ՏԷՐ ՀԱՅՐ` ՄԱԷՍԹՐՕ ՊԵՏՐՈՍ ՇԻԹԻԼԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՍԷՆԹ ՓԻԹԸՐԶՊԸՐԿԻ ՓԱՌԱՏՕՆԻՆ
Սփրինկֆիլտի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Թրոյի Սուրբ Խաչ եկեղեցիներու հովիւ Պետրոս Շիթիլեան, որ նաեւ մասնագիտացած է խմբավարութեան բնագաւառէն ներս, վերջերս հրաւիրուեցաւ Ռուսաստանի Սէնթ Փիթըրզպըրկ (նախկին Լենինկրատ) քաղաքը, եւ ղեկավարեց տեղւոյն երգչախումբն ու նուագախումբը: Ստորեւ, հարցազրոյց մը Տէր Հօր հետ, այս փառատօնին առթիւ.-
Հ.- Կարելի՞ է յաւելեալ մանրամասնութիւններ փոխանցել այս Սէնթ Փիթըրզպըրկի փառատօնին մասին:
Պ.-Փառատօնը հիմնուած է 1990-ին, Վլատիմիր Փութինի հրամանով, որ այն ժամանակ Սէնթ Փիթըրզպըրկի քաղաքագլուխի տեղակալն էր: 1994-97 ընդմիջում մը եղած է, այս պատճառով այս տարի 20-ամեակն էր, որ նշուեցաւ յատուկօրէն Ռուսիոյ նախագահի Սէնթ Փիթըրզպուրկի` “Քոնսթանթինովսկի“ ընդունելութեան պալատին մէջ ¢ արդէն նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէն յատուկ ղրկուած շնորհաւորագիրով:
Հ.- Կազմակերպող մարմինը կը պատկանի յատուկ հիմնարկի՞ մը: Յատուկ թեմա՞յի մը շուրջպատրաստուած է այս փառատօնը:
Պ.-Փառատօնը ունի իր յատուկ կազմակերպութիւնը նոյն անուան տակ ¢ հիմնադրամ մը: Կը կոչուի “Սէնթ Փիթըրզպըրկի Պալատներ Միջազգային Երաժշտական Փառատօն“: Չնայած ռուսեր կը հրաւիրուին, բայց նա¢ օտարներ, մանաւանդ համաշխարհային համբաւ ունեցող երգիչներ ¢ երաժիշտներ:
Հ.- Առաջին անգա՞մն է որ հրաւիրուեցաք իբրեւ խմբավար այս փառատօնին, կատարելու նմանօրինակ խմբավարութիւն մը:
Պ.-1997-ին երբ դեռ Ռուսաստան կը բնակէի, արդէն մասնակցած էի այս փառատօնին ղեկավարելով “Իտալիոյ Միջազգային Նուագախումբը“:
Հ.- Յայտագրի յատուկ գործերու ներկայացման գծով, որոշ գործակցութիւն գոյութիւն ունի՞ կազմակերպողին եւ հրաւիրուող արուեստագէտին միջեւ: Աւելի յստակացնելու համար, ներկայացուելիք գործերը, ո՞վ կ՛որոշէ:
Պ.- Համաձայնութեամբ կ՛ըլլայ: Այս պարագային իմ առաջարկած երկու գործերն ալ յարմար նկատուեցան:
Հ.- Իսկ խմբավարութեան գծով, գործակցած էք տեղացի թէ օտարարուեստագէտներու,“Սմոլնի“ եկեղեցւոյ երգչախումբին եւ “Քոնսթանթինովսքի“խումբին հետ: Այս գծով, կարելի՞ է յաւելեալ մանրասնութիւններ փոխանցել:
Պ.-“Սմոլնին“ ռուսական տաճար մըն է, որ համայնավարութեան ժամանակ փակուած էր ու դեռ վերաօծուած չէ ¢ աւելի կ՛օգտագործուի համերգներու համար: Ձախակողմեան խորանին վրայ եկեղեցական արարողութիւններ տեղի կ՛ունենան: Երգչախումբը այս տաճարին անուան տակ կը գործէ: “Քոնսթանթինովսքի“ նուագախումբը Ռուսիոյ նախագահի Սթ. Փիթըրզպըրկի ընդունելութեան պալատին անունով կոչուած է ¢ ան կը պատկանի փառատօնի կազմակերպութեան: Փառատօնէն դուրս ¢ տարուան ընթացքին ան պարբերաբար ելոյթներ կ՛ունենայ:
Հ.- Ղեկավարեցի՛ք դասական երաժշտութեան գեր-տպաւորիչ գործերէն մէկը` Մոցարթի“Ռեքուեմ“ը: Ի՞նչ էր ձեր տպաւորութիւնը:
Պ.-Նախ պէտք է ըսեմ, որ առաջին անգամը չէ որ կը ղեկավարեմ այս գործը: “Ռեքուիեմ“-ը կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեհանգստեան պատարագն է:1995 Ապրիլ 24-ի օրը, զայն ղեկավարած եմ Սէնթ Փիթըրզպըրկի Ֆիլհարմոնեայի մեծ դահլիճին մէջ, համերգի մը ընթացքին որ նուիրուած էր Մեծ Եղեռնի 80 ամեակին ¢ հովանաւորուած էր Սէնթ Փիթըրզպըրկի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ կողմէն: Իմ տպաւորութիւնս ինչ կրնայ ըլլալ այս գլուխ գործոցի մասին: Միայն կարելի է ըսել, որ նման ստեղծագործութիւններ երեւան կու գան ոչ թէ միայն մարդկային կարողութեամբ, այլ վերէն ներշնչումով: Եկեղեցական բառերով ըսած Սբ.Հոգիին ներգործութեամբ: Գերմարդկային երեւոյթներ կան հոն, յաճախ մարդիկ կը հարցնեն, թէ ինչպէ՞ս մարդը կրնայ նման գործեր ստեղծել: Մոցարդը անշուշտ, որ հանճար մըն էր, անկրկնելի հանճար մը: Այս գործը իր վերջինն է ¢ իրականին մէջ մահուան պատճառով Մոցարդը զայն չկրցաւ վերջացնել: Իր աշակերտն էր որ ամբողջացուց զայն անոր մահէն ետք: Այս պատճառով վերջին մասը գրեթէ կրկնութիւնն է առաջին մասին: Կ՛ըսեն, թէ երբ այս գործը յօրինելու պատուէրը ստացած է մեծ երգահանը ըսած է.“Իմ հոգեհանգիստս է որ կը գրեմ“: Վերջացնելու համար պէտք է աւելցնել, որ “Ռեքուիեմ“-ի սօփրանօ մեներգչուհին այսօրուան օփերային արուեստի աստղերէն ¢ La Scala-ի մեներգչուհի իտալուհի` Քիարա Թայիճին էր:
Հ.- -Մոցարթի “Ռեքուեմ“-ին կողքին, այլ գործ ղեկավարեցի՞ք:
Պ.- Ռուս եկեղեցւոյ արտաքին յարաբերութիւններու բաժանմունքի վարիչ Մեթրոփոլիթ Հիլարիոնը նա¢ երաժիշտ է ¢ երգահան: Իր այս վերջին հանգամանքով ան լաւ յայտնի է Ռուսիոյ մէջ: Ահա անոր վերջերս յօրինած “Stabat Mater“ գործը ղեկավարեցի համերգին առաջին մասին ընթացքին: Առաջին անգամն էր, որ ան կը հնչէր Սէնթ Փիթըրզպըրկի մէջ: Stabat Mater` Կանգնած Մայրը. խօսքը խաչելութեան ժամանակ խաչին քովը կանգնած Աստուածամօր ու անոր տառապանքի ¢ արցունքներուն մասին է: Այս մէկը դարձեալ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ծէս է, որ տեղի կ՛ունենայ Աւագ Ուրբաթ օրը:
Հ.- – Համերգը յատուկ առիթի մը նուիրուա՞ծ էր:
Պ.- Այո, ան բարեգործական համերգ էր ու նախքան համերգը ներկայացումը եղաւ ՍԷՆթ Փիթըրզպըրկի մէջ շինարարութիւնը սկսած Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցւոյ պատկանող “Բարեգործութեան Տուն“ ընկերաբժշկական ծրագրին: Ցարական Ռուսիոյ ժամանակ նման կեդրոններ գոյութիւն ունեցած են, հիմա նոյն աւանդութիւնը կը վերականգնուի: Իրականութիւնը մէջ այս համերգին մէջ հայերն ու Հայ Առաքելական Եկեղեցին, Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցին ¢ Կաթողիկէ Եկեղեցին, բոլորն ալ իրենց բաժինը ունէին: Կարեւոր ու ճիշդ ծրագրուած նախագիծ փառատօնի ղեկավարներուն կողմէն: Նման նախագիծերը կը նպաստեն նա¢ լաւ մթնոլորտ ստեղծելու համար հայերուս նկատմամբ: Ես այս կը կոչեմ Մեծ Քաղաքականութիւն, ուր ազգ մը ո՛չ թէ միայն զուտ քաղաքական քարոզչութիւն կը տանի, այլ այդ կ՛ընէ իր ունեցած ուրիշ արժէքներով. կրօնք, մշակոյթ, արուեստ….¢ այլն: Հաւատացէք, որ այս անուղղակի “քարոզչութիւնը“ աւելի խորունկ հետք կը ձգէ ու վերջ ի վերջոյ աւելի արդիւնաւէտ է:
Հ.- Յայտագրին մէջ, նկատելի է երկու այլ հայորդիներու մասնակցութիւնը` ջութակահար Մարիա Սաֆարեանցի եւ խմբավար Քոնսթանթին Օրբելեանի: Այս գծով, յաւելեալ գործակցութիւն տեղի ունեցա՞ւ:
Պ.- Մարիա Սաֆարեանցը փառատօնին գեղարուեստական ղեկավարն է, ան մեծ համբաւ ունի Ռուսիոյ մէջ որպէս ջութակահարուհի ¢ մշակութային գործիչ: Քոնսթանթին Օրբելեանը հիմնադիրը եղած է փառատօնին ¢ նախորդ ղեկավարը: Նոյն անունով անոր յայտնի հօրեղբայրը երկար տարիներ ղեկավարը եղած է Հայաստանի Էսդրատային Նուագախումբին:
Հ.- Ապագայի գծով յաւելեալ ծրագիրներ կա՞ն: Այլ խմբավարման հրաւէրներ ստացա՞ք էք:
Պ.- Յաջորդ տարի դարձեալ հրաւիրուեցայ այս փառատօնին մասնակցելու: Կան ուրիշ հրաւէրներ, որոնց յստակացումը ընթացքի մէջ է: