

Հ.- Աւելի բարձր կարգի դասարաններ (մինչեւ ութերորդ կամ աւելի) բաժին մը ստեղծելու կարելիութիւններ կա՞ն:

Պ.- Իմ անհատական երազը եղած է աւելի բարձր կարգեր հաստատելը: Կը յուսամ, որ օր մը այդ երազն ալ կ՛իրականացնենք:

Հ.- Հետզհետէ աշակերտներու թիւի աճումը, իր ազդեցութիւնը պիտի չունենա՞յ, որ ի վերջոյ շատ աւելի ընդարձակ դպրոց մը կառուցուի:

Պ.- Աշակերտներու թիւը եթէ աւելի բարձրանայ, դպրոցի Խնամակալութիւնը արդէն իսկ մտածած է ներկայ հողին վրայ դպրոցը ընդարձակելու կարելիութեան մասին:

Հ.- Կրթական բնագաւառէն ներս, ի՞նչ յիշատակելի յաջողութիւններ արձանագրուած են:

Պ.- Ամէն տարի պաշտօնական քննութիւններուն հպարտ ենք յայտարարելու, որ մեր աշակերտները կը բերեն բարձր միջիններ, որոնք կը դասուին Ամերիկայի տարածքին արձանագրուած ամենէն բարձր 10և20 առ հարիւր տոկոսին մէջ: Տարեկան Հայաստան այցելութիւնն ալ մեծ յաջողութիւն մըն է դպրոցին համար:

Հ.- Հայեցի եւ հայերէն լեզուի կրթութեան գծով, ի՞նչ է ձեր վերարժեւորումը: 

Պ.- Դպրոցէն ներս կը տիրէ շատ առողջ եւ դրական հայեցի մթնոլորտ: Բոլոր աշակերտները հպարտ են, որ իրենց մայրենի լեզուն, պատմութիւնը եւ մշակոյթը կը սորվին: Անշուշտ դժուարութիւններ կան, որովհետեւ մեր ներկայ աշակերտներու կէսէն աւելին կու գան անգլիախօս ընտանիքներէ, որոնք կը պատկանին ամերիկահայ երկրորդ կամ երրորդ սերունդին: Այնուամենայնիւ դպրոցը իր լաւագոյնը կ՛ընէ, որ անոնք սահունօրէն խօսին հայերէն:

Հ.- Յառաջիկայ տասնամեակներուն, ի՞նչ է ձեր տեսլականը:

Պ.- Յառաջիկայ տարիներուն կը փափաքինք աւելի մեծ թիւով աշակերտներ ընդունիլ եւ ինչու չէ նաեւ հաստատել աւելի բարձր կարգեր:

 

Hairenik Media Hairenik Media

Մեկ մեկնաբանություն

  1. Hi Houry
    I am so glad you were able to continue the mission of your father to further inculcating the Armenian culture into a new generation.
    Very happy to share the memories of your father with the world.

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button