Լրահոս
ՐՈՏ ԱՅԼԸՆՏԻ ՈՒՈՐՈՒԻՔ ՔԱՂԱՔԸ ԿԸ ՆՇԷ ՇՈՒՇԻԻ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՔՍԱՆԱՄԵԱԿԸ
Արցախի Հանրապետութեան Ուաշինկթընի գրասենեակը, շաբաթասկիզբին յատուկ հաղորդագրութեամբ մը, կը տեղեկացնէ թէ Րոտ Այլընտ նահանգի Ուորուիք քաղաքը, պաշտօնապէս հռչակած է Մայիս 20 թուականը, իբրեւ Արցախի պատմական մայրաքաղաք Շուշիի ազադագրութեան օր:
Այս գծով, Ուորուիքի հայազգի քաղաքապետ Սքոթ Աւետիսեանը, իր յայտարարութեան մէջ կը նշէ թէ շնորհիւ հայ ազատամարտիկներու ռազմական-զինուորական կարողութեան եւ յատկապէս յաղթանակ կերտելու բերկրանքին, կարելի եղած է վերագրաւել Շուշին, որ շրջանէն ներս աշխարհագրական կարեւոր դիրք ունի:
Շուշիի քաղաքապետ Կարէն Յովակիմեան, իր կարգին, մեծ գոհունակութիւն եւ շնորհաւորական նամակ մը յղած է Ուորուիքի քաղաքապետին: